ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Էլի կը բացուի օրը, էլի գարուն կու գայ

Սա վեր­ջին քա­նի մը տա­րինե­րու ըն­թացքին, որ­քան յա­ճախ լսե­ցինք Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան փոքր եր­կիր մը ըլ­լա­լու հաս­տա­տու­մը։ Ան­շուշտ որ ճիշդ է այդ հա­տատու­մը, նախ եւ առաջ դի­տելով Հա­յոց Հան­րա­պետու­թեան աշ­խարհագ­րա­կան դիր­քը։ Փոք­րիկ տա­րածու­թիւն մը, որ զուրկ է ծովափեայ շեր­տէ մը։ Իր տա­րած­քին կա­րեւոր մէկ մա­սը քար­քա­րուտ է, հե­տեւա­բար ձեռնտու չէ հո­ղամ­շակման։ Ջու­րի պա­շար­նե­րը սահ­մա­նափակ, ստո­րերկրեայ հարստու­թիւնն ալ ոչ այնքան հրա­պու­րիչ։

Բնակ­չութիւ­նով ալ փոքր է Հա­յաս­տա­նը։ Իր հա­րազատ ժո­ղովուրդի հա­զիւ մէկ եր­րորդն է որ կ՚ապ­րի հայ­րե­նի հո­ղին վրայ։ Աւե­լի մեծ մա­սը ցի­րու­ցան է աշ­խարհի տար­բեր եր­կիրնե­րուն։

Միւս կող­մէ այդ ցի­րու­ցան հա­տուա­ծը որ­քան ալ ու­ծացման շե­մին գտնո­ւի, ան­բա­ժան մաս­նիկն է հայ ժո­ղովուրդին։

Մենք վե­րադառ­նանք դար­ձեալ Հա­յաս­տա­նի ընդհա­նուր պատ­կե­րին եւ տես­նենք որ այս զրկանքնե­րով լե­ցուն փոքր երկրի սե­փական բա­նակն ալ ան­զօր է եր­կի­րը պաշտպա­նելու հա­մար։ Ճիշդ այս թե­րու­թիւննե­րը տես­նե­լով դար­ձեալ վեր­ջին տա­րինե­րուն հա­սարա­կու­թեան մէջ գո­յացած է հա­կադ­րո­ւած եր­կու կար­ծիք։ Անոնցմէ մէ­կը երկրի ապա­գան կը տես­նէ ար­ծի­ւի մը ճան­կե­րուն մէջ, իսկ միւ­սը ար­ջի մը թա­թերուն։

Պատ­մութիւ­նը բա­ւակա­նին դաս չէ եղած հասկնա­լու հա­մար թէ օտա­րին ապա­ւինի­լը նաեւ կը նշա­նակէ եր­կիրը ան­տէր թո­ղուլ։ Ու­րեմն եթէ եր­կի­րը ու­նի բնակ­չութիւն, միայն անոր կամքն է իս­կա­կան երաշ­խի­քը։

Այս խոր­հուրդնե­րուն մատ­նո­ւեցայ տես­նե­լով Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան Կեդ­րո­նական Դրա­մատան թո­ղար­կած վեր­ջին մե­տաղեայ 1000 դրա­մանո­ցը, որ ձօ­նուած է երգչու­հի Գո­հար Գաս­պա­րեանի հա­րիւ­րա­մեակին։

Իս­կոյն մտա­բերե­ցի հայ­կա­կան թղթադ­րամնե­րը, որոնց վրայ պատ­կե­րուած են Յով­հաննէս Թու­մա­նեան, Եղի­շէ Չա­րենց, Աւե­տիք Իսա­հակեան, Պա­րոյր Սե­ւակի նման հայ գրա­կանու­թեան հսկա­ները։

Յի­շեցի նաեւ այլ եր­կիրնե­րու թղթադ­րամնե­րուն վրայ տեղ գտած դէմ­քե­րը։ Այդ բաղ­դա­տու­թիւնը ընելով, իբ­րեւ հայ­րե­նի երկրի հպարտ քա­ղաքա­ցի ան­գամ մը եւս հրճո­ւեցայ։ Վե­րանա­յեցայ Հա­յաս­տա­նին փոք­րութե­նէն դժգո­հող գրիչ­նե­րուն։ Անոնցմէ շա­տեր ար­դէն կա­պը խզած են իրենց հայ­րե­նիքի հետ եւ տա­կաւին շա­տեր ալ խզե­լու մի­ջոց­նե­րը կը որո­նեն։ Ան­հա­ւատա­լի զո­հողու­թիւններ կը դի­մագ­րա­ւեն այս կամ այն երկրին քա­ղաքա­ցի դառ­նա­լու, գո­նէ առ­նո­ւազն կա­նանչ քար­տին տի­րանա­լու հա­մար։

Ես ու­րախ եմ իմ երկքա­ղաքա­ցիու­թեամբ եւ լա­ւատես ապա­գայի նկատ­մամբ գիտ­նա­լով ծա­ռի բո­ղոքը կա­ցինի հան­դէպ. «Դուն չէիր կրնար հա­տել զիս, բայց ի՞նչ ընեմ որ բռնիչդ ինձմէ է»։

Հոս եւս չու­նինք վհա­տելու կամ յու­սալքո­ւելու պատ­ճառ, քա­նի որ պատ­մութեան էջե­րը լե­ցուն է մեզ հա­տել փոր­ձող եւ բռնի­չը մե­զմէ կա­ցին­նե­րու հա­րուած­նե­րով։

Եթէ 40 դա­րեր դի­մադ­րեր ու պա­հեր ենք մեր գո­յու­թիւնը, ան­ցեր ենք շատ աւե­լի խա­ւար շրջան­ներ, ինքնավստահ կրնանք հա­ւատալ թէ էլի կը բա­ցուի օրը, էլի գա­րուն կու գայ եւ մենք էլի կը մնանք Արա­րատի պատ­կե­րը դի­մաց­նիս ու­նե­նալով։

pakrates@yahoo.com