Աստղաբերդէն ցած իջած ժամանակ, ճանապարհին Ասլան կրկին հայրենագիտութեան փոքր դասախօսութեան մը կ՚ենթարկէ Ֆարհատը, որուն արդէն ծանօթացուցած է հայրենիքին եթէ ո՛չ բոլորը, գոնէ նշանաւոր մէկ մասը. Ասլան սապէս կը պատգամէ երիտասարդ Ֆարհատին.-
Աստղաբերդէն ցած իջած ժամանակ, ճանապարհին Ասլան կրկին հայրենագիտութեան փոքր դասախօսութեան մը կ՚ենթարկէ Ֆարհատը, որուն արդէն ծանօթացուցած է հայրենիքին եթէ ո՛չ բոլորը, գոնէ նշանաւոր մէկ մասը. Ասլան սապէս կը պատգամէ երիտասարդ Ֆարհատին.-
— Հայրենագիտութիւնը գլխաւոր ուսմունքն է անոնց համար, որոնք կը նուիրուին հայրենիքին ծառայելու։ Ո՛վ որ հայրենիքը չէ տեսած, չէ ճանչցած եւ կը կամենայ անոր համար ծառայութիւն մը ընել, կը նմանի այն դերձակին, որ առանց մարդուն տեսնելու, առանց չափը առնելու, անոր համար հագուստ կը ձեւէ։ Նոյնիսկ դերձակը լաւ արհեստաւոր ալ ըլլայ, կարած հագուստը կամ նեղ կու գայ՝ կամ լայն, կամ կարճ կու գայ՝ կամ երկար։ Մէկ խօսքով, այլանդակ բան կ՚ըլլայ։ Այդպիսի սխալի մէջ չիյնալու համար, ես ցոյց տուի քեզ մեր հայրենիքը. շատ երեւոյթներու պատճառները բացատրեցի քեզ, շատ տեղերու եւ շատ ցեղերու հետ ծանօթացար դուն։ Ես ձգեցի քո մէջ ապագայ յառաջադիմութեան սերմերը միայն։ Իսկ գիտութեան լոյսը կը ծլեցնէ, կ՚աճեցնէ եւ պտղաբեր կը կացուցանէ անոնց։
***
Շարունակեցինք մեր ճամբան դէպի Առաքելոց վանքը, որ մօտաւորապէս երեք ժամու ճանապարհով հեռու է Մուշ քաղաքէն եւ կ՚իյնայ անոր հարաւ արեւելեան կողմը, Տաւրոսեան գեղեցիկ լեռնահովիտներէն մէկուն մէջ, բարձր դիրքի վրայ։ Ճանապարհին անցանք Մոգունք գիւղը, որու մերձակայ մօրուտներու (ճախճախուտներու) մէջ ժամանակ մը ձգեցին հինգ հարիւր մոգերու գլուխներ, այդ պատճառաւ ալ կոչուեցաւ Մոգունք կամ «Մոգաց գերեզման»։
Երեկոյեան կիսամռայլի մէջէն վանքի թանձր, ամրոցաձեւ շրջապարիսպը խիստ ճնշող տպաւորութիւն կը գործէր եւ Ասլանի ըսածին համեմատ ես պէտք է միջոց մը փակուէի այդ պարիսպներուն մէջ։ Այդ գաղափարը շատ ճնշող էր եւ ծանր։ Կը նայէի դէպի տասնըվեց դարերու պատկառելի սրբավայրը, կը նայէի դէպի սքանչելի բարձրաւանդակը, որու վրայ կանգնած էր ան, կը նայէի դէպի շրջապատող լեռները, որ գրկած էին զայն, կը նայէի դէպի կանաչազարդ հովիտը, որ սփռուած էր անոր առջեւ, -կը նայէի ու կը մտածէի, թէ հայկական գեղարուեստը, ճարտարութիւնը զարգացաւ վանքերու շինութեան մէջ, իսկ հայկական գեղասէր ճաշակը զարգացաւ տեղերու եւ տեսարաններու ընտրութեան մէջ, որ վայելուչ էին անոնց կառուցման համար։
Պաշտելի շիրիմներ
Երբեմն ամենահասարակ հակադիպութիւն մը կը փարատէ մեր սրտէն ամենածանր տարակուսանքները։ Ասլան յայտնեց, որ ինձ պէտք է թողու այդ վանքը, իսկ ես լռեցի, չյայտնեցի իրեն իմ դժկամակութիւնս։ Բայց երբ, նախ քան վանք հասնիլը, ճանապարհին պատմեց ինծի դեռ չմոռցուած աւանդութիւնը, թէ այդ վանքին մէջ աշխատեր են հայկական դպրութեան Ոսկեդարի ականաւոր մարդիկը, թէ այդ վանքի խլութեան մէջ են կատարուեր անոնց մտաւոր վաստակները, թէ այդ վանքի մէջ են անոնց պաշտելի շիրիմները, -այդ բոլորը լսելով, իմ մտատանջութիւնս ամոքուեցաւ, իմ կասկածներս փարատուեցան, եւ ես խոնարհեցայ անցեալ սրբազան յիշողութիւններու առջեւ՝ -աշխատիլ եւ սովորիլ այն յարկի տակ, ուրտեղ աշխատեր են մեր բազմավաստակ հայրերը, ոգեւորուիլ անոնց անմոռանալի շիրիմներով, եւ սրտով ու հոգւով նուիրուիլ ուսման ճգնութեան։
Առաջինը, որ հեռուէն գրաւեց ուշադրութիւնս, եղաւ վանքի շրջապարսպի արեւելեան կողմը սիւների շարք մը, որոնք բարձր կոթողներու նման կանգնած էին իրար մօտ։ Ասլան զիս տարաւ անոնց մօտ։ Անոնք թւով տասը գեղաքանդակ խաչքարեր էին, դրուած՝ քարէ պատուանդաններու վրայ։ Աւանդութիւնը «Թարգմանչաց գերեզմանք» էր կոչած այդ լուռ յիշատակարանները, որոնցմէ մէկուն վրայ ես կարդացի հայոց անպարտելի փիլիսոփային՝ Դաւիթ Անյաղթի անունը։
Այդ խաչքարերու խումբի առջեւ, փոքր ինչ հեռու, դրուած էին երկու անշուք գերեզմաններ, որոնք մացառներու մէջէն հազիւ թէ կ՚երեւային։ Քարացած մամուռի գորշ-կանաչագոյն խաւերը պատեր էին այդ տապանները. ոչ գիր եւ ոչ թուական կ՚երեւէր. անոնց թուականը, անոնց տապանագիրը դրոշմուած էր ամէն մի զգայուն հայ մարդու սրտին մէջ։ Ժամանակները քարը մաշեցին, գիրը ջնջեցին, բայց սրտերու մէջ անեղծ մնացին անոնք։ Այդ երկու փոքրիկ տապաններուն մէջ կը հանգչին երկու հոյակապ անձեր՝ Մովսէս Խորենացին եւ անոր ընկեր՝ Մամբրէ Վերծանողը։ Հայաստանը յոյն եւ հրեայ սուրբերու անունով անհամար տաճարներ կանգնեց։ Բայց այն մարդը, որ իր գրքով ազատեց Հայաստանը պատմութեան մահէն, որ կեանք եւ անմահութիւն տուաւ անոր, ինքը փոքրիկ մատուռ մը անգամ չստացաւ հայրենի աշխարհի գրկին մէջ։
Եւ այդ տապաններէն քիչ մը հեռուն, մեկուսած է մի այլ տապան, աւելի անխնամ, աւելի տխուր, քան՝ առաջինները։ Լեռնային Հայաստանը իր լեռներու ընտիր քարերէն մին անգամ խնայեց դնել անոր վրայ։ Անտաշ ապառաժներու մի քանի բեկորներ կը ծածկեն պաշտելի մարդուն սրտակոտոր դամբարանը։ Անբա՜խտ վիճակի, անբա՜խտ հակադրութիւն։ Այդ մարդը իր ապրած շրջանին, իր ժամանակի կղերէն հալածուեցաւ, քարկոծուեցաւ, եւ այժմ անոր դամբարանը նոյնպէս ճնշուած է անկարգ քարակոյտի ներքեւ։ Բայց ամէն մարդ, երբ կը լսէ Ղազար Փարպեցիի անունը, խոնարհութեամբ կը ծնրադրէ եւ կը համբուրէ անոր դամբարանի փոշիները։
Այդ դամբարանին հեռուէն տխուր կը նային Սահակ եւ Համազասպ իշխաններու շիրիմները...։
***
Կարծեմ, այս համառօտ տեսութեան մէջ բաւական պարզուեցաւ, որ վանքերը, այլ անուամբ անապատը երկրի անապահով դրութեան եւ նոյն անապահովութենէն յառաջացած ժողովուրդի յուսահատական վիճակի արդիւնքն են։ Աշխարհէն բաւականութիւն չգտնելով, աշխարհէն դժգոհելով, մարդը կը սկսի աշխարհը՝ ատել։ Եւ որովհետեւ ինքն ալ նոյնպէս աշխարհի մի մասը կը կազմէ, հետեւաբար կը սկսի ատել նաեւ իր անձը։ Այստեղէն յառաջ կու գայ այն հոգեւոր-անձնասպանութիւնը, որ կրօնաւորներու լեզուով կը կոչուի ճգնաւորութիւն, խստակեցութիւն եւ մարմնամաշութիւն։ Անապատականը դրսէն, նոյն իսկ աշխարհէն կը ստանայ անձնասպանութեան այդ զգացմունքը եւ իր մթին խուցի մէջ զարգացնելով, կրկին կը վերադարձնէ աշխարհին։ Անոնց յարաբերութիւնները փոխադարձ են։ Եւ այդ պատճառով, անկարելի է չնկատել այն սպանիչ, վհատեցուցիչ ազդեցութիւնը, որ կը գործէ անապատը իր շրջապատող ժողովրդի վրայ, մանաւանդ երբ այդ ժողովուրդը կը գտնուի մտաւորապէս ստոր զարգացման մէջ։ Գործունէութիւնը, եռանդը, աշխատանքը, սէրը դէպի կեանքը՝ կը դադրի այնտեղ, կը տիրէ ընդհանուր մեռելութիւն, եւ վանքը իր շրջակայ բնակիչներով կը ներկայացնէ ընդարձակ անապատ մը... Այդ կէտէն նայելով, անապատներու թիւէն կարելի է իմանալ ժողովուրդի թէ՛ զարգացման աստիճանը եւ թէ՛ գործունէութեան չափը։ Եւ որովհետեւ մեր այս պատմութիւնը կ՚ամփոփուի միայն նեղ շրջանակի մը մէջ, -որն է՝ Հայաստանի նշանաւոր նահանգներէն՝ Տարօն-Վասպուրականը-, ես ցոյց կու տամ, թէ միմիայն Վասպուրական նահանգի մէջ ժամանակին ո՛րքան վանքեր ու անապատներ կային, որոնց թիւէն կարելի է եզրակացնել այն մահացու եւ ծանր հիւանդութիւնը, որ պատճառ դարձաւ այդ նահանգի անկման։
Վասպուրականը Արծրունի նախարարներու սեփականութիւնն էր։ Տասներորդ դարու սկզբին Արծրունի իշխանները այն աստիճան զօրացան, որ անոնցմէ մին՝ Գագիկ, ապստամբեցաւ Բագրատունեաց թագաւորութեան դէմ, եւ դաւաճանութեամբ ստացաւ արաբական ոստիկան Եուսուփէն արքայական թագ։ Անոր հիմնած դժբախտ թագաւորութիւնը տեւեց հարիւր տարիէն քիչ մը աւելի եւ ունեցաւ վեց թագաւորներ միայն։ Անոնցմէ վերջինը՝ Սենեքերիմը, սաստիկ հարուածներ կրելով նոյն իսկ արաբացիներէն ու ապա թուրքերէն, չկարողացաւ երկար դիմանալ եւ 1021 թուին, իր հաճութեամբ, իր տէրութիւնը յանձնեց յունաց Վասիլ կայսրին, եւ փոխարէնը ստացաւ կայսրէն Սեբաստիա քաղաքը իր գաւառներով։ Գահազուրկ թագաւորը 14.000 ձիաւորներով տեղափոխուեցաւ իր ստացած նոր երկիրը բնակութեան համար։ Վասպուրականը դարձաւ յունական նահանգ։
Այն բոլորը, զորս Սենեքերիմ ցուցակով յանձնեց յոյներուն, հետեւեալն էր.-
«10 քաղաք, 72 բերդ եւ 4400 գիւղ»։ Ան չյանձնեց յոյներուն միայն վանքերն ու անապատները, որովհետեւ անոնք Աստուծոյ եւ ժողովուրդի սեփականութիւնն էին։ Վանքերու թիւը կը հասնէր 900-ի, որոնց 115-ը մեծամեծ մենաստաններ էին։ Համեմատեցէ՛ք, թագաւորութիւն մը, որ իր երկրի պահպանութեան համար ունէր 12 բերդ, իսկ աղօթելու համար՝ 900 վանքեր, լի բազմաթիւ կրօնաւորներով, որոնք միշտ կը քարոզէին աշխարհի ունայնութիւնը...
Վասպուրականը յոյների ձեռքը մնաց միայն 107 տարի. վերջը տիրեց Միրան անունով ամիրա մը, որ ինքն իրեն կոչեց Շահ-Արմէն, այսինքն թագաւոր հայոց։
(Շար.՝ 8)