ՔՈՒՐԹՈՒԼՈՒՇ ՊԱՇԹԸՄԱՐ
bastimar.kurtulus@gmail.com
Նախորդ գրութիւնով ընթերցողներուս ծանօթացուցած էի 2024-ի Նոպելեան գրական մրցանակի դափնեկիր Հան Քենկի «Երախան կու գայ» անուն գիրքը։ Այս հեղինակին վրայ ծանրանալուս պատճառը Նոպելեան մրցանակին տիրանալէն աւելի անոր գրածներուն մէջ ինքզինքս գտնելն է։ Ես այս գիրքը գնած էի նախքան Նոպելեան մրցանակներու յայտարարութիւնը։ Հազիւ հիմա կրցայ կարդալ։ Անոր «Բուսակեր» անուն գործը արդէն գերազանցած է Քորէայի սահմանները եւ հեղինակին պարգեւած է համաշխարհային համբաւ ու նաեւ ընթերցողներու լայն զանգուած մը։
«Հրաժեշտ չեմ տար» անուն վէպը Նոպելի մրցանակէն առաջ արդէն նուաճած էր «Փրի Մետիքիս» եւ «Փրի Ֆերմինա» մրցանակները։
Ի՞նչն է այս վէպը, այսքան գրաւիչ դարձնողը։ Ի՞նչու համար Հան Քենկի գրականութիւնը աւելի խոր կը տպաւորէ ինձ բաղդատմամբ այլ Նոպելեան մրցանակակիրներու։ Կը կարծեմ որ պարզ է այս հարցումին պատասխանը, քանի որ Հան Քենկ հասարակական վիշտի մը մասին կը խօսի։
1948-ին Քորէայի Ժեճու կղզիին մէջ տեղի ունեցած ապստամբութեան ընթացքին քաղաքացիներուն եւ համայնավարներուն ԱՄՆ-ի աջակցութեամբ կոտորուելու պատմութիւնը կը փոխանցէ ընթերցողին։ Նախապէս կոտորածները, նոյն մարդիկ վտարուած են իրենց գիւղերէն եւ գիւղերն ալ հրկիզուած։
Ցեղասպանութեան բնոյթով յանցագործութիւն մըն է կատարուածը եւ այդ վէպը կ՚առերեսուի Քորէայի անցեալին հետ։ Կարելի է ըսել թէ հեղինակը այս վէպով հայելի մը պարզած է պետութեան եւ ցոյց տուած է անոր անցեալի սխալները, ամօթները եւ յանցագործութիւնները։ Նաեւ կարելի է ըսել թէ Քենկի գրականութիւնը ժամանակի վկայութիւնն է։
Այս գիրքի էջերը թերթելով կը տեսնենք թէ յուսալքութեան խաւարով ծածկուած այդ միջավայրի մէջ ինչպէ՞ս կարելի է յոյսը վառ պահել։ Յոյս եւ դիմադրութիւն…։ Յուսալ ու սիրել …։ Մարդկային յատկութիւններ, որոնք անպակաս են այս հեղինակի ուսապարկին մէջ։ Մրցանակ նուաճելէն անկախ կերպով կրնանք ըսել թէ հեղինակի մը անցեալի այս վիշտերը համաշխարհային ընթերցող փոխանցելը մեծ յաղթանակ մըն է։ Այդ յաղթանակի գաղտնիքներէն մէկն ալ անոր գրական լեզուն է։ Անկողմնակալ մնալը, քարոզչութեան ծուղակէն խուսափիլը շատ կարեւոր, բայց նոյնքան դժուար առաքինութիւն մըն է։ Մանաւանդ երբ կը խօսինք սրտաճմլիկ պատմութիւններու մասին…։
Մենք նման վիշտերը յաճախ ապրած ենք այս հողերուն վրայ։ Այստեղ «մենք»ը սահմանուած չէ իմ սերունդով։ Ամօթալի է որ նման տառապանքները միջազգային ընթերցող փոխանցելու միջոցներ չենք ունեցած։ Չենք կրցած ձերբազատուիլ զգայականութենէ։ Չենք կրցած առանց որեւէ մէկը թիրախաւորելու պատումներ հիւսելու։ Մինչդեռ վիշտը փոխանցելու ծառայող տիեզերական լեզու մը կար, զգացականէ հեռու, պարզ ու համեստ լոկ պատահածները փոխանցելու ծառայող տիեզերական լեզու մը… Հան Քենկ այդ լեզուով է որ կը հիւսէ իր գրականութիւնը։
Վէպը կարդալով մենք կը ծանօթանանք Ինսոն եւ Կիյոնհա անուն երկու կիներու բարեկամութեան։ Այս կիներէն մէկը գրող է եւ մէկն ալ վաւերագրական ֆիլմերու հեղինակ։ Ինսոնն է այդ վաւերագրական ֆիլմերու հեղինակը, որ ամէն ինչ իր ետին թողելով սկսած է ատաղձագործութեան։ Այս աշխատութեան պահուն ան սխալմամբ կը վնասէ իր մատը։ Բժիշկներ փրթած մատը կը յաջողին կարելու, բայց բուժման միջոցներէն մէկն ալ որոշ հերթականութեամբ այդ վնասուած հատուածը ասեղով ծակծկել է։ Ցաւ պատճառող գործողութիւն մըն է այս եւ ասեղի իւրաքանչիւր հարուածին ան կը վերյիշէ անցեալի կոտորածները։
Հեղինակը այնքան իրաւացի կը բնութագրէ ձիւնածածկ լեռներու վրայ քալող մարդկանց, որ մենք յանկարծ կը կարծենք թէ մեր ոտքերն ալ թռչած են ձիւնի մէջ։
Հան Քենկի գրականութիւնը բացայայտիչ է քիւրտերու, հայերու եւ աշխարհի ցանկացած վայրի անիրաւուած ժողովուրդներու համար։
12 Սեպտեմբերի պատահարները նկարագրող արժէքաւոր գրական գործեր լոյս տեսան։ Անոնց հանդէպ ապերախտութիւն ընելու իրաւունքը ոչ ես ունիմ, ոչ ալ ոեւէ մէկը։ Բայց իրողութիւն է որ տակաւին չէ գրուած 12 Սեպտեմբերի դաժանութիւնը եւ 90-ական տարեթիւերու գիւղերու հրկիզման պատմութիւնը արժանի կերպով համաշխարհային ընթերցողին փոխանցող գործեր։ Հան Քենկը այս է որ յաջողած է իր գրականութեան շնորհիւ։