Զառիվեր էր պատմական Մուշ քաղաքի մայր ճանապարհը, որ դաշտէն կը սկսէր, ոլոր-մոլոր պտոյտներով կը բարձրանար մինչեւ Հայոց Մայր եկեղեցիին թաղը եւ աւելի վեր «Մուշեղին բերդը» կոչուած բարձունքը։
ՍԱՐԳԻՍ ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ
Պուրասը Մուշտուր, /եօլու եօքուշտուր,
Կիտէն կէլմիեօր, /աճէպ նէ իշտիր
Այսպէս դեռ քանի քանի երգեր յօրիներ են մշեցիները, բոլորն ալ պանդխտութեան, հայրենաբաղձութեան վրայ։ Ինչ փոյթ, որ խօսքերը թրքերէն են վերեւի ծանօթ երգին, բայց ո՛վ կրնայ պնդել, որ ան հայկական չէ եւ հայ պանդուխտին զգացումները այնքան ալ չի ցոլացներ, որքան օրինակ հետեւեալ հանրածանօթ երգը.
Խեղճ մշեցին մեռաւ լալով,
Օտար երկիրներ ման գալով,
Մեռաւ թուրքին պարտքը տալով,
Զարթիր լա՜օ մեռնեմ քըզի…
Իսկապէս ալ զառիվեր էր պատմական Մուշ քաղաքի մայր ճանապարհը, որ դաշտէն կը սկսէր, ոլոր-մոլոր պտոյտներով կը բարձրանար մինչեւ Հայոց Մայր եկեղեցիին թաղը եւ աւելի վեր «Մուշեղին բերդը» կոչուած բարձունքը։
Դաշտէն կը վերադառնային մշակները, բահերը ուսին. այգիներէն կը վերադառնային այգեպանները, բարձած աւանակներով։ Փոշին մարդ կը խեղդէր։ Վերջապէս, մտանք քաղաքի նեղ փողոցներուն մէջ։ Անցնելու տեղ չկար։ Մարդ եւ անասուն խառնուեր էին իրար։ Մենք, կարծես թէ, սանդուխներէ կը բարձրանայինք, որովհետեւ փողոցները բլուրի զառիվեր դիրքն ունէին։ Հայոց թաղերը բաժնուած էին մահմետականներու թաղերէն։ Այդ արդէն նշան էր, որ այդ տարբեր ազգերը հաշտ դրացիներ չեն եղեր։
Մենք դիմեցինք դէպի հայոց թաղը, ուր, եկեղեցիին մօտ մեզ դիմաւորեց մեր հիւրընկալը, որու հետ Ասլանը սկսաւ զրոյցի.
—Մահմետականներու հետ ձեր յարաբերութիւնները ի՞նչպէս են։
— Ի՜նչպէս պէտք է ըլլայ, -պատասխանեց ան տխուր ձայնով. –կը կողոպտեն, չենք բողոքեր, կը հայհոյեն, ձայն չենք հաներ, կը թքնեն մեր երեսին, կը համբերենք, եւ այդպէս կը կառավարուինք միմեանց հետ։ Եւ կ՚ըսեն, թէ հայն ու տաճիկը լաւ են «եօլայ գնում»…։
Այդ միջոցին Արփիարը միջամտեց զրոյցին ու հարցուց, որ մօտաւորապէս քանի՞ տուն կը հաշուեն այս քաղաքին մէջ։
— Մօտաւորապէս 2500 տուն, որոնցմէ հազար տունը հայեր են, մնացածը քուրդ եւ տաճիկ։
— Ո՞րքան գիւղ կայ Մշոյ ամբողջ դաշտին մէջ։
— Հայաբնակ գիւղերը 100 կարելի է հաշուել, իսկ մի 8 կամ 10 գիւղ քրդաբնակ են։
— Հայաբնակ գիւղերու իւրաքանչիւրը միջին թուով քանի՞ տուն կ՚ունենայ։
— Իւրաքանչիւրը միջին թուով կ՚ունենայ 70 տուն։
— Ուրեմն 100 գիւղը 7000 տուն։ -Իսկ իւրաքանչիւր տունը քանի՞ հոգի կարելի է հաշուել։
— Իւրաքանչիւր տունը 10 հոգի կարելի է հաշուել։
— Շատ չ՚ը՞լլար։
— Ոչ, շատ չ՚ըլլար, որովհետեւ մեր գիւղերուն մէջ այնպիսի ընտանիքներ կան, որ 20, 30 կամ աւելի անդամներէ կը բաղկանան։
— Այսուամենայնիւ 10 հոգին մեծ թիւ է։ Ընդունինք այդպէս, եւ կը ստանանք հետեւեալ թուանշանները։ Ամբողջ Մշոյ դաշտի մէջ 100 հայաբնակ գիւղ, 7000 տուն եւ 70.000 բնակիչ։ Եւ եթէ ասոր վրայ աւելցնենք քաղաքի 1000 տան բնակիչները, ընդամէնը կ՚ընէ 80.000 բնակիչ։
Բայց դուք ա՛ն հարցուցէք, -նկատեց մեր հիւրընկալը, -թէ այդքան բնակիչներուն ո՛րքանը իր հայրենի հողի վրայ կը բնակի։ Կարելի է ըսել, որ կէս մասը պանդխտութեան մէջ կ՚ապրի։
— Պանդխտութեան մէջ ի՞նչ կ՚ընեն։
— Համալութիւն կ՚ընեն։
— Անբա՜խտ Տարօն, -բացագանչեց վշտացած երիտասարդը տխուր ձայնով. –քո գիւղացին առաջ կ՚երթար օտար երկիր կայսր կը դառնար, իսկ հիմա կ՚երթայ՝ համալ կ՚ըլլայ…
Մեր հիւրընկալի բարի աչքերը զարմանքով բացուեցան։ Զարմացայ նաեւ ես։
— Ինչո՞ւ կը զարմանաք, -ըսաւ Արփիար դէպի մեզ, -յունաց երեւելի Վասիլ կայսրը, որ Կ. Պոլիս գահակալեց 867 թուին, Տարօնի Թիլ աւանէն էր։ Անոր թոռ Կոստանդին Պերփեռուժէն կայսրը նոյնպէս նշանաւոր եղաւ, ինչպէս իր պապը, եւ գրեց նրա պատմութիւնը, որ լի է բազմաթիւ մեծագործութիւններով։ Հայաստանը շատ կայսրեր ու մեծ զօրապետներ է տուեր, թէ՛ Հռոմին եւ թէ՛ Բիւզանդիային, ուր անոր որդիները այժմ կ՚երթան, համալութիւն կ՚ընեն։
Ոգեւորուած Արփիարը, դարձաւ դէպի մեր հիւրընկալը ու շարունակեց.
— Մեր հին պատմաբաններէն մէկը. Զենոբ Գլակը, թողեր է մեզ մի քանի հետաքրքրական թուանշաններ, որոնցմէ կարելի է եզրակացնել, թէ որքան մեծ բնակչութիւն է ունեցեր Տարօնը առաջ, եւ որքան փոքրացեր է անոր բնակիչներու թիւը այժմ։ Պէտք է գիտնաք, որ Զենոբ Գլակը Լուսաւորչի ժամանակակից էր եւ անոր նշանաւոր եպիսկոպոսներէն մէկը, որուն Լուսաւորիչը Տարօնի Ս. Կարապետ վանքի առաջին վանահայր կարգեց։ Եւ որովհետեւ Զենոբ Գլակը գործակից եղաւ Լուսաւորչին այդ վանքը կառուցանելու ժամանակ, այդ պատճառով վանքը կոչուեցաւ եւ Գլակայ վանք։
Այդ վանքը այսօր ալ կայ եւ ո՛չ միայն Տարօնի, այլ ամբողջ Հայաստանի ամենանշանաւոր վանքերէն մէկն է։ Գուցէ ձեզ յայտնի է, որ Ս. Կարապետի վանքը առաջ, հնդկացի գաղթականներու կողմէ ամենահին ժամանակներուն հիմնուած կռատուն մըն էր։ Լուսաւորիչը այդ կռատունը քանդեց եւ անոր տեղ Ս. Կարապետի վանքը հիմնեց։ Այս բոլորը կ՚ըսեմ ձեզի, որ այդ վանքի մասին փոքր ինչ պատմական գաղափար ունենաք, բայց հարցը այդ ալ չէ։ Ս. Կարապետի վանքը, դեռ կռատուն եղած ժամանակ, իր շրջակայքին ունէր տասներկու գիւղեր, իբրեւ վանական սեփականութիւն։ Երբ կռատունը քրիստոնէական տաճարի փոխուեցաւ, Լուսաւորիչը նոյն գիւղերը դարձեալ թողեց, որպէս նոյն վանքի ժառանգութիւն։ Դժբախտաբար Զենոբը իր գրքի մէջ յիշեալ տասներկու գիւղերէն միայն եօթնին անունները կը յիշէ, բայց այդքանը եւս շատ բան կ՚ապացուցանէ այն ժամանակի վիճակագրութեան համար։ Ես կը կարդամ ձեզ այդ գիւղերու անունները, նշելով թէ իւրաքանչիւրը քանի երդ, այսինքն ծուխ ունէր, եւ որքան զօրք կարող էր հանել պատերազմի ժամանակ։
Ան սկսաւ փոքրիկ թղթի պատառի վրայ կարդալ եօթը գիւղերու անունները, որ ընդօրինակած էր Զենոբի գրքէն։
1. Կուառս, ունէր 3012 երդ կամ ծուխ, 1500 հեծեալ, 2200 հետեւակ զօրք։ 2. Մեղդի՝ 2080 երդ, 800 հեծեալ, 1030 հետեւակ։ 3. Խորտում՝ 900 երդ, 400 հետեւակ։ 4. Խորնի՝ -մեր Մովսէս Խորենացիի ծննդավայրը -1906 երդ, 700 հեծեալ, 1008 հետեւակ։ 5. Կեղք՝ 1600 երդ, 800 հեծեալ, 600 հետեւակ։ 6. Պարեխ՝ 1680 երդ, 1030 հեծեալ, 600 հետեւակ։ 7. Բազում՝ 3200 երդ, 1040 հեծեալ, 8040 աղեղնաւոր, 600 տէգաւոր, 280 պարսաւոր։
-Ուրեմն 7 գիւղը ունեցեր է 14.378 երդ կամ ծուխ։ Եթէ իւրաքանչիւր ծուխը հաշուելու ըլլանք 10 հոգի, ինչպէս հաշուեցինք Մուշի գիւղօրայքի այժմեան ծուխերը, կը ստանանք 143.780 հոգի։ Կը նշանակէ՝ հին Տարօնի միայն եօթն գիւղը ունեցել է 63.780 բնակիչ աւելի, քան թէ ունի այժմեան ամբողջ Տարօնը իր բոլոր գիւղերով եւ Մուշ քաղաքով։ -Դա սարսափելի՜ տարբերութիւն է, -կրկնեց ան, -դա մինչեւ անգամ անհաւատալի է թուում։ Բայց ես բոլորովին կը հաւատամ Զենոբի թուանշաններին. ան չափազանց ճշմարտասէր մարդ էր։ Բայց որքա՜ն ուրիշ շատ գիւղեր, աւաններ եւ քաղաքներ կային այն ժամանակ Տարօնի մէջ…
Ան լռեց, թախծալի մռայլը կրկին պատեց իր պայծառ դէմքը։
— Յիշեալ եօթը քրմական աւանագիւղերը ունէին 20.708 հետեւակ եւ հեծելազօր զինուորներ։ Բաւական մեծ ուժ է մի մեհեանի համար։ Մէկ կռուի մէջ միայն քուրմերը դուրս բերին Լուսաւորչի դէմ 6946 զինուած մարդիկ։ Եւ այդ էր պատճառը, որ առանց արիւնահեղութեան չկատարուեցաւ կրօնական մեծ յեղափոխութիւնը Տարօնի մէջ։
***
— Շատ շնորհակալ եմ, -ըսաւ Ասլանը, ձեռքը երկարելով։ -Ես առաւօտեան պէտք է երթամ Աստղաբերդը տեսնելու։ Այնտեղէն կ՚երթամ Առաքելոց վանք։ Յետոյ կը վերադառնամ ձեզ մօտ եւ այստեղէն ճանապարհ կ՚ելլեմ…
— Մինչեւ ձեր վերադարձը ամէն ինչ պատրաստ կը գտնէք ճանապարհի համար, -կրկնեց մեր հիւրընկալը։
(Շար.7)