19 Նոյեմբեր երեքշաբթի օր, Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի 9-րդ դասարանի սաները այցելեցին «Պոլսոյ Խաղալիքներու Թանգարան»ը։
Այցելութեան նպատակն էր, երախաները խաղալիքներու միջոցաւ ուսումնասիրեն մշակոյթի, կրթութեան եւ պատմական փոփոխութիւնները։
Նշենք որ Խաղալիքներու Թանգարանի նպատակն է պաշտպանել եւ ապագային փոխանցել այն խաղալիքները, որոնք կը կորսուին ընկերային եւ արհեստագիտական փոփոխութիւններու ընթացքին։ Այս թանգարանին մէջ ցուցադրուող խաղալիքները կ՚օգնեն բացայայտել կենսական փոփոխութիւնները։