Ցեղասպանութեան 100 ամեակի տարելիցին առթիւ Տիյարպէքիրի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ համերգ մը տեղի պիտի ունենայ։ Ռաֆֆի Պետրոսեանի դաշնամուրային մենահամերգը, 23 Ապրիլ, Հինգշաբթի օրը, ժամը 19.00-ին պիտի սկսի։ Համերգէն առաջ, ժամը 18.30-ին ցեղասպանութեան զոհ 1.5 միլիոն հայ նահատակներուն յիշատակին մոմավառութիւն մը տեղի պիտի ունենայ։

Ինչպէս նաեւ համերգ մը պիտի կազմակերպուի «Անատոլու Քիւլթիւր» եւ «Քալան Միւզիք» կազմակերպութիւններու համագործակցութեամբ՝ «Ին Մեմորիամ 24 Նիսան» (Ի յիշատակ 24 Ապրիլ), Իսթանպուլ Համագումարներու Կեդրոնին մէջ 24 Ապրիլ, Չորեքշաբթի օրը, ժամը 20.30-ին։ Համերգին մաս կը կազմեն՝ Քարտեշ Թիւրքիւլէր, Էրթան Թէքին, Յասմիկ Յարութիւնեան, Կարինէ Յովհաննիսեան, Էրքան Օղուր, Արա Տինքճեան, Օննիկ Տինքճեան, Հայկ Եազըճեան, Շահան Արծրունի, Էրման Իմայհան, Այլին Խաչատուրեան, Հէննինկ Շմիթ, Հայկ Սարըգույումճեան, Գագիկ Մուրատեան, Տէյվիտ Մայորալ եւ Ժորտի Սաւալ։ Իսկ Զիւլֆիւ Լիվանելիի «Հոմըճ թու Կոմիտաս» (Յարգանք Կոմիտասին) ստեղծագործութիւնը առաջին անգամ ըլլալով այս գիշեր է, որ պիտի ներկայացուի։ Գիշերուան ընթացքին, նաեւ տեղ պիտի գրաւեն ընթերցումներ հայ գրողներու եւ բանաստեղծներու գործերէն։ «Ին Մեմորիամ 24 Նիսան» համերգը տեղի կ՚ունենայ «Անատոլու Քիւլթիւր» եւ «Քալան Միւզիք»-ի համագործակցութեամբ, աջակցութեամբ Գալուստ Կիւլպենկեան հիմնարկի, «Ֆինէքօ»-ի եւ «Փրոժէքթ 2015»-ի։ Համերգի տոմսակները կարելի է ապահովել «Պիլեթիքս» տոմսավաճառէն։