ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Թրամբ, Ալիեւ, Էրտողան եւ այլն…

Ամբո­խավա­րու­թիւնը որ արեւմտեան լե­զու­նե­րու մէջ ծա­նօթ է փո­փու­լիզմ կո­չու­մով, հետզհե­տէ կը սպառ­նայ հա­մաշ­խարհա­յին քա­ղաքակրթու­թեան։

Մարդկու­թիւնը զար­գացման զու­գա­հեռ գո­յացուց նաեւ խօ­­սելու, նիստ ու կա­­ցի, վարք ու վար­­մունքի զա­­նազան չա­­փանի­­շեր։

Այ­­սօր հա­­սած ենք նոր մա­­կար­­դա­­­կի մը, որ կ՚ան­­տե­­­սէ, կը խոր­­տա­­­կէ դա­­րերու ըն­­թացքին ձե­­ւաւո­­րուած այդ կա­­նոն­­նե­­­րը։ Այս ընե­­լու պա­­հուն կ՚ար­­հա­­­մար­­հէ խօ­­սակի­­ցը, եւ եթէ ան երկրի մը նա­­խագահն է, ան­­վա­­­րան կ՚ար­­հա­­­մար­­հէ նաեւ այդ ղե­­կավա­­րի ներ­­կա­­­յացու­­ցած ազ­­գը ամ­­բողջու­­թեամբ։

Այս տե­­սակի միտ­­քեր ծա­­գեցան, երբ հե­­ռուստաէկ­­րա­­­նի դի­­մաց զար­­մանքով դի­­տեցինք Թրամ­­բի եւ Զե­­լենսքիի տխուր բա­­նավէ­­ճը։ Թրամբ ոտ­­նա­­­կոխե­­լով դի­­ւանա­­գիտու­­թեան բո­­լոր սկզբունքնե­­րը, երա­­խայ մը սաս­­տե­­­լու ոճով խօ­­սեցաւ Ուկրաինոյ նա­­խագա­­հին հետ։

Կ՚երե­­ւի թէ Թրամ­­բի հա­­մակիր­­նե­­­րը ճիշդ ալ անոր այս ամ­­բարտա­­ւան վարքն է որ կը գնա­­հատեն։

Ի՞նչ կրնանք ըսել, մարդկու­­թիւնը եր­­կընտրան­­քի մը առ­­ջեւ էր հա­­մայ­­նա­­­վարու­­թեան եւ բար­­բա­­­րոսու­­թեան մի­­ջեւ եւ ընտրեց երկրոր­­դը։ Հա­­մատա­­րած երե­­ւոյթ մըն է այս ընտրու­­թիւնը։ Ու­­նի իր պատ­­ճա­­­ռաբա­­նու­­թիւննե­­րը։ Հա­­մաշ­­խարհա­­յին առու­­մով հետզհե­­տէ սնան­­կա­­­ցող զան­­գո­­­ւած­­նե­­­րը, իրենց մատ­­նո­­­ւած դժո­­ւարու­­թիւննե­­րու հա­­մար կը փոր­­ձեն գտնել մե­­ղաւոր­­ներ։ Այդ մե­­ղաւոր­­նե­­­րը մերթ օտա­­րերկրեայ հա­­կառա­­կորդներ են, մերթ գաղ­­թա­­­կան­­ներ, առ­­հա­­­սարակ ալ օտար­­ներ։

Իզուր չէ որ յետ­­խորհրդա­­յին ժա­­մանակ­­նե­­­րու հա­­մար կան­­խա­­­տեսո­­ւած էր մշա­­կոյթնե­­րու բա­­խու­­մի վար­­կած մը։ Նոր ժա­­մանակ­­նե­­­րու փի­­լիսո­­փանե­­րը հա­­մոզո­­ւեցան որ աշ­­խարհի հա­­կասու­­թիւննե­­րու ետին դա­­սակար­­գա­­­յին հա­­կադ­­րո­­­ւածու­­թիւնը հետզհե­­տէ պի­­տի վե­­րածո­­ւի ազ­­գա­­­յին խտրա­­կանու­­թեան։ Հան­­թինկթը­­նի այս կան­­խա­­­գու­­շա­­­կու­­մէն ետք իս­կա­պէս ալ ապ­րե­ցանք բազ­մա­թիւ ազ­գա­միջեան պա­տերազմներ մա­նաւանդ հա­րեւան եր­կիրնե­րու մի­ջեւ։ Ար­դի հա­ւաքա­կանու­թիւնը ներ­կա­յաց­նող ժո­ղովուրդներ թիզ մը հո­ղի եւս տի­րանա­լու մար­մա­ջով իրա­րու արիւն հե­ղեցին։

Թրամ­բի անըն­դունե­լի վար­քով վար­կա­բեկո­ւածը ոչ թէ Ուկրաինոյ ժո­ղովուրդն է, այլ հա­մաշ­խարհա­յին մարդկա­յին բո­լոր ար­ժէքնե­րը։

Իս­կա­պէս ալ հա­մաշ­խարհա­յին մարդկու­թիւնը շատ լուրջ փոր­ձի շրջան մը կը բո­լորէ։ Կար­ծես Սթոք­հոլմի ախ­տա­նիշ կո­չուած հի­ւան­դութիւ­նով վա­րակո­ւած ըլ­լանք։ Գաղ­թա­կանու­թեան դէմ խիստ մի­ջոց­ներ խոս­տա­ցող Թրամ­բը յա­ջողե­ցաւ նոյն գաղ­թա­կան­նե­րու աջակ­ցութիւ­նը ապա­հովե­լու։ Նման երե­ւոյ­թի կը հան­դի­պինք Եւ­րո­պական եր­կիրնե­րու ընտրու­թիւննե­րուն ար­դիւնքնե­րը դի­տելով։

Թուրքիոյ մէջ եւս կը նկա­տենք նման երե­ւոյթ։ Հա­սարա­կու­թեան ամե­նահա­մեստ պայ­մաննե­րու են­թա­կայ հա­տուա­ծը մեծ եռան­դով կ՚աջակ­ցի հա­րուստնե­րու ալ աւե­լի հարստա­ցու­մը ապա­հովող իշ­խա­նու­թեան։ Կար­ծես մեր ժա­մանակ­նե­րուն վե­րաար­ժե­ւորո­ւած ըլ­լար «Տո­ւէք զկայսր կայ­սէր» խօս­քը։ Բո­լորս գի­տենք որ կայսրին տի­րացա­ծը ար­դար վաս­տա­կի հե­տեւանք չէ, այլ բռնու­թեան, անգթու­թեան եւ կո­ղոպու­տի բա­ժինը։

Որ­քան ատեն որ բո­լոր կրօն­նե­րէ ներս հո­գեւո­րակա­նաց դա­սու պատ­գամնե­րը լսող պի­տի գտնեն, դժո­ւար թէ փա­ռատենք տի­րող հա­մակար­գի դա­ժանու­թիւնը։