«Ակօս»ի թղթակից Մարի Յովհաննիսեան զրուցած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան Տեսին Շարպիէ քաղաքի քաղաքապետի տեղակալ, Նանտիի ՀՀ պատուաւոր հիւպատոս, աշխարհահռչակ ֆուտպոլիստ Յուրի Ճորքայէֆի եղբայր տիար Տենի Ճորքայէֆի հետ հայակական կենի, ընտրած մասնագիտութեան, Հայաստան առաջին այցի, հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու եւ այլ թեմաներու շուրջ:
ՄԱՐԻ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
Սկսինք սկզբէն` ձեր արմատներէն, որուն կայ նաեւ հայի գիծը։ Ի՞նչ նշանակութիւն եւ խորհուրդ ունի այդ ձեզ համար։
Այդ տոհմածառի նշանակութիւնը կ՚ընդգրկէ շարք մը կարեւոր կողմեր.
Առաջին ըլլալով ան կ՚արտայայտէ մշակութային ինքնութիւն, որ մարդուն կու տայ պատկանելիութեան զգացում՝ կապելով անոր հասարակութեան մը հետ, որ կ՚առանձնանայ իր ուրոյն լեզուով, աւանդոյթներով եւ պատմութեամբ:
Երկրորդ ըլլալով ան կ՚արտայայտէ պատմական յիշողութիւն, որ կու գայ միտք բերելու հայերու յաղթահարած դժուարութիւնները՝ ամրապնդելով անոնց՝ ժառանգութիւնը պահպանելու եւ ապագայ սերունդներուն փոխանցելու պարտականութիւնը։
Երրորդը՝ ի հարկէ կ՚արտայայտէ հպարտութիւն ու դիմացկունութիւն, որոնք կը խորհրդանշեն դժուարութիւնները յաղթահարելու կարողութիւնն ու ինքնութիւնը պահելու ունակութիւնը: Չնայած անոր, որ զանազան գործօններ կը փորձեն անոնք ջնջել։
Ինծի համար հայկական արմատները կը մարմնաւորուին հպարտութեան ակունք եւ կը յիշեցնեն այն զոհաբերութիւններու մասին, որ իմ նախնիները ըրած են: Բացի այդ՝ անոնք կը ոգեշնչեն ինձ շարունակել պատուելու այս ժառանգութիւնը իմ ընտանիքի եւ իմ գործունէութեան միջոցով: Սա այն է, ինչ ես եւ կինս կը սորվեցնենք մեր երախաներուն։
Ձեր եղբայրը` Յուրի Ճորքայէֆը, ընտրած է ֆուտպոլը դուք` դիւանագիտական ճանապարհը։ Ո՞րն է կենով եկած։
Բալիստիկական ֆուտպոլային կեները հօրս կողմէն կու գայ, իսկ դիւանագիտութիւնը ստացած եմ մայրիկէս։ Ան բանակցութիւններու հաղորդակցութեան եւ համագործակցութեան միջոցով ինծի սորվեցուցած է յարաբերութիւններու կառավարման արուեստը։ Ի դէպ՝ իմ պապիկն ալ այդպիսին էր։
Առաջին անգամ ե՞րբ եղած էք Հայաստան։ Կը յիշէ՞ք` ինչպիսին էին ձեր զգացումները։
Առաջին անգամ Հայաստան եկած եմ 1996 թուականին հայրիկիս հետ։ Ան Հայաստանի ֆուտպոլի ֆեդերացիայի կողմէ հրաւիրուած էր՝ որպէս մարզիչ (դժբախտաբար, մէկ ամիս անց նախագահը հրաժարական տուաւ եւ ծրագիրը չեղարկուեցաւ): Այնպիսի զգացողութիւն ունէի՝ կարծես տանն էի. ինձ հրաշալի կը զգայի։ Ես բախտաւոր եմ, քանզի շատ ճամբորդած եմ, բայց միայն Հայաստան եմ այսպիսի զգացողութիւն ունեցած՝ զգալով մարդկանց բարութիւնը, տեսնելով անոնց հիւրընկալութիւնը։ Կը յիշեմ մեր առաջին օրը, որ ընդմիշտ դաջուած կը մնայ իմ յիշողութեան մէջ։ Արարատ կոնյակի գործարան այցելելու համար առաւօտեան ժամը 9-ին եկան մեր ետեւէն։ Շրջայցն աւարտելէ ետք մեզ կոնյակ հիւրասիրեցին։ Աչքերս արցունքոտուած էին… Յետոյ նստեցանք ճաշի սեղանին շուրջ, որը աւարտեցինք երեկոյեան ժամը 7-ին։ Այնուհետեւ վերադարձանք հիւրանոց: Երեկոյեան 9-ին իմ սենեակի դուռը թակեցին՝ ընթրիքի երթալու համար։
Բարի գալուստ Հայաստան։
Հայաստան ո՞րն է ձեր ամենասիրելի վայրը, որտեղ ամէն այցելութեան կը յաճախէք։
Խոր Վիրապը, որովհետեւ կը սիրեմ այդ վայրը։ Առհասարակ՝ կը մտնեմ իւրաքանչիւր եկեղեցի, որ կը տեսնեմ՝ մոմ վառելու համար: Ես երբեք չեմ յոգնիր Արարատին նայելէն. կրնամ ժամեր շարունակ հիանալ անով։
2021 թուականին նշանակուած էք Նանտիի ՀՀ պատուաւոր հիւպատոս։ Ըստ ամենայնի` այդ նշանակումը նպատակ ունէր նպաստել Հայաստանի եւ Նանտի միջեւ առեւտրային, տնտեսական, մշակութային եւ գիտական կապերու զարգացման։ Այդ նշանակումը ծառայա՞ծ է իր նպատակին։
Ոչ, ես բաւարարուած չեմ այս առաքելութեամբ, քանի որ ես աւելի շատ կեդրոնացած եմ երկու երկրներու միջեւ դիւանագիտութեան վրայ։
Ես բախտաւոր եմ, որովհետեւ եղբօրս հետ միասին հնարաւորութիւն ունինք խօսելու թէ՛ նախագահ Մագրոնի, թէ՛ վարչապետ Փաշինեանի հետ։
Բայց ես կը պատրաստուիմ աշխատիլ նոր դեսպանի հետ, զարգացնելու համար այս տարածաշրջանը, քանզի կան հրաշալի կազմակերպութիւններ, որոնք կ՚աշխատին Հայաստանի համար։
Հայ-֊ֆրանսական յարաբերութիւններուն այսօր բաւականին ջերմ մթնոլորտ կը տիրէ։ Ինչպէ՞ս դուք կը դիտարկէք այդ յարաբերութիւններու յետագան։
Երբ ունիս այնպիսի դեսպաններ, ինչպիսիք են պարոն Դըկոտինյին եւ Խաչատրեանը, ինչպէս նաեւ Յասմիկ Տոլմաճեանը, երբ ունիս ֆրանսայի նախագահ Մագրոնի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի նման առաջնորդներ, որոնք կը պաշտպանեն խաղաղութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը, այդ յարաբերութիւնները միայն կրնան բարելաւուել։
Եթէ ունենայիք կախարդական փայտիկ, ապա ի՞նչ կ՚ընէիք Հայաստանի համար։
Ես յարութիւն կու տայի ցեղասպանութեան ժամանակ սպանուած 1.5 միլիոն հայերուն։ Եւ թող խաղաղութիւն տիրէ ամբողջ տարածաշրջանին։
Եւ վերջապէս մեր աւանդական հարցը… Ի՞նչ կը մաղթէք «Ակօս»-ի ընթերցողին։
Ես կը մաղթեմ անոնց նախ անկանխակալ մտածելակերպ՝ բարդ պատմութիւնները ու մշակոյթները ուսումնասիրելու եւ հասկնալու համար։ Ապա՝ ուժ, որպէսզի պահպանեն եւ փոխանցեն հայ հասարակութեան յիշողութիւնները ու ժառանգութիւնը։ Եւ իհարկէ՝ յոյս ունիմ՝ կ՚ունենան այնպիսի ապագայ, որտեղ երկխօսութիւնը ու հաշտութիւնը տարբեր պառակտումենրու նկատմամբ գերիշխող կ՚ըլլայ: Կարճ ըսած՝ ես կը ցանկանամ, որպէսզի անոնք շարունակեն տեղեկանալ, մտորել եւ գործել աւելի արդար աշխարհի համար։ Սա այն է, ինչ կը ցանկանար Հրանդ Տինքը։