ՄՇԱԿՈՅԹ ԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏ
Կոմիտասը վաղ ժամանակներու իմ մեծագոյն սէրն է
ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
estukyan@gmail.com
Տոքթ. Եքթան Թիւրքեըլմազ ծանօթ է Հայոց ցեղասպանութեան մասին իր ուսումնասիրութիւններով։ Սակայն մենք այս անգամ այս ծանօթ մտաւորականին հետ կը զրուցենք իր ձայնապնակներու հաւաքածոյին շուրջ։ Ան ունի աւելի քան 2 հազար 500 ձայնապնակներ, որոնք հաւաքած է աշխարհի զանազան երկիրներէն։ Այդ հաւաքածոյին մէջ յատուկ տեղ կը գրաւեն, որոշ նշանակութիւն ունեցող հայկական ձայնագրութիւնները։ «Նացիներու իշխանութեան տարիներուն Գերմանիոյ մէջ ձայնագրուած Բարսեղ Կանաչեանի ծանօթ «Օրօր»ը այնքան դիւթիչ է որ չես կրնար -հաւնիլ- բառով գնահատել»։
Թիւրքեըլմազի հետ կատարած հարցազրոյցը, եթէ հարկ է բնութագրել, անվարան կ՚ըսեմ հետեւեալը. «պատմելիք բան չէ, պէտք է ապրիս»։ Հետեւաբար առանց խօսքը ծամծմելու առաջին հարցումը ուղղենք մեր խօսակցին։