ՄՇԱԿՈՅԹ ԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏ
Հայրենագիտութիւն Հայրենասիրութիւն 11-Մհերի Դուռ՝ ապառաժ յիշողութիւնը
Նկատի ունեալով, որ Սրուանձտեանցի այս խօսքերը մեկուկէս դար առաջ գրի առնուած են, եւ այդ օրերուն ուրարտագիտութիւնը այսօրուան մակարդակին չէր հասած, զանց կ’առնենք բեւեռագրերու մասին խօսքերը եւ այս անգամ խօսքը կու տանք պատմութեան ուսուցիչ Գէորգ Մեսրոպին եւ անոր «Նախահայաստանի Պատմութիւն-Ուրարտու» անուն գործին.
Հայրենագիտութիւն-Հայրենասիրութիւն 10 - Քալէ կամ Մհերի Դուռը
Վերջապէս, հասանք Թօփրաք-Քալէ կոչուած աւերակ բերդը, որ կը կոչուի նաեւ Ակռփու քար (թրքերէն նմանողութեամբ Akkirpi, Akköprü) եւ Զըմփ-զըմփ մաղարա։ Բայց այդ երեք անուններէն ոչ մէկը անոր նախնական անունն է. այլ ստացուած են վերջին ժամանակներուն։ Ի՞նչպէս կը կոչուէր առաջ, -ո՛չ ոք գիտէ, պատմութիւնը կը լռէ այդ մասին։
Կը վերանորոգուի Մալաթիոյ Ս.Երրորդութիւնը
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական փոխանորդ Արամ Արք. Աթէշեան 21 Յունուարին իսթանպուլաբնակ մալաթիացիներու հայրենակցական միութեան Բ. ատենապետ Սարգիս Չիզմէճի եւ անդամներէն Գէորգ Էօզգարակէօզ ու Սէրտար Պոյաճըի ընկերակցութեամբ այցելած է Մալաթիա։ Արամ Սրբազան յատուկ այցելութիւն մըն ալ տուած է քաղաքի կուսակալ Սիւլէյման Քամչըի։
Հայրենագիտութիւն-Հայրենասիրութիւն 7-Մուշ Քաղաք
Զառիվեր էր պատմական Մուշ քաղաքի մայր ճանապարհը, որ դաշտէն կը սկսէր, ոլոր-մոլոր պտոյտներով կը բարձրանար մինչեւ Հայոց Մայր եկեղեցիին թաղը եւ աւելի վեր «Մուշեղին բերդը» կոչուած բարձունքը։
Հայրենագիտութիւն-Հայրենասիրութիւն 3-Քարեղէն քաղաքը՝ Բաղէշ կամ Պիթլիս
Պատմական Սալնոյ-Ձորը իր ալիքաւոր լեռներով սեղմեր է իր գրկին մէջ այդ քարեղէն քաղաքը։ Քարեղէն կ՚ըսենք որովհետեւ բոլոր տուները շինուած են մաքուր, հարթ տաշուած թխագոյն քարով։ Երեք գետեր, զանազան կողմերէ գալով եւ քաղաքի մօտակայքին միանալով կ՚անցնին ձորի անդնդային խորութեան միջով։
Հայրենագիտութիւն-Հայրենասիրութիւն 4-Տարօն Աշխարհ
Հացիկ կամ Հացեկաց գիւղը, որ քիչ մը դէպի հիւսիսարեւմուտք կը մնայ, այսօր տեղացիներէն ալ կը կոչուի «Հասիկ», Մեսրոպ Մաշտոցի ալ ծնած փոքրիկ գիւղն է։ Իսկ Խասգիւղը, որ այժմ մայրուղիի վրայ ծանօթ գիւղաքաղաք մըն է իր մզկիթի վերածուած մեծ եկեղեցիով, եւ տեղացիներու կողմէ մինչեւ մօտիկ անցեալ կը կոչուէր «Տէր Խարս»։
Հայրենագիտութիւն-Հայրենասիրութիւն 5-Տարօն Աշխարհ
Մեր նախորդ յօդուածի վերջաւորութեան Ռաֆֆիի հերոսներ՝ Ֆարհատն ու Ասլանը թողած էինք Մշոյ դաշտի ճանապարհին, ուր բաւական երկար ուղեւորութեան մը ընթացքին դատապարտուած էին հակահայ ձաբռտուքները ունկնդրել կաթոլիկ հոգեւորականի մը, որ հաւանաբար այդ կողմերը նոր յայտնուած եզուիտ (յիսուսեան) քարոզիչներէն մէկն էր, որ Գր. Լուսաւորիչն ալ ցոյց կու տար իբրեւ՝ կաթոլիկ առաջնորդ։
Հայրենագիտութիւն-Հայրենասիրութիւն 8-Առաքելոց վանքն ու Ա. թարգմանիչներուն պաշտելի շիրիմները
Աստղաբերդէն ցած իջած ժամանակ, ճանապարհին Ասլան կրկին հայրենագիտութեան փոքր դասախօսութեան մը կ՚ենթարկէ Ֆարհատը, որուն արդէն ծանօթացուցած է հայրենիքին եթէ ո՛չ բոլորը, գոնէ նշանաւոր մէկ մասը. Ասլան սապէս կը պատգամէ երիտասարդ Ֆարհատին.-
Շրջուն շիրմաքարեր
Կարապետ Պալեանի շիրմաքարին պատահական յայտնութիւնով յայտնի դարձաւ թէ շատ շատերու կողքին կորսուեր է նաեւ այս բազմավաստակ արուեստագէտի գերեզմանն ալ։ Մինչդեռ Պալեաններու ամենահմուտ ուսումնասիրողներէն Բարս Թուղլաճըի նշումներուն համաձայն Կարապետ Պալեան թաղուած էր Պէշիկթաշի Հայոց գերեզմանատան մէջ։ Թուղլաճը այս նկարը հրատարակելէն ետք կը նշէ որ տապանաքարերը կորած են։
Հայոց հին կրօնները - Աստղերն ալ կը պաշտուէին
Ժողովուրդը սիրեր է երկնային երեւոյթներու, կամ այլ խօսքով երկնքի բնակիչ աստղերու մասին զրոյցներ շինել, աւանդութիւններ հիւսել, ինչպէս օրինակ՝ Յարդգողի ճանապարհի մասին, որն իբր թէ, օրին մէկը օտար երկրի աստուածներէն մէկը իր մշակները ղրկեր է մեր երկրի աստուծոյ կալէն յարդ գողնալու։