ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Ամբողջ

Շաբաթ մը առաջ, յար­գե­լի ըն­թերցող, ծա­նօթա­ցեր էինք «կէս» բա­ռի ամ­բողջա­կան պատ­մութեան։ Կը յի­շէ՞ք. կէս էին մեր սէ­րերը, երազ­նե­րը՝ կէս, լե­զուն՝ կի­սուած, ան­ցեալը՝ կի­սամեռ։ Ափ­սոս, հա­յու Ոս­կե­դարն ալ տե­ւած էր լոկ կէս մը դար։ «Կէս» բա­ռը, հա­կառակ իր մանր եւ միավանկ կազ­մին՝ ծնունդ տո­ւած էր կէս հա­զարէ աւե­լի բարդ բա­ռերու։ Այդ օր եր­կու կէս քով քո­վի դրի, եւ որո­շեցի «ամ­բողջ» բառն ալ յի­շել, որ­պէսզի զրոյցս չմնայ կի­սաւարտ, եւ կո­չուի՝ ամ­բողջա­կան։ Այ­նուհե­տեւ թեր­թե­ցի մեր գրա­կանու­թեան բազ­մա­թիւ էջեր ու յամ­րօ­րէն գրե­ցի քա­ղուածքս։ Ուստի, կէս­գի­շերա­յին այս ան­դորր ժա­մերուն, ամ­բողջ նո­ւիրու­մով ականջ տանք հայ աշու­ղի, բա­նաս­տեղծի կամ իմաս­տուն վար­դա­պետի մը խօս­քե­րուն, - քա­նի մը խե­լագար, պան­դուխտ եւ սի­րավառ այ­րեր - , ու լիովին վա­յելենք հա­յոց մայ­րե­նին որ ական­ջա­հաճոյ է։

Տա­ռապանքնե­րու
ամ­բողջու­թիւն մը

Եւ ի՞նչ ընէր ազգս, որուն ամ­բողջ կեան­քին կէ­սը տա­ռապանք էր, տա­ռապանք եւ դառ­նութիւն. Գոր­ծա­ծեցինք «ամ­բողջ» բա­ռը, որ­պէսզի բա­ցատ­րենք մեր ող­բերգու­թեան եւ վիշ­տի հսկա­յու­թիւնը։ «Հին Աս­տո­ւած­ներ» թա­տերա­խաղի մէջ ահա եւ այսպէս խօ­սեցաւ Մա­րիամ իշ­խա­նու­հիի սի­րով տան­ջո­ւած Յով­հաննէս վա­նահայ­րը. «Ի՞նչ կ’ու­զես, կին, ի՞նչ կ’ու­զես դուն ինձմէ։ Ամ­բողջ կեան­քիս կէ­սը տա­ռապանք տո­ւիր ին­ծի, տա­ռապանք եւ դառ­նութիւն»։ 1912 թո­ւակա­նին Եղի­շէ Չա­րեն­ցը ճա­կատի վրայ էր, կա­մաւո­րական զի­նուոր։ Ահ­ռե­լի էր մար­տի պատ­կե­րը եւ տղան գրեց. «Գի­շերն ամ­բողջ հի­ւանդ, խե­լագար, / Ես երա­զեցի արե­ւի մա­սին»։ Գա­րեգին Նժդե­հը փոր­ձեց հա­յոց ողջ ող­բերգու­թիւննե­րու պատ­ճա­ռը մէկ­նա­բանել։ Ըստ անոր՝ պատ­ճա­ռը քրիս­տո­նէու­թիւնն էր. «Քրիս­տո­նեական սի­րոյ խոր­հուրդը ամ­բողջ դա­րեր պատ­ճառ է դար­ձել մեր ժո­ղովրդի անօ­րինա­կան ող­բերգու­թեան»։ 1280 թո­ւակա­նին վար­դա­պետ, մա­տենա­գիր եւ բա­նաս­տեղծ Յով­հաննէս Երզնկա­ցին մե­զի բա­ցատ­րեց, թէ ի՚նչպէս կ’անցնի սրբա­զուրկ խո­զի մը ամ­բողջ օրը. «Խոզն ի՞նչ գի­տէ գո­հարն ինչ է, նա ամ­բողջ օրն աղբ է փո­րում»։ Բայց օրեր եղան եւ հա­յը սի­րոյ տա­ղեր հիւ­սեց «ամ­բողջ» սիր­տով…

Ես սի­րեցի ամ­բողջ սիր­տով

19-րդ դա­րը եւ 20-ի սկիզ­բը ամ­բողջ գե­ղեց­կութիւն մըն էր։ Յոյս։ Երազ։ Քիչ մըն ալ տան­ջանք։ Լաւ տե­սակը, զոր սէ­րը կը պատ­ճա­ռէ։ Այդ տա­ռապող­նե­րէն մէկն էր Պա­րոյր Սե­ւակը, որ քուն չու­նե­ցաւ ամ­բողջ գի­շեր. «Քո աչ­քե­րի՚, քո աչ­քե­րի՚, քո աչ­քե­րի՚ պատ­ճա­ռով / Իմ աչ­քե­րը ամ­բո՚ղջ գի­շեր, ամ­բո՚ղջ գի­շեր չե՜ն փակ­ւում»։ Մէկ այլ ան­քուն մարդ էր Հա­մօ Սա­հեանը. «Ես ամ­բողջ գի­շեր քեզ էի կան­չում, / Քեզ էի յի­շում ես ամ­բողջ գի­շեր, / Ինձ ամ­բողջ գի­շեր քո սէրն էր տան­ջում, / Ախ էի քա­շում ես ամ­բողջ գի­շեր»։ Ի՞նչ էր այդ եր­գա­խառն, քնա­րական ցա­ւի ներշնչման աղ­բի­ւը, մտած­ցի։ Պետ­րոս Դու­րեանը եկաւ օգ­նութեան. «Բնու­թիւնն ամ­բողջ երգ մ՛է»։ Ապա երա­ժիշտ պա­րոն մը յայտնո­ւեցաւ, Առ­նօ Պա­պաճա­նեանն էր որ նա­խադա­սու­թեան մը մէջ ամ­փո­փեց իր ամ­բողջ կեան­քը. «Ամ­բողջ կեան­քում նման եմ եղել պա­շարո­ւած ամ­րո­ցի։ Այո, ես պա­շարո­ւած եմ հնռիւննե­րով»։ Ռաֆ­ֆին մե­զի բա­ցատ­րեց ազ­գա­յին լու­սա­ւորու­թեան գաղտնի­քը. «Մի լաւ գիրք կա­րող է փրկել մի ամ­բողջ ազգ»։ Իսկ երբ հա­յոց աշ­խարհի ամ­բարնե­րը ամ­բողջու­թեամբ լե­ցուե­ցան ցո­րենով, այ­գի­ները ցնծա­ցին, գի­նին յոր­դե­ցաւ բա­ժակ­նե­րէն՝ այ­գե­կութք էր, հայ աղ­ջիկնե­րը, Սիաման­թօն պատ­մեց՝ «… կա­լերուն դէմ ամ­բողջ օրը պա­րեցին»։ Այդ օր, միամիտ կոյս մը ան­փորձ, իր առա­ջին մեղ­քը պի­տի գոր­ծէր։ Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նը եր­գեց այդ եր­գը։ Այդ օր հո­վիւ մը ճեր­մակ աղջնա­կի սիր­տը գրա­ւեց իր քաղցր խոս­տումնե­րով. «Ես քու զո­հիդ արիւ­նէն / Դաշ­տերն ամ­բողջ ծա­ղիկ­նե­րով կը լեց­նեմ»։

Կը պատ­կա­նիս ամ­բողջ
աշ­խարհին

«Ամ­բողջէ բա­ռը յար­մար եկաւ, երբ հայ մը մէկ այլ հա­յու բարձր արո­ւես­տի հա­մար վկա­յու­թիւն փա­փաքե­ցաւ տալ։ Այ­նուհե­տեւ, Տէ­րեան­ներ, Աղա­յեան­ներ, Թո­րամա­նեան­ներ ար­ժա­նացան այդ բա­ռին։ Ահա, քա­նի մը ար­դար գնա­հատանք. «Մի կարճ մի­ջոցում Տէ­րեանն ու­նե­ցաւ հե­տեւորդնե­րի մի ամ­բողջ բազ­մութիւն», Ստե­փան Զո­րեան, «Սա­յաթ-Նո­վան պատ­կա­նում է ամ­բողջ Կով­կա­սին», Գե­ւորգ Բա­շին­ջա­ղեան, «Ամ­բողջ սե­րունդներ Աղա­յեանից սո­վորե­ցին խօ­սել եւ սի­րել մայ­րե­նի լե­զուն», Դե­րենիկ Դե­միր­ճեան, «Թո­րամա­նեանը, ցոյց է տա­լիս Եւ­րո­պային ու ամ­բողջ աշ­խարհին, թէ գո­յու­թիւն է ու­նե­ցել հայ­կա­կան ինքնու­րոյն ճար­տա­րապե­տու­թիւն»։ Իսկ ի՞նչ հրաշք կը պա­տահէր երբ Լու­սի­նէ Զա­քարեանը ամէն ան­գամ կ’եր­գէր Էջ­միած­նի մէջ։ Կա­թողի­կոս Վազ­գէն Ա.ը ակա­նատես եղաւ հրաշ­քի մը. «Երբ Լու­սի­նէն եր­գում է «Սուրբ, սուրբը», ամ­բողջ հրեշ­տակնե­րը բազ­մութեամբ իջ­նում են Մայր Աթոռ»։

Ամ­բողջա­կան եր­կեր

Հայ­կա­կան գրա­խանու­թի մէջ գիր­քի ո՞ր անու­նին յա­ճախ կը հան­դի­պինք։ Կաս­կած չկայ. «Ամ­բողջա­կան եր­կեր»։ Գրե­թէ ամէն հե­ղինակ ար­ժա­նացած է «Ամ­բողջա­կան Եր­կե­ր» մը ու­նե­նալու պա­տիւին։ Նպա­տակ չու­նիմ բո­լորը թո­ւելու, սա­կայն կան այլ հրա­տարա­կու­թիւններ, որոնք ամ­բողջ ազ­գը եւ եր­կի­րը յու­զող հար­ցե­րու շուրջ էին, հե­տեւա­բար կ’ար­ժէ յե­տադարձ ակ­նարկ մը նե­տել եւ նկա­տել զա­նոնք, ինչպէս՝ «Հո­վիւին խրատ­նե­րը ուղղո­ւած Ատա­նայի ու ամ­բողջ թե­մական ժո­ղովուրդին», 1908, Պո­լիս, «Ժո­ղովա­ծու թո­ւաբա­նական խնդիր­նե­րի ։ Ամ­բողջ թո­ւեր», Թիֆ­լիս, 1875, «Աշ­խարհա­բարի քե­րակա­նու­թիւնը ։ Ամ­բողջու­թեամբ», Շու­շի, 1893, «Ռոս­տամ եւ Սոհ­րաբ։ Ամ­բողջ վէպ», Շու­շի, 1893, «Ամ­բողջ Կով­կա­սի աշ­խա­տաւոր մաս­սա­ներին», Բա­գու, 1919։ Այդ օրե­րուն Բար­սեղ Կա­նաչեանը նո­րարա­րական գիրք մը հրա­տարա­կեց. «Ձայ­նագրո­ւած հայ­կա­կան եր­գա­րան։ Կը պա­րու­նա­կէ ազ­գա­յին, յե­ղափո­խական, սի­րային եւ զո­ւար­ճա­լի եր­գեր, ամ­բողջն ալ եւ­րո­պական նօ­թանե­րով եղա­նակա­ւորո­ւած», Կ. Պո­լիս, 1909։ Պա­տահե­ցա՞ւ, որ «ամ­բողջ» բա­ռը յայտնո­ւի հայ­կա­կան եր­գե­րու մէջ։ Հար­ցումիս պա­տաս­խա­նը գտայ եր­գա­րան­նե­րու մէջ…։

Ամ­բողջ հո­գով եր­գե­ցի

«Ամ­բողջ» բա­ռը քնա­րական ըլ­լա­լու հա­ւակ­նութիւ­նը ու­նի։ Մինչ անոր կէ­սը՝ «կէս» բա­ռը սի­րային տխուր եր­գե­րու մէջ գոր­ծա­ծու­թիւն ու­նէր՝ «ամ­բոջ» բա­ռը մենք լսե­ցինք կե­նասէր տա­ղերու մէջ։ Հա­մեմա­տենք եր­կուքը. ԿԷՍ։ »Տա­րար իմ կեան­քի կէ­սը», «Սի­րու­հիս, քեզ հա­մար կեանքս կէս ելաւ», «Կեանքս մա­շուել, եղել է կէս»։ ԱՄ­ԲՈՂՋ։ «Ամ­բողջ հո­գով քեզ եմ սի­րել», «Ամ­բողջ ջանս քեզ լի­նի»։

Ի՞նչ ես դուն ամ­բողջո­վին

Պոլ­սա­հայ բա­նաս­տեղծ Զահ­րա­տը, ընդհան­րա­պէս կա­տակա­սէր մարդ եւ քիչ մըն ալ «աղո­ւէս», - ինչպէս իր ըն­կերներն են կո­չած զինք, - օր մը լրջա­ցաւ եւ իմաս­տա­սիրեց «ամ­բողջ» ըլ­լա­լու եւ չըլ­լա­լու մա­սին։ Մենք հասկցանք, թէ ան գո­յու­թեան եւ ինքնու­թեան հարց էր. «Տար­բեր ըլ­լա­լու պա­հան­ջը / Ամ­բողջու­թեան մէջ ամ­բողջին նման / Չկոր­սո­ւիլն է / Ձեր ամ­բողջ դա­տը / Ամ­բողջու­թեան մէջ չկոր­սո­ւիլը»։ Այ­սօր, յար­գե­լի ըն­թերցող, չյօ­րինո­ւած եր­գով մը կը փա­փաքիմ ձե­զի հրա­ժեշտ տալ. Պա­րոյր Սե­ւակի սի­րային մէկ ստեղ­ծա­գոր­ծութեան պա­տառիկ­ներն են, ուր «ամ­բողջ» բա­ռը ան­սա­կարկ նո­ւիրու­մի նշանն է. Իսկ ես ձե­զի ամ­բողջ սիր­տով մաղ­թեմ խա­ղաղու­թիւն եւ գրա­կանու­թեամբ լի օրեր.

Եկար փա­րուե­ցիր՝

Քո ամ­բողջու­թեա՜մբ։

Դու չե՞ս կա­մենում,

որ ամ­բողջ գի­շեր

Քնա­րը հնչի։

Եւ ես սի­րում եմ քեզ՝

ամ­բողջո­վի՜ն։

Իսկ ի՞նչ ես,

ի՞նչ ես դու ամ­բողջո­վին։