Թեթեւ բառ մը
Լուսաւոր երկու շաբաթ մը անցուցինք. խոր վիշտերէ եւ խոր վէրքերէ տառապած բանաստեղծներու ձայնը լսեցինք, որոնք կու գային հայկական գրականութեան խոր վիհերէն։ Ապա ես ցանկացայ մեղմօրէն սահիլ հայկական քնարերգութեան ամայի դաշտերու վրայ։ Հանդիպեցայ «փրփուր» բառին։ Արձակ էր ան, թեթեւ, քնքշօրէն կը պարէր օրօրող հովերու հետ։ Այդ անրջային պահուն մտածեցի, թէ այդ բառը, թէեւ աննշան եւ սակաւակեաց՝ կրնար մնայուն յիշատակութիւններ թողած ըլլալ։ Բանաստեղծ մը անոր նուրբ թաղանթի վրայ, մտածեցի, միթէ՞ չտեսաւ ծիածանի եօթը գոյները։ Տաղասաց մը սիրավառ՝ չհալածե՞ց փրփուր մը իր սէրը որոնելու յոյսով… Ես ալ, միամիտ տղայ, տեսայ փրփուր մը՝ հետեւեցի զայն։ Ան զիս տարաւ գրական բուրաստաններ եւ բուրումնաւէտ մրգաստաններ։ Ուստի, յարգելի ընթերցող, կ’առաջարկեմ, որ դուք, գիշերային այս անդորր ժամուն նախ մտէք խոհանոց, ձեզի համար պատրաստեցէք փրփրադէզ սուրճ մը, ապա օդապարար փրփրուրի թեթեւ պատմութիւնը ընթերցէք։ Իսկ երբ գրական այս ճանապարհորդութիւնը հասնի իր աւարտին՝ չըլլայ, թէ ան ցնդի փրփուրի մը նման, այլ պահէ իր արժէքը։
Ծիրանագոյն փրփուրներ
Այսօր հանդիպեցայ մեր առաջին երեք փրփրասէր գրիչներուն. առաջինը պատերազմի ականատես գրագիր մըն էր, երկրորդը՝ հայրենի Կարին քաղաքէն հալածուած պատմիչ մը, իսկ երրորդը՝ փրփրալից Վանայ ծովը վայելած ազնուական մը։ Անոնք հեղինակեցին «փրփուր» բառի հնագոյն քնարական արտայայտութիւնները: Նախ մտաբերեմ Աւարայրի ճակատամարտի ականատես Եղիշէի խօսքը, «Բարձրադէզ փրփուրն սպառեցաւ», երկրորդը՝ տարագիր պատմիչ Լաստիվերցիի գրական պատկերը, «Փրփրադէզ կուտակ», իսկ երրորդը՝ Վանայ Ծովու տանուտէր Թովմա Արծրունիի նկարագրած ալիքները. «Զալիս ծովու դիզեալ կուտմամբ փրփրեալ ծիրանագոյն արիւնանման»։
Թիմուրի աւերիչ փրփուրը
1389 թուականին հուրի եւ սուրի նոր ալիք մը կը հալածէր Հայաստանը։ Սարսափի այդ օրերուն Ախթամարի խաղաղ վանքի մէջ Կարապետ անուն գրիչ մը իր խուցի լուսամուտէն տեսաւ ծովու ափին կատարուած անօրէնութիւնները։ Սիրտը խռոված, դառնացած, ան գրի առաւ «Վասն գալոյ Լանկ-Թամուրին բազում զօրօք եւ հեծելովք, որ կոտորեաց զամենեսեան» անուն գիրքի յիշատակարանը։ Կարապետ գրիչը իր դողդոջ ձեռքով գրեց, թէ Թիմուրի բանակը կը կատարէր բռնութիւն, կը գրաւէր բերդեր, կը խորտակէր քաղաքներու երկաթ դուռերը, երկրի մէջ կը բարձրանար աղաղակ, անոնք կը յարձակէին ամէն կողմէն՝ «…որպէս կատաղած ծովու փրփրադէզ կոխակ»։ Փրփուր էր Թիմուրը. աւրեց ու անցաւ…:
Բիւր փրփուրներ տխրութեան
Բազմաթիւ բանաստեղծներու համար, գունազարդ փրփուրը, ի՜նչ մեղք, տխրութեան նշան դարձաւ։ Առաջինը Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանն էր։ «Քնար եւ շիրիմ» քերթուածի մէջ գանգատեցաւ, թէ իր քնարը չեղաւ «Ծաղկանց փրփրադէզ մատռըւակէ քաղցր օշարակ»։ Ապա լսեցինք Պետրոս Դուրեանի հծծիւնը։ 1871 թուականն էր։ Տղան լճակի մը հայելիին նայեցաւ եւ շշնջաց.« Լճա՛կ…, / Որքան ունիս դու փրփուր ՝ / Սիրտս այնքան խոց ունի բիւր»։ Վաղանցիկ փրփուր մըն էր Դուրեանը. Երգեց եւ անցաւ…: Աւետիք Իսահակեանը մէկ այլ «մթին, անքուն, անտուն, մենակ եւ անընկեր» հոգի մըն էր։ 1898 թուականին Օտեսա քաղաքի մէջ գրի առաւ «Ծովը յոգնած» քերթուածը եւ հառաչեց. «Յոգնած ծովը» փրփուր բերնին, / Ափին ընկած կը հեւայ…, / Աստղունք վրաս լուռ լացին: / Հոգուս մռայլ խորքերում»։
Փրփուրը եւ գինին
Բայց օրեր եղան՝ «փրփուր» բառը դարձաւ կենսուրախ պահերու ոգելից բառը. «Դե՜հ, իմ նաւակ, - ըսաւ Յովհաննէս Թումանեանը հեռաւոր երկիրներ երազելով - , մենք սլանանք ծովի վրայ փրփրադէզ»։ Պոլսոյ մէջ Զահրատը մեզի պարգեւեց սիրերգութիւն մը. «Հուր ժողվեմ / Իմ սիրածէս լուր ժողվեմ / Հուրը գողնան ու երթան / Ես նստիմ փրփուր ժողվեմ»։ Դանիէլ Վարուժան փափաքեցաւ փրփուրներու մէջ մոլորիլ. «Զետեղուած է իմ քով, կենսաժպիտ, փրփրադէզ, հսկայ բաժակը գինուոյ»։ Ի՞նչ արուեստ է սա՝ գրել փրփուրներով շինուած գրական պատկերներ, ստեղծել փրփրալից փոխաբերութիւններ, եւ հիւսել փրփրածին տողիկներ… 1907 թուականին հրապարակախօս, տնտեսագէտ, մանկավարժ, Պէրպէրեան վարժարանի հիմնադիր Ռեթէոս Պէրպէրեանը «Դպրոց եւ Դպրութիւն» գիրքի մէջ պատասխանեց այդ հարցումը. «Պերճախօսութիւնն է այս»։ Ապա ի’նքը տուաւ իւրայատուկ օրինակ մը. «Փրփրադէզ մռայլ կոհակք կ’անկանին կը փշրին»։ Դուք կ’ուզէ՞ք պերճախօսութեան մէկ այլ գեղեցիկ օրինակ կարդալ։ Տիկին Զ. Եսայեանն է անոր հեղինակը, ուր «փրփուր» բառը խորհրդանշանն էր անցողիկ զգացումներու. «Չարակամութիւնները եւ պղտոր բնազդներու հետեւանք եղող հոգեկան դժբախտ տգեղութիւնները… Այդ բոլորը փրփրեր ու անցեր էին»։ Իսկ Յովհաննէս Շիրազը 50 տարի առաջ «Մարգարիտն եւ փրփուրը» խրատական քերթուածի մէջ «փրփուր» բառին տուաւ մէկ այլ իմաստ. «Մարդիկ կան, որոնք փրփուրի նման / Միշտ կեանքի ծովի երեսն են ելնում, / Բայց խորքում որքա՜ն / Մարգարիտներ կան, / Որոնց փառքը դեռ փրփուրն է խլում»։
Մեր մայրենիի փրփուրները
Փրփրալից է հայերէնը։ Կենսունակութեան նշան չէ՞ սա։ «Փրփուր» բառը ոսկեդարուն սկսաւ փրփրալ. Ի սկզբանէ էր փրփուրն։ Ան մեզի տուաւ «Ալիք ծովու հանապազ զփրփուրն» եւ «Փրփրովքն ծովն» հնագոյն արտայայտութիւնները։ 6-րդ դարուն մեր մատենագիր այրերը որպէսզի Ափրոդիտէ չաստուածուհիի մասին կարենան գրել՝ յօրինեցին ՓՐՓՐԱԾԻՆ ածականը։ Նոյն դարուն նկատեցինք, թէ ձիւնը եւ թոքը նման են փրփուրի, ուստի շինեցինք ՓՐՓՐԱՏԵՍԱԿ ածականը, այնուհետեւ հայկական մատենագրութեան մէջ յայտնուեցան «Ձիւն՝ փրփրատեսակ» եւ «Ի փրփրատեսակ մարմնոյ նորին թոքոցն» խօսքերը։ 11-րդ դարուն Արիստակէս Լաստիվերցին հնարեց «ՓՐՓՐԱԴԷԶ» ածականը, եւ գրեց. «Յուզեալ ահագին ծփանօք, եւ փրփրադէզ կուտակօք»։
Ժամանակի փրփուրը
Իսկ այժմ, յարգելի ընթերցող, ձեզի կը ներկայացնեմ կապելաներու մէջ ժամանցի նստած մեր հայրենակիցներու համար ստեղծուած «փրփրալից գարեջուր» արտայայտութիւնը։ Ան կը նշանակէ դատարկ բաներու համար ժամանակի կորուստ։ Իսկ դուք, յարգելի ընթերցող, ձեր երազի մէջ տեսա՞ծ էք «գարեջուր խմելը»։ Ըստ երազահան գիրքերու՝ ան կը նշանակէ «Անվաստակ յոգնութիւն»։ Հա՞պա փրփուրի պէս գիրքի անուն… Այդ մէկն ալ տեսանք։ Շատ չէ, քանի մը հատոր։ Կ’արժէ բոլորը յիշել, որպէսզի չանհետանան փրփուրի նման. «Օրերի փրփուրը», Երեւան, 2022, «Անմաշ փրփուրներ», Անթիլիաս, 2009, «Նաւը՝ փրփուրի վրայ», Երեւան, 2007, «Փրփուրից մրուր», Թեհրան, 2000։
Փրփուրը գլխուս վրայ
Ուշ միջնադարուն փրփուր բառը մտաւ հանքաբանութեան եւ բուսաբանութեան մէջ: «Ծովափրփուր»ը ծակոտկէն թեթեւ քարի անուն եղաւ, իսկ «ծովու փրփուր» կոչուածը՝ ծովային բոյս։ Յարգելի պարոնայք, եթէ դուք կը տառապիք մազի նօսրացումէ կամ կորուստէ՝ պէտք է որ ընթերցէք Ամիրտովլաթ Ամասիացիի 1482 թուականին Պոլսոյ մէջ գրի առած «Անգիտաց Անպէտ» դեղագիտական աշխատութիւնը։ Այդ գիրքի մէջ մեր բժշկապետը ըսաւ. «Երբ սկսի մազը նօսրանալ, առ ծովի փրփուր ու բարձ վենիկի մոխիր, ձիթապտղի ձէթ, որը հին լինի, շաղախիր եւ օծիր, շատ է օգտակար»։
Փրփուրը աչքիս մէջ
Ես հանդիպեցայ նաեւ 6-7-րդ դարու անանուն հեղինակի մը գրի առած «Գիրք վաստակաց» աշխատասիրութեան։ Ան բժշկական խրատներ կը պարունակէ։ «Յաղագս աչացն թէ ցաւի կամ սպիտակի» բաժնի մէջ գրուած է. «Ա՛ռ հայ-խնկի փոշի եւ նշայ, եւ գառին գլխոյ ուղեղ, յամէն մէկէ 6 տրամ. զաֆրան եւ ծովու փրփուր, 2 տրամ յամէն մէկէ. վարդէ ձէթ, 12 տրամ, եւ 4 ձուի սպիտակուց. եւ յիրեար խառնեա լեսած մանր, եւ ‘ի դեղդիր եւ յաչքն քարշեա, օգտէ»։ Իսկ աչքի սպիտակութիւն ունիք կարդացէք հետեւեալ խրատը. «Եւ թէ սպիտակ կենայ՝ ա՛ռ անդրանի աղ լեսած եւ մանր մաղած, եւ յիստակ մեղր, խառնեա եւ յաչքն դիր. եւ թէ կարագ այլ խառնես՝ աղէկ է։ Եւ թէ առնուս ծովու փրփուր եւ անդրանի աղ, բարակ մաղած միաչափ, եւ մասուրայով ‘ի յաչքն փչես՝ օգտէ»։
Հայաստանի տնտեսութիւնը փրփուր մըն է
Լուրերը փրփուրի նման կու գան եւ կ’անցնին։ Ամէն օր մէկ նոր փրփուր… Նախ լսենք Վահան Տէրեանի տուն-թանգարանի տնօրէն Վաղարշակ Թանգանեանի խօսքը։ Մտաւորականը դժգոհ է ջաւախքահայութենէ. «Ջաւախքի մէջ հայրենասիրութիւնը մի քիչ փրփուր վիճակում է»։ Հայրենի տնտեսագէտ Թաթուլ Մանասերեանը տարակոյս ունի որ վարչապետի յայտարարած յաջողութիւնները ճշգրիտ են. «Փաշինեանի ասած 30% տնտեսական աճը փրփուր է»։ Եթէ կը փափաքիք ազգային եւ տնտեսական հարցերէ հեռու արձակուրդ մը ունենալ՝ նկատի առէք Մարգահովիտի «Դէզ» հիւրանոցը։ Անոր տնօրէնութիւնը զբօսաշրջիկներ գրաւելու համար վերջերս հրապարակեց հետեւեալ գովազդը. «Գիւղական համեղ նախաճաշ՝ փրփրադէզ ամպերի ֆոնին»։
Փրփուր եարս
Յարգելի ընթերցող, եկաւ հրաժեշտի ժամանակը։ Յուսամ, թէ հաճոյք ստացաք, թէ՛ «փրփուր» բառի թեթեւ պատմութենէ եւ թէ՝ ձեր փրփրալից սուրճէ։ Իսկ այժմ կ’առաջարկեմ, որ մենք ականջ տանք Խաչատուր Ներսիսեանի «Անուշ եարս եղնիկ է» սիրային երգին, մաղթելով որ բոլոր սէրերը ըլլան մնայուն, բայց ո՛չ՝ փրփուր մը անցողիկ.
Ես քեզ տեսայ, քար դարձայ,
Ես մէկ խելառ եար դարձայ,
Տեսայ խորունկ ձորի մէջ,
Կանաչ – կարմիր շորի մէջ:
Պստիկ եարս եղնիկ էր
Սարի ծաղիկ, դեղնիկ էր,
Ճերմակ փրփուր ծովի մէջ,
Ճերմակ շուշան հովի մէջ: