Հրանդ Տինք Հիմնարկը ինչպէս նախորդ տարիներ այս տարի ալ կոչ կ՚ուղղէ համացանցի եւ մամուլի միջոցաւ բոլոր անոնց, որոնք պիտի կարենան թեկնածուներ առաջարկել միջազգային Հրանդ Տինք Մրցանակի համար։ Հիմնարկի այս նախաձեռնութեան շնորհիւ Իսթանպուլի տարեկան տոմարին մէջ նշուած օր մը դարձաւ 15 Սեպտեմբերը՝ Հրանդ Տինքի ծննդեան օրը։
Հրանդ Տինք Հիմնարկը ինչպէս նախորդ տարիներ այս տարի ալ կոչ կ՚ուղղէ համացանցի եւ մամուլի միջոցաւ բոլոր անոնց, որոնք պիտի կարենան թեկնածուներ առաջարկել միջազգային Հրանդ Տինք Մրցանակի համար։
Հիմնարկի այս նախաձեռնութեան շնորհիւ Իսթանպուլի տարեկան տոմարին մէջ նշուած օր մը դարձաւ 15 Սեպտեմբերը՝ Հրանդ Տինքի ծննդեան օրը։ Այս տարի մրցանակը եօթերորդ անգամ ըլլալով պիտի գտնէ իր արժանաւորները։
Մրցանակին արժանի պիտի գտնուին այն անհատները, հիմնարկները եւ զանազան կազմակերպութիւնները, որոնք կը ձգտին խտրականութենէ, ցեղապաշտութենէ, բռնութենէ զերծ, առաւել ազատ ու արդար աշխարհ մը կառուցել։ Այս Տեսլականին համար վտանգներու կ'ենթարկուին, կանխակարծիքները կը կոտրեն, խաղաղութեան լեզուով կ'արտայայտուին եւ կը ոգեւօրէն մարդկութեան քալել պայքարի ուղիին վրայ։
Այս մրցանակով, Հրանդ Տինք հիմնարկին նպատակն է յիշեցնել բոլորին, որ այս ուղղութեամբ ջանք կը թափեն, թէ իրենց ձայնը լսելի է, թէ տեսանելի է իրենց աշխատանքը, թէ առանձին չեն։ Հիմնարկին նպատակն է նաեւ մրցանակակիրներուն նեցուկ կանգնիլ բարոյապէս եւ խրախուսել համայն մարդկութեան պայքարիլ իտէալներու համար։
Այս տարուան մրցանակին թեկնածու առաջարկելու թուականը սահմանուած է մինչեւ 30 Ապրիլ, 2015։
Ինչպէ՞ս առաջարկել թեկնածու
Ձեր թեկնածութեան առաջարկները կրնաք հիմնարկին հասցնել՝
www.hrantdinkodulu.org
www.hrantdinkaward.org կայքէջերու հարցաթերթիկը լրացնելով եւ կամ ուղարկելով award@hrantdink.org ելեկտրոնային հասցէին, մինչեւ 30 Ապրիլ, 2015.
Հարցաթերթիկին կցելով ձեր առաջարկած թեկնածուի մասին լրացուցիչ տեղեկութիւնները, մեծապէս դիւրացուցած պիտի ըլլաք միջազգային դատակազմի որոշումը։
Պողազիչի Համալսարանի Թատերախումբը՝ «Գիշեր Մը Փերայի Մէջ» խորագրուած թատերական գործով պիտի ներկայանայ հանդիսատեսին։ Հայ գրականութեան ամենաերեւելի երգիծաբաններէն Յակոբ Պարոնեանի եւ Երուանդ Օտեանի ստեղծագործութիւններուն հիման վրայ ստեղծուած թատերախաղը՝ Չորեքշաբթի Ապրիլ 8-ին ժամը 8։30-ին Տեմիր Տեմիրկիլ սրահին մէջ առաջին անգամ բեմ ելաւ։
«Գիշեր Մը Բերայի Մէջ» ներկայացումը Կիրակի Ապրիլ 12-ին եւ Երկուշաբթի Ապրիլ 13-ին ժամը 18։00-ին, ինչպէս նաեւ ամսուն 14-ի ժամը 20։30-ին եւ 15-ի ժամը 19։30-ին նոյն սրահին մէջ դարձեալ պիտի ներկայացուի։ Թատերախաղը Ապրիլ 24-ին Էսքիշեհիր Անատոլու Համալսարանի, իսկ 26-ին՝ Միջին Արեւելքի Թեքնիկական Համալսարանի թատերական փառատօններուն պիտի հիւրընկալուի։