Մեր նախորդ յօդուածի վերջաւորութեան Ռաֆֆիի հերոսներ՝ Ֆարհատն ու Ասլանը թողած էինք Մշոյ դաշտի ճանապարհին, ուր բաւական երկար ուղեւորութեան մը ընթացքին դատապարտուած էին հակահայ ձաբռտուքները ունկնդրել կաթոլիկ հոգեւորականի մը, որ հաւանաբար այդ կողմերը նոր յայտնուած եզուիտ (յիսուսեան) քարոզիչներէն մէկն էր, որ Գր. Լուսաւորիչն ալ ցոյց կու տար իբրեւ՝ կաթոլիկ առաջնորդ։
ՍԱՐԳԻՍ ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ
Մեր նախորդ յօդուածի վերջաւորութեան Ռաֆֆիի հերոսներ՝ Ֆարհատն ու Ասլանը թողած էինք Մշոյ դաշտի ճանապարհին, ուր բաւական երկար ուղեւորութեան մը ընթացքին դատապարտուած էին հակահայ ձաբռտուքները ունկնդրել կաթոլիկ հոգեւորականի մը, որ հաւանաբար այդ կողմերը նոր յայտնուած եզուիտ (յիսուսեան) քարոզիչներէն մէկն էր, որ Գր. Լուսաւորիչն ալ ցոյց կու տար իբրեւ՝ կաթոլիկ առաջնորդ։
Եւ սակայն այդ հոգեւորականի պարծենկոտ ծառան իր տիրոջը կուտար «Գերապայծառ» տիտղոսը, որ հայ կաթոլիկները կուտային իրենց եպիսկոպոսին։ Եւ երբ Ֆարհատ իրեն հարցուց, «դուն հա՞յ ես», մարդը երեսը խաչակնքելով պատասխանեց.
— Աստուած մի արասցէ, ես «փրանգ» եմ։
— Փրանգի լեզուն գիտե՞ս։
— Փրանգը ո՞րն է, լեզուն ո՞րն է, ես փրանգի հաւատքէն եմ։
Ան չէր գիտեր, որ փրանգները (Ֆրանսացիները) առանձին ազգ են, առանձին լեզու ունին, կամ ալ կը կարծէր, որ փրանգը կրօնի անուն է։ Ճիշդ այդ պահուն, Արփիար, որ տհաճութեամբ ականջալուր եղած էր այս խօսակցութեան միջամտեց.
— Ո՞ր տեղացի ես։
— Այն գիւղէն որ քիչ առաջ մօտէն անցանք, ըսաւ ցոյց տալով «կարճազատներու» Հացեկաց գիւղը։
— Քո հայրն ու մայրը նոյնպէս փրանգնե՞ր էին։
— Ո՛չ անոնք «հերձուածողներ» էին։
— Հայեր չէի՞ն
Մարդը վրդովուեցաւ։
— Այ մարդ, ըսաւ երեսը միւս կողմ դարձնելով, դուն ալ բա՛ն չես հասկնար։ Հերձուածողն ալ հայ է, հայն ալ հերձուածող, ի՛նչ տարբերութիւն կայ երկուքին միջեւ…
Մերինները դժուարաւ զսպեցին իրենց բարկութիւնը եւ մարդն ալ այդքանը նկատելով, վշտացած հեռացաւ իրենցմէ։
***
Այժմ խօսքը կրկին կուտանք Ֆարհատին.-
— Մօտենալով Մեղրի գետի եզերքին (Ռաֆֆի այդպէս կ՚անուանէ Մեղրագետը), տեսարանը փոխուեցաւ… Ոսկեգոյն արտերու փոխարէն սկսան կանաչազարդ մարգագետիններ, որ գետի ընթացքով կը տարածուէին հեռուներ, մինչեւ որ այդ գետը կը խառնուէր Եփրատի հետ։ Տեղ-տեղ երեւում էին խիտ, ճոխ կերպով աճած շամբուտներ։ Այդ շամբուտներու մէջ Տարօնի հին տէրերը, Սլկունի նախարարներու իշխանազն որդիները, մի ժամանակ վարազներ կը որսային։ Այդ որսորդ նախարարութիւնը Արշակունեաց առաջին թագաւոր Վաղարշակէն կարգուեցաւ որպէս պետ թագաւորական որսերու։ Տրդատի օրերուն Սլկունիները ապստամբեցան Արշակունիներու դէմ, եւ ճենացի Մամգունի դաւաճանութեամբ բնաջինջ եղան։ Եւ Տրդատ Տարօնը պարգեւեց Մամգունին, որ Մամիկոնեան մեծ նախարարութեան սկիզբը դրաւ։
Այդ բոլորը երազի նման կ՚անցնէին իմ աչքերուս առջեւէն։ Կարծես, այդ պահուն իմ ականջներուս կը հնչէր իշխանազն երիտասարդներու որսորդական փողի ձայնը, կարծես, այդ պահուն կը տեսնէի, թէ ինչպէս նրանք, նիզակներ ի ձեռին, սրարշաւ ձիերով, կը սլանային Մեղրի գետի խիտ շամբուտներու մէջ։ Բայց երբ աչքերս կը դարձնէի, իմ առջեւս, համրընթաց ձիու վրայ նստած, լուռ կ՚եթար կաթոլիկ կրօնաւորը…
Այդ կանաչազարդ տարածութեան վրայ, որ կը հասնէր մինչեւ Եփրատի ափերը, կ՚արածէին շրջակայ գիւղերի անասունները։ Գիւղերը մօտ առ մօտ կ՚երեւէին հեռուէն։
***
Ճանապարհի ընթացքին Ֆարհատ տեղեկացաւ իրենց երիտասարդ ճամբու ընկերոջ՝ Արփիարին կաթոլիկ դաւանանքէ ըլլալը. այսուհանդերձ անոր Ֆարհատի հետ սկսած երկխօսութիւնը այնքան հետաքրքրական հունի մը մէջ մտած էր, որ Արփիարի բոցավառ աչքերը կը թափառէին Տարօնի ընդարձակ դաշտավայրի վրայ, կարծես բան մը կ՚որոնէին այնտեղ։ Դէմքը գունատուած էր եւ շրթունքները պինդ սեղմուած էին։ Ան մինչեւ անգամ մոռնալով Ֆարհատի ներկայութիւնը, սկսաւ ինքնիրեն խօսիլ ու խորհրդածել։ Այս պատմական մենախօսութիւնը (արեւմտահայերէնի վերածելով միայն) նոյնութեամբ կ՚արտատպենք.-
Երկխօսութիւն «Տարօն»ի հետ
Արփիար սկսաւ ինքնիրեն խօսիլ.
— Տարօ՛ն, սիրելի աշխարհ, որքան ազգեր եկեր, անցեր են քո վրայով, ո՛րքանին հիւրասիրեր ես դուն եւ ամրութիւններուդ մէջ պատսպարան ես շնորհեր։ Քու մէջ ապաստան գտան ասորացիներու Սենեքերիմ թագաւորի երկու որդիները, -Ադրամելէք եւ Սանասար- հայրասպան եղբայրները բերին իրենց հետ, թէ՛ իրենց աստուածները, եւ թէ իրենց ծառաները։ Բայց դուն օտար հիւրերը սիրելով հանդերձ, օտար աստուածներուն համբերել չկարողացար եւ հայութեան դրոշմը դրիր քո հիւրերուդ վրայ, որոնցմով սկիզբ առաւ Արծրունեաց հզօր նախարարութիւնը։ Քո մէջ ապաստան գտաւ ճենացի իշխանազն Մամգունը, որ իր թագաւորի սրտմտութենէն փախստական լինելով, դիմեց քո պաշտպանութեան։ Ան ալ իր հետ բերաւ իր կրօնը, իր պաշտամունքը, իր սովորութիւնները։ Բայց դուն անոր ալ հայացուցիր, եւ անով ալ սկսաւ Մամիկոնեան մեծ նախարարութիւնը։ Քո մէջ ապաստան գտան հնդկացի իշխանազն եղբայրներ՝ Դեմէտր եւ Գիսանէ, որոնք եւս իրենց թագաւորի բարկութենէն ազատուելու համար դիմեցին քո մեծահոգութեան, իրենց հետ բերելով նաեւ ստուար գաղթականութիւն մը։ Դուն անոնց ալ բնակութեան տեղ շնորհեցիր, հիմնեցին Վիշապ քաղաքը եւ Քարքէ լեռան բարձրութիւններու վրայ կանգնեցուցին իրենց տաճարները։ Այդ տաճարներէն, Լուսաւորչի հետ պատերազմելու ժամանակ, դուրս եկան 6946 մարդիկ, որոնց մեծ մասը քուրմեր էին։ Բայց դուն բոլորին հայացուցիր եւ սեւամորթ հնդիկը կլանուեցաւ քո բնիկ ժողովուրդի մէջ։ Այդպէս, դարերու ընթացքին, ոտք կոխեցին քո նուիրական հողի վրայ մեծ մարդիկ, մեծ ուժերով։ Բայց ամենքը լուծուեցան, ամենքը միախառնուեցան քո հարազատ զաւակներու հետ։ Այժմ, սիրելի՜ Տարօն, քո դաշտերուդ վրայ կը թափառի մարդ մը՝ սեւ հագուստով եւ սեւ սրտով։ Ան նոյնպէս փախստական է եղեր իր երկրէն, նոյնպէս արտաքսուեր է իր երկրէն, եւ քո գրկիդ մէջ հիւրասիրութիւն կ՚որոնէ։ Անոր հայրենիքը չկարողացաւ մարսել իրեն, եւ իր մէջէն դուրս վիժեց։ Ան դիմեց անծանօթ երկիր, որ անծանօթ ժողովուրդի մէջ կարողանայ ծածկուիլ։ Ան հետը զէնք չէ բերեր, մեծ ուժեր չէ բերեր։ Անոր գլխաւոր զէնքը, իր գրպանը լեցուցած փոքրիկ պղինձէ խաչերն են եւ իր խորամանկութիւնը։ -Ես այդ մարդէն կը սարսափի՜մ, սիրելի Տարօն…։
***
Դեռ արեւը չէր մտած, երբ մօտեցանք Տաւրոսի ստորոտներուն, որ առանձին անունով կը կոչուի Սիմ լեառ։ Հեռուն, համանուն դաշտավայրի հարաւային կողմը կ՚երեւէր Մուշ քաղաքը, կանգնած բաւական բարձր, լայնանիստ բլուրի վրայ եւ թախծալի կերպով կը նայէր դէպի իր առջեւ տարածուած ընդարձակ դաշտավայրը։ Անոր թախծութեանը փոքր ի շատէ ուրախ կերպարանք կու տային խաղողի այգիները։ Ամէն կողմ կը տիրէր երեկոյեան լռութիւնը։ Կը լսուէր միայն աղմկալի գետակին ձայնը, որ քաղաքի առջեւէն ոլորուելով կ՚երթար կը խառնուէր Մեղրի գետին։ Կը լսուէր նաեւ խուլ դղրդիւնը ջրաղացներուն, որոնք երկար շարքով կը բանէին այդ գետակին վրայ։
Գեղեցիկ էր տեսարանը։ Գեղասէր Տաւրոսը, մօտենալով Մուշի դաշտավայրին, կարծես վախցեր էր խանգարել անոր չքնաղութիւնը եւ զգուշութեամբ ետ քաշուելով գոգաւորուեր էր, թողլով այն լայնանիստ բլուրը միայն, քաղաքի շինուածքի համար։ Այդ բլուրի գագաթին կանգնած էր հին կիսաւեր ամրոցը, որ տեղացիներ մինչեւ օրս կը կոչեն Մուշեղին բերդը։ Բլուրի ստորոտին, հարթ տարածութեան վրայ անմիջապէս կը սկսէին ծխախոտի մշակութեան ընդարձակ արտորայքը, որոնք քաղաքացիներու գլխաւոր հարուստութիւնը կը կազմէին։
Չեմ գիտեր ի՞նչու, ես տխուր էի այդ քաղաքին մօտենալու ժամանակ։ Արդեօք անոր համար, որ Տարօնի մարդաշատ, մեծահարուստ քաղաքներէն մնացած էր այդ մէկը միայն, որ այլեւս աւելի մեծ աւանի մը տպաւորութիւնը կը գործէր, քան թէ քաղաքի։ Չկար Կաւ-Կաւ կոչուած ամրաշէն քաղաքը, իր անառիկ Ողական բերդով։ Չկար Ձիւնակերտ քաղաքը, որ Վախթանգ զօրավարը նորոգելով, իր կնոջ անունով կոչեց Պորպէս։ Չկար Օձ քաղաքը, որու ահարկու բերդը շինեց Աշոտ մսակերի որդի Դաւիթ Բագրատունին։ Չկար Վիշապ քաղաքը, որ Վաղարշակի օրերուն հիմնեցին հնդկացի գաղթականները, որ այլ անունով կը կոչուէր Տիրակատար քաղաք։ Չկար եւ Մծուրք քաղաքը, որ հիմնեց Սանատրուկ արքան։ -Բոլո՜րը կորան, անհետացան, մնաց որբացած Մուշը միայն, որ այժմ մռայլ դէմքով կը նայէր բարձրադիր բլուրի գագաթէն, իմ մէջս արթնցնելով տխուր յիշողութիւններ։ Բնութեան վսեմութիւնը, տեսարաններու գեղեցկութիւնը մասամբ կը փարատէին այդ յիշողութիւնները, երբ սկսանք բարձրանալ բլուրի զառիվերը…։
Յաջորդով՝ Մուշ քաղաքը
(Շար. 5)