Հայրենագիտութիւն-Հայրենասիրութիւն 4-Տարօն Աշխարհ

Հացիկ կամ Հացեկաց գիւղը, որ քիչ մը դէպի հիւսիսարեւմուտք կը մնայ, այսօր տեղացիներէն ալ կը կոչուի «Հասիկ», Մեսրոպ Մաշտոցի ալ ծնած փոքրիկ գիւղն է։ Իսկ Խասգիւղը, որ այժմ մայրուղիի վրայ ծանօթ գիւղաքաղաք մըն է իր մզկիթի վերածուած մեծ եկեղեցիով, եւ տեղացիներու կողմէ մինչեւ մօտիկ անցեալ կը կոչուէր «Տէր Խարս»։

ՍԱՐԳԻՍ ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ

sseropyan@agos.com.tr

 

— Ամբողջ գիշերը ճանապարհ երթալով, առաւօտեան լոյսի հետ բացուեցաւ մեր առջեւ Մշոյ դաշտը՝ պատմական Տարօն Աշխարհը։ Սիրտս թնդաց ուրախութենէն։ Ո՜րքան բաներ էր պատմեր այդ դաշտի մասին Ասլանը, ո՜րքան ջերմ զգացմունքներով կապուած էր նա իմ հոգուս հետ։ Մեր առջեւ կը բացուէր Սուրբ Արածանիի ջրած 125 Քմ. երկարութիւն եւ 75 Քմ. լայնք ունեցող հարթ, լայնածաւալ հովիտ մը, շրջապատուած բարձրաբերձ լեռներով։ Սկսեալ ամենահին ժամանակներէն, այդ հովիտը եղեր է հանդիսարան ամենամեծ անցքերու, որ կատարուեր է հայկական կեանքի մէջ։

Տարօ՛ն, ինչպէս քաղցր կը հնչես դուն իմ ականջիս, ո՛րքան սիրելի է ինձ քո անունը։ Դուն Հայաստանի հարաւային սահմաններու վահանն էիր. քու վրադ  զարնուելով կը փշրուէին ասորեստանեան զօրութիւնները. քու վրադ զարնուելով, կը խորտակուէր արաբացիի կատաղութիւնը, եւ քու դաշտերդ կ՚ողողուէին թէ՛ քո զաւակներու եւ թէ քո թշնամիի արիւնով։

 

Դաշտի գիւղերը

Մեր ճամբորդները կ՚անցնին Հացիկ գիւղէն, որը Ֆարհատ կը շփոթէ Խասգիւղի հետ, մինչդեռ Մշոյ դաշտին մէջ կան երեք նմանանուն գիւղեր, որոնք առաջին անգամ այս կողմերը եկողներուն կրնան շփոթութեան մատնել։ Ուրեմն Հացիկ կամ Հացեկաց գիւղը, որ միւսներէն քիչ մը դէպի հիւսիսարեւմուտք կը մնայ եւ այսօր տեղացիներէն ալ կը կոչուի «Հասիկ», Մեսրոպ Մաշտոցի ալ ծնած փոքրիկ գիւղն է։ Իսկ Խասգիւղը, որ այժմ մայրուղիի վրայ ծանօթ գիւղաքաղաք մըն է իր մզկիթի վերածուած մեծ եկեղեցիով, եւ տեղացիներու կողմէ մինչեւ մօտիկ անցեալ կը կոչուէր «Տէր Խարս»։

— Մեր պատմաբաններէն մէկը, Փաւստոս Բուզանդ, Հացեկաց գիւղի չորրորդ դարու բնակիչներուն տուաւ «կարճազատք» ածականը, որ կը նշանակէ կարիճներու զաւակներ։ Մեր այժմեան լեզուի մէջ կարճազատը չարաճճի բառի իմաստն ունի։ Հին դարերուն Հացիկի բնակիչները, մանաւանդ կանայք, յայտնի էին իրենց անբարոյական բարք ու վարքով։ Մեր Յուսիկ կաթողիկոսի որդի Պապը մի հարճ ունէր, որ այդ գիւղէն էր։ Այն օրէն անցեր է տասն եւ վեց դար, բայց Հացիկի բնակիչները դեռ իրենց վարք ու բարքը չեն փոխեր։ Այսուամենայնիւ, Հացիկը անմոռանալի կը մնայ ամէն մի հայու համար, որովհետեւ նա Մեսրոպի ծննդավայրն է։

Նմանանուն գիւղերէն երրորդն է «Խարս» կոչուած գիւղը՝ Խասգիւղի մօտ, զոր աննշմար կանցնին մեր ճամբորդները, որովհետեւ այն օրերուն դեռ չէր պատահած Կիւլիզարի առեւանգման դէպքը, որ այնքան մեծ աղմուկ յարուցանած էր ժամանակին, Մշոյ դաշտի հայութիւնը ընդվզեցուցած, մինչեւ իսկ Պոլիս բողոքել տուած, եւ ժամանակի քաղաքական պայմաններու բերմամբ Սուլթանի հրամանով չարագործը իբր թէ դատուած էր։

13 տարեկան որբ աղջիկ մըն էր Կիւլօ, որ կ՚ապրէր իր հօրեղբօր՝, Խարս գիւղացի Ռէս Միրոյի  տունը։ Բայց Մշոյ Կիւլիզարի դէպքին համար եկէք դիմենք Մշեցի ազգային գործիչ Ռուբէնի (Տէր Մինասեան) «Յեղափոխականի մը յիշատակները» անուն գործին, որուն Գ. հատոր էջ՝ 46-47-էն կ՚առնենք այս բաժինը.-

 

Միրոյի Գասպարի տունը

եւ Մուսա բէկը

1887-91 թուականները Դուրան-Բարձրաւանդակի համար եղան երկունքի եւ վերածնութեան շրջան մը։ Մինչ մէկ կողմէ կը պատրաստուէր ժողովուրդի միտքը, կը տարածուէր ուսումը եւ արմատներ կը ձգէին յեղափոխական գաղափարները, միւս կողմէն կ՚ուժեղանային կառավարական հալածանքներն ու քրտական բարբարոսութիւնները։

 

Չուխուրի շրջանին մէջ եւ Խութայ լեռներու քիւրտերու գլխաւորն էր Միրզա բէկի տունէն Մուսա բէկը, որուն սանձարձակութիւնը չափ ու սահմանը անցաւ։ Ան Արգավանք գիւղի ռէսը փոքր անձնական հակառակութեան մը համար ողջ ողջ վառեց Կոտնի գիւղի բուխերիկի մը մէջ եւ այն ալ հանդիսաւոր կերպով։ Մուսա բէկը կը թալանէր ճամբորդներն ու գիւղերը, կը բռնաբարէր կիները։ Անգամ մըն ալ առեւանգեց Ղարս գիւղի Միրոյի Գասպարի տունէն Կիւլիզարը (Հռիփսիմէ), զայն հարս տանելու իր որդի՞ թէ եղբայր Ջազոյի համար։

 

Մուսա բէկի բռնութիւնները արտակարգ գրգռում մը յառաջ բերած էին ժողովուրդի մէջ, որուն համբերութեան բաժակը լեցուեցաւ վերջին առեւանգումին առիթով։ Ժողովուրդը ոտքի ելաւ, բայց չդիմեց զէնքի, այլ ինչպէս Պետրոս Եպիսկոպոսի ժամանակները, 30-ական թուականներուն, իր հոգեւորականներուն ղեկավարութեամբ միահամուռ բողոք ներկայացուց կառավարութեան։ Այդ բողոքին ուժ տալու համար ժողովուրդը դրամ հաւաքեց եւ պատգամաւորներ ուղարկեց Պոլիս, պատժել տալու համար Մուսա բէկը՝ Սուլթանի միջոցով։ 50-ի չափ մարդիկ գացին Պոլիս, Մուսա բէկն ալ գնաց ու արդարացաւ։ Բայց շնորհիւ Կիւլիզարի ճարպիկութեան՝ կառավարութիւնը որոշեց Մուսա բէկը աքսորել եւ թոյլ չտալ անոր վերադարձը՝ Տարօն։

 

Կիւլիզարի դատը տարօնցու համար կիսայաղթանակ մըն էր, որ ձեռք էր բերուած Պոլսոյ մթնոլորտին մէջ, հասարակական կարծիքի եւ եւրոպական ներկայացուցիչներու ճնշման տակ։ Ի՛նչ դրական արժէք կրնար ունենալ Տարօնի ժողովուրդի համար Մուսա բէկի աքսորը, երբ հոն կը մնային տակաւին անոր բազմաթիւ աշիրէթները, անոր եղբայրները, ազգականները եւ թոռները, որոնք ո՛չ մէկ բանով պակաս էին Մուսա բէկէն եւ նախկին սանձարձակութեամբ կը շարունակէին անոր գործը։

***

Ես կրկին սկսայ նայիլ դէպի Մշոյ գեղեցիկ դաշտը։ Մի թիզ անմշակ տեղ չէր երեւար։ Դէպի ամէն կողմ հասունցած հունձքը ոսկեայ ալիքներով կը ծածանւուէր, կը ծաւալուէր եւ խորին բերկրանք կը պաճառէր։ Կը նայէի դէպի աջ. կ՚երեւէին՝ Գրգուռ, Նեմրութ (Նեբրովթ) լեռները, կերեւէին Նեմրութի ուղտերուն քարացած շարքերը, որ տեղացիների լեզուով կը կոչուէին «Ըղտու քարեր»։ Այդ բոլորը կը յիշեցնէին ինձ այն վաղեմի հերոսական արկածները, որ կատարուեր էին Բաբելացոց աստուծոյ՝ Բէլի եւ մեր նախահօր՝ Հայկ-դիւցազնի միջեւ։ Կը նայէի դէպի ձախ. կ՚երեւէր Տաւրոսի շղթան՝ Խութայ բարձր լեռներով, որոնց միւս կողմը՝ շատախցիներ գազաններու հետ կը պատերազմէին։ Իսկ մեր առջեւը Մեղրագետի շամբուտներու մէջ թաքնուած էին Օձ քաղաքի առասպելապատում աւերակները։ Դէպի ո՛ր կողմ որ նայէի, կ՚երեւէին հայրենեաց անմոռանալի յիշատակները։ Բոլորը իմ սրտիս շատ մօտ էին, բոլորը կը լեցնէին սիրտս սրբազան հպարտութեամբ մը, երբ կը մտաբերէի փառաւոր անցեալը, նաեւ միեւնոյն ժամանակ, բոլորը կը լեցնէին սիրտս թախծալի տխրութեամբ մը, երբ կը տեսնէի թշուառ ներկան...։

***

Մեր ճամբորդներուն, որոնց Բաղէշէն միացած է Արփիար անուն Հայ կաթոլիկ երիտասարդ մը, ճամբան կը խաչաձեւուի եւրոպացի հոգեւորականի մը, այլ խօսքով՝ միսիոնարի մը հետ, որ Ասլանը եւրոպացի բժիշկ մը կարծելով, տեղեկութիւններ կու տար Տարօն երկրի պատմութեան մասին, ի հարկ է կրօնական կողմէ միայն, այն ալ ծուռ ու սխալ կերպով.-

— Այդ երկիրը, -կ՚ըսէր միսիոնարը, -լի է այն բոլոր յիշատակարաններով, որտեղ կատարուել են մեր Ս. Լուսաւորիչ հօր հրաշագործութիւնները։ Երբ ան գնաց Կեսարիա եւ Ղեւոնդէս հայրապետէն հայոց քահանայապետ ձեռնադրուեցաւ, վերադարձին Ղէւոնդէս ընծայեց իրեն սրբոց շատ մասունքներ, որ տանի Հայաստան եւ կռատուները քանդելով, անոնց տեղ քրիստոնէական տաճարներ հիմնէ։ Այդ մասունքներու մէջ էին Ս. Յովհաննու Կարապետի եւ Ս. Աթանագինէս հայրապետի նշխարները։ Զոյգ մը սպիտակ ջորիներ կը տանէին այն կառքը, որու մէջ դրուած էին սրբոց մասունքները։ Երբ եկան Տարօն, անցան Եփրատ (Արածանի) գետը եւ մօտեցան Քարքէ լերան բարձունքներուն, այդ միջոցին Աստուծոյ հրամանով ջորիները կանգ առին ու այլ եւս առաջ չգացին։ Ս. Լուսաւորիչը հասկցաւ, որ այնտեղ պէտք էր հիմնել տաճարները։ Բայց այդ լերան գլխուն կային շատ կռատուներ, որոնց մէջ դեւեր կը բնակէին։ Ս. Լուսաւորիչը խաչակնքեց, կռատուները կործանուեցան եւ դեւերը հալածուեցան։ Այնտեղ հիմնեց Ս. Լուսաւորիչը Ս. Կարապետի վանքը եւ անոր մէջ ամփոփեց իր բերած սուրբ մասունքներու մէկ մասը։ Այն դեւերէն մէկը մնաց միայն, որ մինչեւ այսօր կը ծառայէ վանքի մէջ։

— Ի՞նչ կ՚ընէ, -ընդհատեց Ասլան անոր պատմութիւնը։

— Վանքի թոնիրներուն մոխիրը կ՚առնէ եւ ստորերկրեայ աներեւոյթ ճանապարհով կը տանի, ու թափէ Եփրատ գետի մէջ։ Անոր կը կոչեն «Կաղ դեւ», որովհետեւ կռատուները կործանուելու միջոցին քարերէն մէկը ինկաւ, ոտքը կոտրեց։ Լուսաւորիչը ներեց զինքը, որովհետեւ զղջաց, մեղայի եկաւ։

— Ս. Լուսաւորիչը ի՞նչ ազգէ է եղեր։

— Կաթոլիկ է եղեր, այո՛, ուղղափառ եւ բարեպաշտ կաթոլիկ։ Ան, քահանայապետ ձեռնադրուելէն յետոյ, հայոց Տրդատ թագաւորի հետ գնաց Հռոմ՝ ի տեսութիւն Կոստանդիանոս կայսեր եւ Սեղբեստրոս պապի։ Հռոմ արքայավայել ընդունելութիւն գտաւ։ Այնտեղ կնքեց պապի հետ «դաշանց թուղթը», խոստացաւ յաւիտեան հաւատարիմ մնալ Հռոմի սուրբ աթոռին։ Վերադարձին կայսրը շնորհեց թագաւորական պարգեւներ Տրդատին, իսկ պապը շնորհեց հայրապետական պարգեւներ Ս. Լուսաւորչին, որոնց թուումն էր Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալներու նշխարներու մէկ մասը եւ Անդրէաս առաքեալի ահեակ ձեռքը։ Այդ սրբութիւնները ամփոփեց Լուսաւորիչը Առաքելոց վանքի մէջ, որ ինքը հիմնեց։

Ան ցոյց տուաւ, թէ ո՛ր կողմն է Առաքելոց վանքը, եւ աւելցուց.

— Այդ գաւառի բոլոր վանքերը Ս. Լուսաւորչի հիմնածներն են, կ՚ուզեմ ըսել՝ կաթոլիկներու վանքեր են։

— Ուրեմն դուք կը յարգէ՞ք Ս. Լուսաւորչին։  

Ինչպէս չյարգել այնպիսի պաշտելի անձնաւորութիւն մը, որ ամբողջ աշխարհ մը հեթանոսութենէ քրիստոնեայ դարձուց։ Մենք մեր այստեղի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ ունինք Ս. Լուսաւորչի պատկերը եւ դիտաւորութիւն ունինք Մուշի մէջ անոր անունով առանձին եկեղեցի մը կառուցանել։ Ս. Լուսաւորիչը իսկապէս մեզի կը պատկանի եւ ո՛չ թէ հայերուն, որոնք յետոյ խոտորուեցան անոր ուղղած ճանապարհէն։

(Շար.՝ 4)