Պատահական հանդիպում էր։ Պատահական եւ ուրախալի։ Հարազատ մտերմութիւն մը կայ մեր միջեւ։ Երբ որ հանդիպիմ Հայր Աբրահամ Ծ. Վարդապետ Ֆրաթեանին ուրախութեամբ կը լցուիմ։ Այս վերջին հանդիպումին ալ այդպէս եղաւ, բայց շարունակութիւնը մի քիչ տխուր։
«Քոյրս հիւանդանոց էր եւ ուզեցի զինք այցելել։ Այդ պատճառաւ գացի իմ ծննդավայր Ատըեաման։ Բազմանդամ ընտանիք ենք, բայց հիմա դարձած ենք բազմամշակոյթ եւ նոյնիսկ բազմակրօն։ Ունիմ ալեւիադաւան եւ սիւնիադաւան հարազատներ։ Ատըեամանի պայմանները ծանր են հայերուս համար։ Մեր ազգակիցներէն շատեր մկրտուած են ասորի եկեղեցւոյ մէջ եւ գրանցուած այդ եկեղեցւոյ տոմարին։ Հետեւաբար ես ալ շրջապատուեցայ այդ բազմամշակութային միջավայրով։ Ընդառաջեցի մեր ալեւիացած հարազատներէն մէկուն հրաւէրին եւ այցելեցի իրենց աղօթատեղին, այսինքն ճեմ էվին։ Մտադիր էի դրան մօտ տեղ մը մնալ, որպէսզի եթէ արարողութիւնը երկարի առանց դժուարութեան կարենամ դուրս գալ։ Բայց փոքր տեղ է, մարդիկ զիրար կը ճանչնան։ Զիս ալ ճանչնալով իբրեւ քրիստոնեայ հոգեւորական, պատիւ ընելով առաջնորդեցին դէպի առջեւի կարգերը, իրենց հոգեւոր առաջնորդներու, տէտէներու կողքը։ Յատուկ հարազատութիւն մը կը զգամ ալեւիներու ծիսակատարութեան հանդէպ։ Կարծես միայն իրենց յատուկ է այրեր ու կիներ, երախաներ, նոյնիսկ նորածիններ միասնաբար պաշտամունք ընեն, բոլորին ծանօթ լեզուով հնչող աղօթքներով։ Այդ աղօթքներու բովանդակութիւնը մարդ արարածի ուղղեալ խրատներէ եւ բարեխօսութենէ կը բաղկանայ։ Կը մաղթեն համաշխարհային խաղաղութիւն։ Այդ ծիսակատարութիւնը կը կատարեն նաեւ սազի նուագակցութեամբ, որ կը կոչեն՝ «լարաւոր ղուրան»։ Սեմահ կոչեալ պարը դարձեալ այդ պաշտամունքի կարեւոր բաղադրիչներէն է։ Աւելի քան քանի մը հարիւր ժողովուրդ բոլորս տարուած էինք ծիսակատարութեան, երբ յանկարծ խառնակութիւն մը գոյացաւ։ Քանի մը անչափահասներ արցունքաբեր կազ արձակող սարքեր նետած էին բազմութեան մէջ։ Ժողովուրդը խուճապով դիմեց դէպի ելք։ Մանրամասնութիւնները կրնաք գտնել մամուլի էջերէն»։
Սիրելի վարդապետը յաւելեալ տեղեկութիւններ եւս փոխանցեց երկրաշարժով աւերուած քաղաքի մասին։ Պատմեց ընտանիքէ ներս մարդկային կորուստները, խոնարհած եկեղեցիները եւ փուլ եկած տուները եւ խանութները։
Այս զրոյցէն ետք համացանցի որոնումով լսեցինք վարդապետի պատմած դէպքի մանրամասնութիւնները։ Իսկապէս ալ 27 Փետրուարին, ճեմի աղօթքի ընթացքին հինգ անչափահաս պատանիներ գործած են այդ յարձակումը։ Ճեմ էվիի պատասխանատուները ոստիկանութեան յանձնած են տեսախցիկներու նկարահանումները եւ կը սպասեն յանցագործներուն բացայայտումը եւ դատարանի առջեւ հաշուետուութիւնը։