Միջերկրական ծովու արեւելեան հատուածին մէջ կղզի մըն է Կիպրոս։ Օժտուած է բազում յատկանիշներով։ Պատմութեան ընթացքին կռուախնձոր եղած է զանազան պետութիւններու եւ անոնց հաշւոյնի գործող ծովահէններու համար։ Այդ բոլորէն արդի ժամանակներուն մնացած է բազմամշակութային բնակչութիւնով կղզի մը, որ վերջին 50 տարիներուն զրկուած է իր ամբողջականութենէն։ Վերեւ նշուած կռուախնձորի համապատասխան կերպով ան որոշ ժամանակ եղած է նաեւ անգիլական կայսերապաշտութեան գաղութներէն մէկը։ Հայոց պատմութեան առումով ալ հարուստ անցեալ մը ունի Կիպրոսը։ Մանաւանդ մեծ եղեռնէն ետք հայաշխարհի տարբեր վայրերէն եկած գաղթականներ ապաստանած են հոն եւ նոր կեանք կառուցած։ Նախքան անգլիական տիրապետութիւնը, Օսմանեան Կայսրութիւնը եւս նուաճած է ծովային արեւտուրի համար մեծ նշանակութիւն ունեցող այս կղզին։
Յունաստանի իշխանութիւնները ձգտած են այս կղզին իրենց երկրի մասնիկը դարձնել։ Նոյն ցանկութիւնով լցուած են նաեւ թէ՛ կայսերական եւ թէ հանրապետական Թուրքիոյ իշանութիւնները։ Վերջապէս գտնուած է հաւասարակշռեալ լուծում մը եւ 1960-ին Կիպրոս իբրեւ անկախ պետութիւն անդամակցած է ՄԱԿ-ի։ Սակայն թէ յունաց եւ թէ թուրքերու կղզիի տիրանալու ցանկութիւնը չէր յագեցած։ Նոյնիսկ թուրքերը յօժարած էին կղզին կիսելու գաղափարին։
Մինչ այդ Կիպրոսի անմոռանալի նախագահ Արքեպիսկոպոս Մաքարիոս Հիւսիս Ատլանտեան եւ Վարշաւեան դաշինքներու միջոցաւ երկու բեւեռներու բաժանուած համաշխարհային քաղաքականութեան փոխարէն կը գլխաւորէր երրորդ տարբերակ մը գոյացնող այլընտրանքային դիրքորոշում։
Կղզիի այդ փառքի տարիները ընդհատուեցան 1974-ին, երբ Յունաստանի մէջ զինուրական հարուածով մը իշխանութիւնը նուաճած գնդապետներու ոհմակը իր գործիչի՝ Նիքոս Սամսոնի միջոցաւ բռնի իշխանափոխութիւն կիրարկեց, տապալելով Արքեպիսկոպոս Մաքարիոսը։ Այս զարգացումի իբրեւ հակազդեցութիւն Թուրքիա զօրք ուղարկելով նուաճեց կղզիի հիւսիսային հատուածը։ Աւելին՝ Ընդամէնը մէկ տարի անց յայտարարեց նոր պետութեան մը հիմնադրումը՝ Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութիւն կոչումով։
Թուրքիան նոյնիսկ մերժեց ճանչնալ Կիպրոսի պետականութիւնը եւ այդ աշխարհագրական հատուածն ալ կոչեց Հարաւային Կիպրոսի Յունական Վարչութիւն։ Այս քայլով թրքական դիւանագիտութիւնը ասպարէզ կը կարդար համաշխարհային բոլոր կառոյցներու եւ մանաւանդ ԵՄ-ի, քանի որ Կիպրոս այդ միութեան լիիրաւ անդամ է։
Այսօր թրքական դիւանագիտութիւնը անգամ մը եւս ընդվզում կը յայտնէ Կեդրոնական Ասիոյ երեք հանրապետութիւններուն Կիպրոսի հետ դիւանագիտական կապեր հաստատելուն դէմ։ Որքան զարմանալի է որ Թուրքիա այս անընդունելի ռազմավարութիւնը կը գործադրէ եւ երկրէ ներս առարկող ոչ մէկ ձայն կը լսուի։ Ոչ մէկ ընդդիմադիր կուսակցութիւն կը փորձէ քննադատել այս ռազմավարութիւնը, որ ի վերջոյ երկիրը կը տանի տրամաբանութեան չափանիշներէ շատ հեռուներ։
Այս առումով կիպրական խնդիրը վառ ապացոյց մըն է թրքական աւանդական քաղաքականութիւնը ըմբռնելու համար։