Հայկական մշակոյթին մէջ, Ս. Ծնունդը, պատմական եւ կրօնական արժէքներու կողքին, աւանդական եւ ընկերային արժէքները կենդանի պահող տօն է։ Միջագետքի երկիրներուն մէջ այս աւանդութիւնները սերունդէ-սերունդ տարբեր ձեւերով փոխանցուած են։ Մինչ Պոլսոյ հայկական տուներու մէջ կրնանք տարածաշրջանային աւանդութիւններ տեսնել, որոշ աւանդութիւններ, ցաւ ի սիրտ, ժամանակի ընթացքին մոռացութեան ենթարկուած են։
ՏԵՆՉԱ ՏԵԿԻՐՄԵՆՃԻ
Ոմանց համար Նոր տարուան գալուստը կրնայ նշանակել պարզապէս թուականի մը փոփոխութիւնը։ Բազմաթիւ հայ ընտանիքներու համար սակայն, այս ժամանակահատուածը սկիզբն է հինգ տաղաւարներէն մէկուն՝ սուրբծննդեան տօնախմբութեան, որ առիթ կ՚ընծայէ ընտանիքի անդամներուն, մեծէն մինչեւ փոքր, համախմբուելու զուարթագին ճաշասեղանի մը շուրջ։
Ամէն տարի այս շրջանին, շատեր մեզի հարց կու տան, թէ ինչո՛ւ հայերս Ս. Ծնունդը կը նշենք յունուար 6-ին։ Այս հարցումին պատասխանը իր արմատները խրած է պատմական հողի մը տակ՝ ի տարբերութիւն շատ մը այլ քրիստոնեայ յարանուանութիւններու։ Դ. դարուն, Արեւմտեան հռոմէական եկեղեցին, Յիսուսի ծնունդի նշումը փոխադրեց դեկտեմբեր 25-ին, որպէսզի քօղարկէ հեթանոսական մշակոյթէն մնացած արեւու աստուծոյ ծնունդին տօնի նշումը։ Այնուամենայնիւ, Հայ եկեղեցին, հաւատարիմ մնալով Աստուածորդիի ծնունդն ու մկրտութիւնը նոյն օրը նշելու քրիստոնէական հին ծէսերուն, չէ համակերպած այս փոփոխութեան եւ պահպանած է իր սեփական օրացոյցը։ Ուստի, յունուար 6-ը հայերուն համար կը շարունակէ խորհրդանշել Յիսուսի ծնունդն ու մկրտութիւնը։
Հայկական մշակոյթին մէջ, Ս. Ծնունդը, պատմական եւ կրօնական արժէքներու կողքին, աւանդական եւ ընկերային արժէքները կենդանի պահող տօն է։ Միջագետքի երկիրներուն մէջ այս աւանդութիւնները սերունդէ-սերունդ տարբեր ձեւերով փոխանցուած են։ Մինչ Պոլսոյ հայկական տուներու մէջ կրնանք տարածաշրջանային աւանդութիւններ տեսնել, որոշ աւանդութիւններ, ցաւ ի սիրտ, ժամանակի ընթացքին մոռացութեան ենթարկուած են։ Օրինակ, Ռոտոսթոյի հայերու սովորութիւններէն էր ամանորեան ճաշացանկին վրայ ներառել պահքի 7 ճաշատեսակներ. նախքան ճաշի սկսիլը սովորութիւն էր, որ մեծերը 7 գաւաթ օղի խմեն՝ «օխտի րախի» աւանդութեամբ. նաեւ, սովորութիւն էր, որ պղինձէ կամ արծաթէ դրամ մը պահուէր սեղան դրուած հացին մէջ եւ այդ դրամը գտնողը կը համարուէր այդ տարուան բախտաւորը։ Սասունի հայերուն մօտ սուրբծննդեան սեղանէն չէր բացակայեր «Մարիամաճաշ»-ը՝ հատիկեղէնով եւ բանճարով հարիսան։ Սիսի մէջ, փեսայի ընտանիքը հարսին ընտանիքին կ՚ուղարկէր կերակուրներու ափսէ մը, որ «սինի տօնաթմըշ» (ափսէն զարդարել) կը կոչուէր։
Ինչպէս այս աւանդութիւնները կը պարզեն, ճաշասեղանները միշտ կեդրոնական եղած են Ամանորի եւ սուրբծննդեան տօներուն։ Հայկական մշակոյթին մէջ ճաշասեղանը լոկ ուտելու վայր չէ, այլ՝ իրարու հանդիպելու, խօսելու, սէր ցուցաբերելու եւ միջսերնդային կապերը ամրապնդելու։ Ճաշասեղանի շուրջ հաւաքուիլը արժէքաւոր է մանաւանդ երէցներուն համար, նոյնիսկ պարզ օրերու ընթացքին։ Մշակութային յատկանշական տօներուն, սեղանի շուրջ հաւաքուելու աւանդութիւնը ա՛լ աւելի կարեւոր նշանակութիւն ունի։ Սեղանի շուրջ հաւաքուած ընտանիքի անդամները, դրացիները եւ բարեկամները նոյն արժէքները կը կարեւորեն եւ յիշատակներ կը հիւսեն։ Այս պահերուն ընթացքին է, որ անցեալի պատմութիւնները, ընտանեկան յիշողութիւնները եւ մշակութային արժէքները կը փոխանցուին սերունդէ-սերունդ։
Սուրբծննդեան տօնակատարութեան մեզի փոխանցուած մեր մեծերուն յիշատակները մեզի կը բերեն անցեալի կենդանի վկայութիւնները։ Այս ճաշասեղաններու շուրջ ձեւաւորուած կապերը կը ստեղծեն ժառանգութիւն մը, որ կ՚ազդէ ոչ միայն տուեալ պահին, այլեւ՝ ընտանիքի ապագայ սերունդներուն վրայ։
Կարծիքովս, յատկապէս սփիւռքահայերուն համար, սուրբծննդեան տօնը, այլ տօներու շարքին, մշակութային ինքնութիւնը վառ պահելու ուժեղ միջոցներէն մէկն է։ Տօներու առիթով ընկերութիւններու քով-քովի գալը, Նոր տարին ու Ս. Ծնունդը նման ծէսերով եւ տօնակատարութիւններով դիմաւորելը, աշխարհի վրայ ո՛ւր ալ գտնուինք, միասին յիշատակներ ստեղծելը մեզի կու տան միասնութեան եւ ուժի գիտակցութիւն։
Այլ խօսքով, ամանորեան եւ սուրբծննդեան տօնակատարութիւնները ո՛չ միայն աւանդական տօներ են, այլեւ՝ առիթներ՝ յիշելու կեանքի եռուզեռին մէջ մոռացութեան ենթարկուած արժէքները։ Մեր սեղաններուն վրայ մեր զետեղած ճաշերը կ՚արտացոլան աշխատանք, պատմութիւն եւ մշակոյթ։ Տարուան վերջին օրերուն, յիշելով անցեալը՝ նորոգենք ապագայի նկատմամբ մեր յոյսերը։ Կը մաղթեմ, որ տօներու ընթացքին ստեղծուած յիշողութիւնները շարունակեն արժէքաւոր ժառանգութիւն կտակել մեր ապագայի սերունդներուն։ Յոյսով եմ, որ Նոր տարուան ժամանումով բոլորս կ՚ունենանք սիրելիներու հետ սեղանի շուրջ հաւաքուած ըլլալու եւ իմաստալից արժէքներով պարուրուած ըլլալու առիթը։ Շնորհաւոր Ս. Ծնունդ եւ յոյսով լի Նոր տարի։
(Թարգմանութիւն՝ Արազ Գոճայեանի)