«Գայ գեղեցիկ օր մը, որ սփիւռքն ու Հայաստանը ունենան ճանապարհ մը»

ՄԱՐԻ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

«Արամ Խա­չատ­րեան» հա­մեր­գասրա­հը Երե­ւանի ճար­տա­րապե­տական հո­յակերտ կո­թող­նե­րէն է եւ մայ­րա­քաղա­քի մշա­կու­թա­յին խորհրդա­նիշե­րէն մէ­կը։ Հայ մե­ծանուն ճար­տա­րապետ Ալեք­սանդր Թա­մանեանը ի սկզբա­նէ ան նա­խագ­ծած է ձմե­ռային եւ ամա­ռային դահ­լիճնե­րու տես­քով։

Շի­նու­թեան նա­խագի­ծը եւ մա­քեթը 1937 թո­ւին ներ­կա­յացո­ւած են Փա­րիզի հա­մաշ­խարհա­յին ցու­ցա­հան­դէ­սին եւ ար­ժա­նացած գլխա­ւոր մրցա­նակի։ Ցա­ւօք, թեխ­նի­քական խնդիր­նե­րը եւ առ­կայ պայ­մաննե­րը, ինչպէս նաեւ 1936 թո­ւին Թա­մանեանի անսպա­սելի մա­հը կան­խած են նա­խագ­ծի լիար­ժէք իրա­կանա­ցու­մը։

Հա­մաշ­խարհա­յին Բ. պա­տերազ­մի աւար­տէն ետք շէն­քի կա­ռուցման պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւնը յանձն առած է ճար­տա­րապե­տի որ­դին՝ Գէորգ Թա­մանեանը։ Հա­մեր­գասրա­հը առա­ջին ան­գամ իր դռնե­րը բա­ցած է 1953 թո­ւի Մա­յիսի 17-ին, որ­պէս «Հայ­ֆիլհար­մո­նիայի» մեծ դահ­լիճ։

1979թո­ւին Հայ­կա­կան Խորհրդա­յին Հան­րա­պետու­թեան Նա­խարար­նե­րու խոր­հուրդը որո­շած է հայ անո­ւանի եր­գա­հան, խմբա­վար, ման­կա­վարժ Արամ Խա­չատ­րեանի յի­շատա­կը յա­ւէր­ժացնե­լու նպա­տակով անոր անու­նը շնոր­հած Հայ ֆիլ­հարմո­նիայի մեծ հա­մեր­գասրա­հին։

Շէն­քը լիովին վե­րակա­ռու­ցո­ւած եւ նորո­գո­ւած է 1981-1983 թո­ւական­նե­րուն։ Դահ­լի­ճի ներ­քին ձե­ւաւո­րու­մը նկա­րազար­դուած է հայ­կա­կան զար­դա­նախ­շե­րով եւ խո­րաքան­դակնե­րով։

Հա­մեր­գասրա­հի առ­ջե­ւը կը գտնո­ւի Արամ Խա­չատ­րեանի ար­ձա­նը (հե­ղինակ՝ Յու­րի Պետ­րո­սեան), որ տե­ղադ­րո­ւած է 1999 թո­ւակա­նին Յու­նի­սի 6-ին՝ մեծ յօ­րինո­ղի ծննդեան առի­թով։

«Ակօս»-ի թղթա­կից Մա­րի Յով­հաննի­սեանը զրու­ցած է Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին ֆիլ­հարմո­նիկ նո­ւագա­խումբի եւ ‹‹Արամ Խա­չատ­րեան›› հա­մեր­գասրահ տնօ­րէն տիար Նո­րայր Նա­զարեանի հետ կա­տարուած աշ­խա­տանքնե­րու եւ յա­ռաջի­կային կա­յանա­լիք կա­րեւոր երաժշտա­կան իրա­դար­ձութիւննե­րու շուրջ։

Դուք ստանձնած էք «Արամ Խա­չատ­րեան» հա­մեր­գասրա­հի եւ Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին ֆիլ­հարմո­նիկ նո­ւագախմբի տնօ­րէնի պաշ­տօ­նը 2021 թո­ւակա­նին։ Ի՞նչեր եղած է ձեր տնօ­րինու­թեան ըն­թացքին։

Շուրջ երեք տա­րի է, որ կը ղե­կավա­րեմ այս կա­ռոյ­ցը։ Այս երեք տա­րինե­րու ըն­թացքին բա­ւակա­նին բարդ, ծան­րա­բեռ­նո­ւած աշ­խա­տանքներ իրա­կան­ցուցած եմ մաս­նա­ւորա­պէս՝ շէն­քի պայ­մաննե­րու առու­մով։ Ինչպէս բո­լորը ակա­նատես են՝ հա­մեր­գասրա­հը նոր շունչ ստա­ցած է ներ­քին յար­դա­րան­քի հիմ­նա­ւոր փո­փոխու­թիւնով։ Հիմ­նո­վին վե­րանո­րոգո­ւած, անհրա­ժեշ­տութեան դէպ­քին պատ­րաստո­ւած են դահ­լի­ճի բազ­կա­թոռ­նե­րը, որոնց ընդհա­նուր թի­ւը այժմ 1374 է՝ նախ­կին 1332-ի փո­խարէն։ Վե­րանո­րոգո­ւած եւ վե­րականգնուած են բո­լոր ջա­հերը, ճե­մաս­րա­հին աւե­լացո­ւած են նո­րերը եւ բո­լոր ջա­հերը պա­տուած են թեր­թա­ւոր ոս­կիով (վա­րակ)։ Իրա­կանա­ցուած է ճե­մաս­րա­հի առա­ջինին եւ երկրորդ յար­կե­րու, թա­տերա­հար­թա­կի, բեմ-պար­տե­րի հա­տուած­նե­րու հիմ­նա­նորո­գու­մը։ Սանհան­գոյցնե­րու վե­րանո­րոգ­ման աշ­խա­տանքներն իրա­կանա­ցուած են Ֆասթ Պան­կի աջակ­ցութեամբ։ «Հա­յաս­տան» հա­մահայ­կա­կան հիմ­նադրա­մի աջակ­ցութեամբ տե­ղադ­րո­ւած է նոր վե­րելակ։ Ամ­բողջու­թեամբ վե­րանո­րոգո­ւած, փո­խարի­նուած եւ աւել­ցո­ւած են օդա­տարե­րը։ Նոյ­նը կը վե­րաբե­րի նաեւ շէն­քի վար­չա­կան մա­սին։ Ձե­ւափո­խուած են աշ­խա­տասե­նեակ­նե­րը ու ծա­ռայո­ղական մուտքը։ Ստեղ­ծո­ւած է նաեւ մին­չեւ 150 հան­դի­սատե­սի հա­մար նա­խատե­սուած փոքր կա­մերա­յին հա­մեր­գասրահ, որ կը ծա­ռայէ նաեւ խորհրդա­ժողով­ներ, բարձրա­կարգ ընթրիք­ներ կազ­մա­կեր­պե­լու նպա­տակին։ Ան­շուշտ՝ մին­չեւ իմ տնօ­րէն ըլ­լա­լը եղած են բա­ւակա­նին աշ­խա­տանքներ եւ այդ ան­վի­ճելի փաստ է։ Անոր հետ մէկ­տեղ՝ նախ­կի­նին առ­կայ էին խնդիր­ներ, որոնք այժմ լու­ծո­ւած են։ Յա­ւելեմ՝ հիմ­նա­նորոգ­ման աշ­խա­տանքնե­րու մի մա­սը դե­ռեւս ըն­թացքի մէջ են, չեն ան­տե­սուած նաեւ հա­մեր­գասրա­հի թեխ­նի­քական վե­րազի­նու­մը, որը ժա­մանա­կի ըն­թացքին կ՚ամ­բողջա­ցուի։ Պէտք է նշեմ կա­րեւոր բան մը եւս՝ մին­չեւ տա­րեվերջ յա­ւանա­բար Կրդու­թեան Գի­տու­թեան Մշա­կոյ­թի Սփոր­թի Նա­խարա­րու­թե­նէն կը ստա­նանք պե­տական աջակ­ցութիւն ժա­մանա­կակից ձայ­նա­յին հա­մակարգ ձեռք բե­րու­լու հա­մար։ Եւ մենք այ­սօր վստահ կրնանք բարձրա­ձայ­նել, որ կա­րող ենք հիւ­րընկա­լել ամե­նաբարձր մա­կար­դա­կի նո­ւագախմբեր, երգչա­խումբե­ր ու մե­նակա­տար­ներ։ Յատ­կանշա­կան է, որ հիմ­նա­նորոգ­ման ըն­թացքին աշ­խա­տանքներն այնքան կազ­մա­կեր­պո­ւած ըն­թա­ցած են, որ ‹‹Արամ Խա­չատ­րեան›› հա­մեր­գասրա­հը հան­դի­սատե­սի առ­ջեւ ոչ մի օր իր դռնե­րը չէ փա­կած. զու­գա­հեռ կա­յացած են թէ՛ Ազ­գա­յին ֆիլ­հարմո­նիկ նո­ւագախմբի, թէ՛ այլ երաժշտախմբե­րու եւ ան­հատնե­րու հա­մերգնե­րը։ Ի վեր­ջոյ՝ կը ցան­կա­նանք հաս­նիլ անոր, որ աշ­խարհի մե­ծագոյն հա­մեր­գասրահ­նե­րու պէս Հա­յաս­տա­նի թիւ մէկ հա­մեր­գասրա­հը հաս­նի այն մա­կար­դա­կի, որ ունկնդի­րը պա­տիւ հա­մարէ այս շէն­քին գտնո­ւիլ եւ վա­յելէ իւ­րա­քան­չիւր հա­մերգ, որուն ներ­կայ կը գտնո­ւի։

Ծրագ­րե­րէն խօ­սինք։

Ծրագ­րե­րու առու­մով հա­մագոր­ծակցու­թեան եզ­րեր կը փոր­ձենք գտնել տար­բեր երաժշտախմբե­րու եւ ան­հատ երա­ժիշտնե­րու հետ։ Մենք պատ­րաստ ենք հա­մագոր­ծակցիլ հա­մեր­գասրա­հին ար­ժա­նի ցան­կա­ցած ծրագ­րի շուրջ։ Ինչպէս գի­տենք՝ այս տա­րի կը լրա­նայ Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին ֆիլ­հարմո­նիկ նո­ւագախմբի 100-ամեակը։ Նո­ւագախմբի գե­ղարո­ւես­տա­կան ղե­կավար եւ գլխա­ւոր դի­րիժոր Էդո­ւարդ Թոփ­չեանի հետ հա­մատեղ շատ յա­ւակ­նոտ ծրագ­րեր կազ­մած ենք։ ՀՀ կա­ռավա­րու­թիւնը առանձնա­յատուկ մօ­տեցում դրսե­ւորած է Ֆիլ­հարմո­նիկի 100-ամեակի յո­բելեանա­կան մի­ջոցա­ռումնե­րու պատ­շաճ կազ­մա­կերպմա­նը, որու նպա­տակով կազ­մա­ւորուած է յո­բելեանա­կան յանձնա­ժողով։ Յու­սով ենք, բո­լոր ծրագ­րե­րը յա­ջողու­թեամբ կը պսա­կուին։

Օրերս նո­ւագա­խումբը վե­րադար­ձաւ Մար­տի 25-ին Փա­րիզէն՝ UNESCO-ի կեդ­րո­նակա­յանին տե­ղի ու­նե­ցած կա­լա-հա­մեր­գէն՝ նո­ւիրո­ւած շան­սո­նի եւ երաժշտա­րուես­տի հա­մաշ­խարհա­յին լե­գենդ, ՈՒ­ՆԵՍԿՕ-ի ՀՀ դես­պան Շառլ Ազ­նա­ւու­րի ծննդեան 100-ամեակի յո­բելեանին։ Այս նշա­նակա­լից իրա­դար­ձութեամբ մեկ­նարկեց Ֆիլ­հարմո­նիկի 100-ամեակի յո­բելեանա­կան հա­մերգնե­րու շար­քը, որուն մա­սին հա­մեր­գէն առաջ իր ող­ջոյնի խօս­քին նշեց ՀՀ ԿԳՄՍ նա­խարա­րի տե­ղակալ Դա­նիէլ Դա­նիէլեանը։ Յո­բելեանա­կան գլխա­ւոր հա­մեր­գը կը կա­յանայ ‹‹Արամ Խա­չատ­րեան›› հա­մեր­գասրա­հին, Մա­յիսի 14-ին՝ ֆե­նոմե­նալ դաշ­նա­կահար, հա­մաշ­խարհա­յին առա­ջին մե­ծու­թեան աստղ Յու­ջա Վան­գի մաս­նակցու­թեամբ։

Մենք իհար­կէ նախ­կի­նէն ալ հա­մագոր­ծակցած ենք մե­ծանուն, ան­գամ լե­գեն­դար ար­տիստնե­րու հետ, ինչպի­սիք են Պլա­սիդօ Տո­մին­քօն, Պին­խաս Ցու­կերմա­նը, Ավ­գուստին Հա­դելի­խը, Ճո­շուա Պել­լը, Մի­խայիլ Պլետնյո­վը, ցան­կը եր­կար կա­րող եմ շա­րու­նա­կել։ Այս տա­րի նոյնպէս հա­մաշ­խարհա­յին առա­ջին մե­ծու­թեան աստղե­րու պա­կաս չըլ­լար։ Նման բարձրա­կարգ ար­տիստնե­րու կող­մէն դրո­ւած պայ­մաննե­րը ապա­հովե­լը նշա­նակա­լից ձեռքբե­րում է։

Բա­ցի ֆիլ­հարմո­նիկ եւ սիմ­ֆո­նիկ նո­ւագա­խումբե­րէն, այստեղ նաեւ այլ հա­մերգներ ալ տե­ղի կ՚ու­նե­նան։ Անոնց որա­կը կը հա­մապա­տաս­խա­նէ՞ ար­դեօք հա­մեր­գասրա­հի չա­փանիշ­նե­րուն։

Շատ լաւ հարց բարձրա­ցու­ցիք։ Ան­շուշտ մեր առաջ­նա­հեր­թութիւննե­րու մէջ կը մտնէ որա­կը։ Ցան­կա­ցած հա­մերգ կամ մի­ջոցա­ռում պէտք է հա­մապա­տաս­խա­նէ Արամ Խա­չատ­րեան հա­մեր­գասրա­հի չա­փորո­շիչ­նե­րուն։ Դահ­լի­ճի հե­ղինա­կու­թիւնը առաջ­նա­հերթ է։

Հա­մեր­գասրա­հը ու­նի հա­րուստ պատ­մութիւն։ Հան­դի­սատե­սը, մար­դիկ ինչպէ՞ս կրնան ծա­նօթա­նալ այդ պատ­մութեան՝ ցու­ցադրու­թիւններ, գիր­քեր կա՞ն։

Հի­մա ճե­մաս­րա­հին կը ցու­ցադրո­ւին նմուշներ Ֆիլ­հարմո­նիկի ար­խի­ւէն՝ պատ­մա­կան լու­սանկար­ներ, փաս­տա­թուղթեր, հա­մեր­գա­յին պաս­տառներ, որոնք կը վե­րաբե­րին Արամ Խա­չատ­րեան հա­մեր­գասրա­հին ու նո­ւագա­խումբին։ Ի դէպ՝ վեր­ջին 20-30 տա­րինե­րու տա­րեգիր­քը կը պատ­րաստենք հրա­տարա­կել, որ­տեղ նշուելու է, թէ ինչ հա­մերգներ ու ծրագ­րեր են իրա­կանա­ցուած այդ ժա­մանա­կահա­տուա­ծին։ Ան­շուշտ՝ յա­ռաջի­կային կ՚ու­նե­նանք առիթ­ներ, որոնց վե­րաբե­րեալ կը կա­րողա­նանք թե­մատիկ ցու­ցադրու­թիւններ իրա­կանաց­նել։

2025 թո­ւակա­նը յո­բելեանա­կան է։ Ազ­գա­յին ֆիլ­հարմո­նիկ նո­ւագա­խումբի 100-ամեակը նշո­ւելու է։ Ի՞նչ է նա­խատե­սուած։

Ամ­բողջ տա­րուայ ըն­թացքին կա­յանա­լիք հա­մերգնե­րը կ՚անցնին նո­ւագախմբի 100-ամեակի խո­րագ­րի ներ­քոյ։ Ու­նե­նալու ենք մար­զա­յին հա­մերգներ։ Նո­ւագա­խումբի հետ միասին հա­յազ­գի յայտնի ջու­թա­կահար Սեր­կէյ Խա­չատ­րեանը, որ­պէս մե­նակա­տար, հան­դէս կու գայ ելոյթնե­րով։ Աս­կէ զատ՝ ու­նինք ար­տա­սահ­մա­նեան հիւ­րա­խաղեր։ Այս պա­հուն մի քա­նիսը հաս­տա­տուած են՝ մաս­նա­ւորա­պէս Նո­յեմ­բեր ամ­սուն կը վե­րադառ­նանք ԱՄՆ՝ Պոս­թո­նի սիմ­ֆո­նիկ հա­մեր­գասրահ եւ Լոս Ան­ճէ­լըսի Ուոլտ Տիս­նէյ հա­մեր­գասրահ։ Նո­ւագա­խումբը նախ­կի­նին մեծ յա­ջողու­թեամբ հա­մերգներ ու­նե­ցած է այս եր­կու հե­ղինա­կավար հա­մեր­գասրահ­նե­րուն եւ ար­ժա­նացած հան­դի­սատե­սի ու երաժշտաքննա­դատ­նե­րու բարձր գնա­հատա­կանին։ Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին ֆիլ­հարմո­նիկ նո­ւագա­խումբը այ­սօր մի­ջազ­գա­յին բարձր մա­կար­դա­կով կը ներ­կա­յաց­նէ Հա­յաս­տա­նը ամե­նուր։

Մեր աւան­դա­կան հար­ցը. Ի՞նչ կը մաղ­թէք «Ակօս»-ի ըն­թերցո­ղին։

Նախ «Ակօս»ին կը մաղ­թեմ աւե­լի շատ ըն­թերցող­ներ։ Կը կար­ծեմ, որ բո­լորիս հա­մար դժո­ւարին ժա­մանակ­ներ են։ Այ­դո­ւամե­նայ­նիւ՝ կը ցան­կա­նամ՝ գայ մի գե­ղեցիկ օր, որ սփիւռքն ու Հա­յաս­տա­նը ու­նե­նան ճա­նապարհ մը, եւ այդ ճա­նապար­հը ըլ­լայ յա­նուն Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ