ՄՇԱԿՈՅԹ ԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏ
Ե. Օտեան եւ Յ. Պարոնեան՝ Պողազիչի Համալսարանին Մէջ
Պողազիչի Համալսարանի Թատերախումբը՝ «Գիշեր Մը Փերայի Մէջ» խորագրուած թատերական գործով պիտի ներկայանայ հանդիսատեսին։
Հրանդ Տինք Հիմնարկէն կոչ թեկնածութեան
Հրանդ Տինք Հիմնարկը ինչպէս նախորդ տարիներ այս տարի ալ կոչ կ՚ուղղէ համացանցի եւ մամուլի միջոցաւ բոլոր անոնց, որոնք պիտի կարենան թեկնածուներ առաջարկել միջազգային Հրանդ Տինք Մրցանակի համար։ Հիմնարկի այս նախաձեռնութեան շնորհիւ Իսթանպուլի տարեկան տոմարին մէջ նշուած օր մը դարձաւ 15 Սեպտեմբերը՝ Հրանդ Տինքի ծննդեան օրը։
Մերի Մունին նկարները «Մամութ» արուեստի նախագիծով
«Ակօս»ի ընթերցողներուն ծանօթ գեղանկարիչ Մերի Մուն կը ներկայանայ իր ստեղծագործութիւններով
Արեւավիշապ- 2015
Մարտի 19-ից մինչեւ Ապրիլի 1-ը Երեւանի Նկարիչների Տանը անցնում է Արեւավիշապ միջազգային գրաֆիկական հումորի փառատօնը, որն արդէն 3 տարեկան է։ 2013-ին Արեւավիշապի թեման գիրքն էր, քանզի Հայաստանը նշում էր հայ գրատպութեան 500-ամեակը։
24 Ապրիլի համար երկու համերգ
Ցեղասպանութեան 100 ամեակի տարելիցին առթիւ Տիյարպէքիրի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ համերգ մը տեղի պիտի ունենայ։ Ռաֆֆի Պետրոսեանի դաշնամուրային մենահամերգը, 23 Ապրիլ, Հինգշաբթի օրը, ժամը 19.00-ին պիտի սկսի։ Համերգէն առաջ, ժամը 18.30-ին ցեղասպանութեան զոհ 1.5 միլիոն հայ նահատակներուն յիշատակին մոմավառութիւն մը տեղի պիտի ունենայ։
Արմեն Մեհրաբեանը Հայաստանի իրականութեան մէջ
Ամէն թռչուն թեւեր ունի եւ կարող է չուել տաք Եգիպտոս, բայց ճանապարհը գիտի միայն երամը։ Թռչուններից կազմուած երամը դառնում է մի մարմին եւ ձեռք է բերում այն բնազդը, որն օգնում է գտնել ճանապարհը դէպի Եգիպտոս։ Այդ բնազդը գործում է միայն այն դէպքում, երբ թռչունները երամի մէջ են միաւորւում։ Եթէ նրանք թռացրիւ լինեն, ապա բնազդը կ՚անհետանայ եւ թռչունները վայր կ՚ընկնեն անկենդան։ Չուելու ընթացքում ամէն թռչուն տրւում է երամին, դառնալով նրա մասնիկը… Գեղեցիկ է, այնպէս չէ։ Հրանդ Մատթէոսեանի խոհերից է։ Մեր ազգի մասին չէ, անշուշտ։ 100 տարուայ մէջ երամ չկազմեցինք, տաղանդաւոր անհատները, որոնք կան ամէն բնագաւառում, մնացին անպահանջ ու առանձին, նրանց տաղանդը չծառայեց ազգին եւ պետականաշինութեանը։
Մօտա՝ ներկայացումի մը առիթով
Կը զգաս գաղութը, իր ամբողջ ուժով ու ներուժով ու ինքնութեամբ- մինքնութեամբ։ Եկած են մարդիկը, ահա հոս են բոլորը, նոյնքան կենդանի որքան մերինները, նոյնքան բամբասող, նոյնքան հագուած շքուած, նոյնքան մրցակցային։
Հարցազրոյց Արփի Աթաբեկեանի հետ
Անտարես-ը հրատարակած է թրքերէնէ թարգմանուած երեք գիրքեր, Ահմէտ Համտի Թանփընար-ի «Խաղաղութիւն», Էլիֆ Շաֆաքի «Իսթանպուլի Բիճը» եւ Օրհան Փամուքի «Իմ անունը կարմիր է» գիրքերը։ Երեք գիրքերուն ալ թարգմանիչը Արփի Աթաբեկեանն է։ Արփիին հետ կը խօսինք այս թարգմանութիւններուն մասին, անոնց գրականութեան, այս գրականութեան հայաստանցի ընթերցողին ներկայացման, եւ ընդհանրապէս Հայ-Թուրքի իրականութեան գրական երեսակին շուրջ։
Տիգրանակերտն ու մանանան
Ըստ Աստուածաշունչի զրոյցի մը, սպիտակ, մեղրահամ նիւթ մըն է մանանան, որ ամէն առաւօտ առատութեամբ երկինքէն կ՚իջնէր Սինա անապատի բոյսերուն վրայ, որով կը սնանէին Իսրայէլացիները, Մովսէսի Եգիպտոսէն գաղթի ժամանակ։
Հարցազրոյց Անտարեսի հետ
Արդի Հայաստանեան գիրքի աշխարհի ամենէն երեւելի կառոյցներէն մէկն է Անտարես հրատարակչութիւնը։ Ան կը թարգմանէ ու նաեւ յատուկ տեղ կու տայ թրքական արդիական գրականութեան, զոր թարգմանելով կը նպատակադրէ վերաիմաստաւորել Թրքա-Հայկական իրականութիւնը։ Այս առթիւ հարցազրոյց մը կատարեցինք Անտարես հրատարակչութեան վարիչ Արմեն Մարտիտոսեանի հետ, զոր կու տանք ստորեւ.