Արմէնիքա»-ի ելեկտրոնային գրադարանի բացումը

«Ազատա­մարտ» միու­թեան կող­մէ հրա­տարա­կուող «Ար­մէ­նիքա» պար­բե­րաթեր­թի գլխա­ւոր առաջ­նա­հեր­թութիւննե­րէն մէ­կը կը հան­դի­սանայ յու­նա­հայ գա­ղու­թի պատ­մա­կան եւ մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գութեան պահ­պա­նու­մը եւ փրկու­թիւնը։ Թեր­թեր, պար­բե­րաթեր­թեր եւ գիր­քեր, որոնց մէկ մա­սը կու գայ 19-րդ դա­րէն, պահ­պա­նուե­ցան անձնա­կան հա­ւաքա­ծոնե­րու մէջ, շնոր­հիւ խղճմիտ հայ­րե­նակից­նե­րու, ինչպէս նաեւ հա­ւաքա­կան ջան­քե­րով՝ գա­ղու­թա­յին կա­ռոյցնե­րուն կող­մէ։

Ար­խի­ւային «Գան­ձա­րան»ը թան­կա­գին տե­ղեկու­թիւննե­րու աղ­բիւր մը կը հան­դի­սանայ՝ այնքան մեր ազ­գի պատ­մութեան կա­պակ­ցութեամբ, որ­քան նաեւ Յու­նաստա­նի քա­ղաքա­կան, ըն­կե­րային եւ տնտե­սական կեան­քին առնչու­թեամբ։

Մեր փա­փաքն է ո՛չ միայն հա­ւաքագ­րել պատ­մա­կան գան­ձե­րը, այլ նաեւ զա­նոնք մատ­չե­լի դարձնել հան­րութեան եւ հե­տաքրքրո­ւող ան­ձե­րուն՝ ելեկտրո­նային մի­ջոց­նե­րու կի­րար­կումով։ Եր­կու տա­րուան հե­տեւո­ղական եւ

սպա­ռիչ աշ­խա­տան­քէ ետք, «Ար­մէ­նիքա» պար­բե­րաթեր­թը ու­րա­խու­թեամբ եւ գո­հու­նա­կու­թեամբ հան­րութեան տրա­մադ­րութեան տակ կը դնէ ելեկտրո­նային գրա­դարան-ար­խիւ մը՝ kantsaran.gr անու­նով։ Թո­ւայ­նա­ցու­մի այս յոյժ կա­րեւոր աշ­խա­տան­քը, որ մեկ­նարկեց «Գա­լուստ Կիւլպէն­կեան» հիմ­նարկի նիւ­թա­կան աջակ­ցութեամբ, առայժմ կը պա­րու­նա­կէ 750 հրա­տարա­կու­թիւննե­րու յատ­կանշա­կան հա­ւաքա­ծոյ մը, որ տա­րածո­ւած է 17.000 էջե­րու վրայ։ Թեր­թեր, պար­բե­րաթեր­թեր, գիր­քեր, յա­տուկ հրա­տարա­կու­թիւններ եւ ձե­ռագ­րեր մաս մը միայն կը կազ­մեն յու­նա­հայու­թեան հրա­տարակ­չա­կան հսկայ աշ­խա­տան­քին, մա­նաւանդ միջ­պա­տերազ­մեան շրջա­նի ըն­թացքին։ Այս հրա­տարա­կու­թիւննե­րու բա­ժին մը եզա­կի նմուշներ են, որոնք կա­րելի չէ գտնել այլ գրա­դարան­նե­րու կամ հա­ւաքա­ծոնե­րու մէջ։ Իւ­րա­քան­չիւր ար­խիւ դա­սաւո­րուած է ըստ տե­սակի, վեր­նագրի եւ թո­ւակա­նի՝ անոր կցե­լով մաս­նա­յատուկ նկա­րագ­րա­կան մը։

Մեր նպա­տակն է kantsaran.gr գրա­դարա­նը շա­րու­նա­կաբար օժ­տել թո­ւայ­նա­ցած նոր ար­խիւնե­րով, որ­պէսզի իւ­րա­քան­չիւր հե­տաքրքրո­ւող անձ եւ հե­տազօ­տող հնա­րաւո­րու­թիւնը ու­նե­նայ տե­ղեկու­թիւն քա­ղել Յու­նաստա­նի հայ հա­մայնքի պատ­մութեան եւ մշա­կու­թա­յին ինքնու­թեան մա­սին։

Մաս­նա­գէտ­նե­րուն հա­մաձայն, ար­խիւնե­րու թո­ւային պահ­պա­նու­մը վախ­ճա­նական ժամ­կէտ չու­նի, ի տար­բե­րու­թիւն թուղթին, որ ժա­մանա­կի ըն­թացքին փճա­ցու­մի եւ կորստեան կը մատ­նո­ւի։ Այս իրա­կանու­թեան տակ, «Գան­ձա­րան»ի թո­ւայ­նացման աշ­խա­տան­քը կ‘երաշ­խա­ւորէ Յու­նաստա­նի հայ հա­մայնքի հրա­տարակ­չա­կան հա­րուստ գոր­ծունէու­թեան յա­ւեր­ժա­կան պահպանումը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ