Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 14 Դեկտեմբեր 2024, Շաբաթ երեկոյ, այցելեց Պերճուհի Պէրպէրեանի անհատական ցուցահանդէսը, որ տեղի ունեցաւ Կեդրոնական Սանուց Միութեան սրահին մէջ։ Պատրիարք Հօր կ՚ընկերանային Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։
Պատրիարք Հայրը ցուցահանդէսի մուտքին դիմաւորուեցաւ միութեան ատենապետ Գէորգ Սիմքէշեանի, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական Ազգ. Վարժարանի Խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեանի եւ միութեան անդամներու կողմէ։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին, Մեր Հոգեւոր Պետը տեղեկութիւններ ստացաւ միութեան գործունէութեան եւ ցուցահանդէսի բովանդակութեան մասին։
Այնուհետեւ Պերճուհի Պէրպէրեան իր գործերուն մասին մի առ մի տեղեկութիւններ փոխանցեց մեր Հոգեւոր Պետին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իր ներկայութեան համար։ Իսկ Պատրիարք Հայրը, գնահատեց նկարչական գործերը եւ ուրախութիւն յայտնեց, որ համայնքիս արուեստագէտներէն մէկը անգամ մը եւս իր նկարչական արուեստով կը ներկայանար հանրութեան։
Միութեան Ատենապետը եւս իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Մեր Հոգեւոր Պետին, որ իր ներկայութեամբը պատուած էր ցուցահանդէսը։ Հանդիպման աւարտին տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, որու ընթացքին ներկաներ առիթն ունեցան զրուցելու արուեստագիտուհի Պերճուհի Պէրպէրեանի եւ իրարու հետ։