Հրանդ Տինք Հիմնարկի Հաւաք սրահին մէջ 14-15 Մարտ 2025, Ուրբաթ եւ Շաբաթ օրերուն կ՚անցկացուի «Ատելութեան խօսքը. արդի քննարկումներ եւ այլընտրական մօտեցումներ» խորագրեալ միջոցառումը։ Երկու օր տեւող ծրագրին կը քննարկուին ատելութեան խօսքի սահմանումը, յայտնաբերումը, տարբեր դիտարկման աշխատանքները եւ բանավէճերը։ Ինչպէս նաեւ կ՚առաջնորդուին ատելութեան խօսքի դէմ պայքարի այլընտրական մօտեցումները։ Միջոցառման ժամանակ կը ներկայացուի Հրանդ Տինք Հիմնարկի, Պողազիչի համալսարանի եւ Սապանճը համալսարանի համագործակցութեամբ մշակուած «բարի» կոչեցեալ արհեստական բանականութեան գործիքը։ Ծրագրին նաեւ կը ներկայացուին «Թուային թեքնոլոկիաները օգտագործելով՝ ատելութեան խօսքի եւ խտրականութեան դէմ պայքար» ծրագրի շրջանակին հրատարակուած Ատելութեան խօսքը. արդի հարցեր եւ քննարկումներ եւ Ատելութեան խօսքի դէմ պայքարին արհեստական բանականութիւնը. պիտակաւորում, դասակարգում եւ յայտնաբերում զեկոյցները։ Այս միջոցառումը կը նուիրուի «Ասուլիս» Լեզու, Երկխօսութիւն, Դեմոկրատիա Լաբորատորիայի հիմնադրման գաղափարական նախահայրին, «Ասուլիս»ի հիմնադրման գործընթացին բոլոր որոնողական հանդիպումներուն հիւրընկալութիւն ցուցաբերող, մեր աշխատանքներուն ուղեցոյց հանդիսացող, այս միջոցառման ժամանակ ներկայացուելիք՝ ատելութեան խօսքի յայտնաբերման համար մշակուած «բարի» արհեստական բանականութեան գործիքի զարգացման համար Սապանճը համալսարանի հետ համագործակցութիւն հաստատած, անցեալ տարի կորսնցուցած վարչութեան անդամ՝ փրոֆ. տոքթ. Ֆուադ Քէյմանի յիշատակին։
Երկու օրուայ համար առանձին գրանցման ձեւաթուղթ կը պահանջուի։ Գրանցման ձեւաթուղթը կրնաք գտնել ծրագրի միջոցաւ։