Համավարակէն ետք պոլսահայ կեանքէ ներս հետզհետէ աշխուժացած են միջոցառումներու շարքը։ Այդ աշխուժութիւնը ինքնաբերաբար տեղի կու տայ խաչաձեւումներու։ Այդպէս պատահեցաւ 2 Մարտ կիրակի օր։
Այդ օր մտադիր էինք ներկայ գտնուիլ Զուարթնոց երգչախումբի անդրանիկ համերգին, որ պիտի կայանար Գումգաբու Որդւոց Որոտման Եկեղեցւոյ մէջ։ Այդ եկեղեցին այժմ կը յիշուի նաեւ Մեսրոպ Մութաֆեան Մշակոյթի Կեդրոն կոչումով։ Կէտիկփաշայի Զուարթնոց Երգչախումբը իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ կը կազմակերպէր համերգ մը, հոգեւոր եւ աշխարհիկ երգերէ բաղկացող յայտագիրով։ Այս համերգը խմբավար Ատրուշան Հալաճեանի համար ալ յատուկ նշանակութիւն ունէր, քանի որ ան Վարդանաց Երգչախումբի կազմով նուաճած յաջողութիւնը այս անգամ պիտի փորձէր բոլորովին նոր կազմով մը վերահաստատել։
Ափսոս որ վերեւ նշուած խաչաձեւումի իբր հետեւանք այս անգամ ալ ստիպուեցանք պաշտօնաբաշխում ընելու եւ Զուարթնոցի համերգին հետեւելու պաշտօնը թողուցինք մեր երիտասարդ գործընկեր Իշխան Էրտինչին եւ ուղղուեցանք դէպի Շիշլի Նազըմ Հիքմեթի անուան մշակոյթի կեդրոնը։
Թէեւ որոշ պատկերացում եւ տեղեկութիւն ունէինք «Պալքան Տանս Աքատեմիսի» անուն կազմակերպութեան նախաձեռնութեան։ Նախապէս ծանօթացած էինք այս քոլէկտիվի հիմնադիր Իւմիթ Քէսքինի հետ։ Ան «Ակօս»ի խմբագրատուն այցելելով բացատրութիւններ տուած էր իր այս ծրագրի մասին։
Վերջապէս գիտէինք թէ շուրջ 70 անդամներէ բաղկացող խումբը կ՚ուսումնասիրէր յունական, պուլղարական եւ առհասարակ պալքանեան թերակղզիի երկիրներու երգն ու պարը։ «Բոլորն ալ տարբեր մասնագիտութիւններէ եկող մարդիկ են, որ սիրողական մակարդակով կը մասնակցին մեր աշխատութիւններուն» ըսած էր խումբի ղեկավար Իւմիթ Քէսքին։
Կարելի է ըսել թէ բոլոր այս նախնական գիտելիքներով հանդերձ, չէինք գիտեր թէ ինչպիսի անակնկալ մը կը սպասէր մեզ։ Արդարեւ բեմադրութեան առաջին դրուակը մանկութեան երկու ընկերուհիներու՝ Էլէնիի եւ Իւմիթի պատահական հանդիպումն էր Պոտրում քաղաքի մէջ։ Էլէինի իր ամուսնոյն՝ Եորկոյի հետ Յունաստանէն եկած էր Պոտրում արձակուրդը անցնելու համար։ Իսկ Իւմիթ տարիներ առաջ լքած էր Իսթանպուլը եւ բնակութիւն հաստատած այս ծովեզերեայ քաղաքը։ Երկու մանկութեան ընկերներ ուրախ են այս պատահական հանդիպումով, որ առիթ ստեղծած է հին ապրումներուն վերյիշումին։
Ահա այդ վերյիշումներու բեմադրութիւնը ամբողջ ներկայացման առանցքը կազմեց։ Անոնք նախ յիշեցին իրենց փողոցի շրջուն վաճառորդները, ապա իրարու փոխանցեցին իրենց ծնողներէն լսած դրուակներ եւ այսպէս շարունակ…։
Իրականութեան մէջ կը նախատեսուէր այդ վերյիշումներով ցոլացնել Պոլսոյ բազմամշակութային դիմագիծը։ Ափսոս որ զգալի թերացում մը ըլլալով ստիպուած ենք նշելու թէ, այս նախաձեռնութիւնը թերացաւ այդ բազմամշակութային համայնապատկերի կարեւոր տարրերը շեշտելու խնդրին մէջ։ Անդին մնաց միայն թուրքերէ, յոյներէ, գնչուներէ եւ լեւանդեններ կոչեալ եւրոպացիներէ բաղկացող նմոյշներ։ Օրինակի համար հայեր կամ հրեաներ գոյութիւն չունէին այդ Պոլսոյ մէջ։ Կար Տիմիդրիի կապելան, ուր երբեմնի անուանի կռուարարներ Չաքըճը Էֆէ եւ Խրիսանթոս, իրենց արբանեակներով միասին կը հանդիպին ու ծեծկռտուք կը ծագի։ Իբրեւ բեմադրութիւն ներկայացման ամենայաջող հատուածն էր այդ կռուի պահը։
Անդին կը յիշուէր նաեւ գնչուներու Հտրելլեզի խրախճանքները կամ Ռամազան ամսուն յատուկ զուարճութիւնները, դարձեալ շատ յաջող պարային եւ թատերական բեմադրութիւններով։ Լայն բաժին յատկացուած էր յունաց Բակլախորանի տողանցքին, ուր բոլոր մասնակիցները ծպտուած ու դիմակաւոր կ՚ըլլային։ Յիշենք թէ համավարակի նախորդող տարիներուն խմբակ մը փորձած էր այդ աւանդոյթը վերակենդանացնել։ Անոնք անցեալին նման ծպտուելով, դիմակներ կռելով եւ երաժշտական զանազան գործիքներու նուագակցութեամբ շրջած էին Քուրթուլուշի, այսինքն պատմական Թաթավլայի փողոցները։ Սակայն անդ նախափորձը բաւարար չէր եղած նման աւանդոյթի բուն տէրերուն, այսինքն պոլսաբնակ յոյներուն փողոց ելլելուն համար։ Անոնք գոհացած էին կատարուածը իրենց տան պատուհանէն, վարագոյրի առանքէն դիտելով։ Չէր մոռցուած նաեւ քանթօ կոչեալ մեներգային ոճը, որ փոխադրութիւն մըն է Եւրոպական սրճարանային երգեցողութեան։
Հայկական տարրը ոչ թէ մոռացուած, այլ մեզի անծանօթ պատճառներու բերմամբ դիտումնաւոր կերպով դուրս բերուած էր բնագիրէն։ Այդ զգացինք երբ մեր իսկ փոխանցած Եշիլգիւղի ծանօթ ձկնորս Պետրոս Ռէյիսը ներկայացման մէջ վերածուած էր Թեմելի կերպարին։ Մինչդեռ այդ դէպքին անցած տարիներուն տակաւին ռիզէցիներ չէին թափանցած Պոլսոյ ձկնորսական շուկային։ Այդ շուկան Սամաթիոյ եւ Գումգաբուի մէջ հայ, Եշիլգիւղի մէջ ալ յոյն ռէյիսներու տիրապետութեան տակ էր։
Այս ու նման թերացումներով հանդերձ ներկայացումը իր ամբողջութեան մէջ երանելի օրեր ըլլալով կը յիշէր անցեալը։ Առանց անդրադառնալու բուն դրդապատճառներուն, կ՚ափսոսար քաղաքի այդ շատ կարեւոր երանգներու բացակայումին։ Այս պահուն կրնանք յիշել «Գնա՛ մեռիր, եկուր սիրեմ» ասացուածքը։
Ներկայացման աւարտին, երբ բոլոր դերակատարները բեմին վրայ էին, պարուսոյցի ազդանշանով անոնք ուղղուեցան դէպի դահլիճ եւ դիմակներ բաժնեցին հանդիսատեսին։
Ժողովուրդը որոտընդոստ ծափերով կ՚ողջունէր կատարուած աշխատանքը եւ անոր բեմադրութիւնը, իսկ մենք նոյն պահուն կը մտաբերէինք այս գրութեան խորագիրը՝ Թուրքի Բարեկենդանը։