Հայրենագիտութիւն Հայրենասիրութիւն 11-Մհերի Դուռ՝ ապառաժ յիշողութիւնը

Նկատի ունեալով, որ Սրուանձտեանցի այս խօսքերը մեկուկէս դար առաջ գրի առնուած են, եւ այդ օրերուն ուրարտագիտութիւնը այսօրուան մակարդակին չէր հասած, զանց կ’առնենք բեւեռագրերու մասին խօսքերը եւ այս անգամ խօսքը կու տանք պատմութեան ուսուցիչ Գէորգ Մեսրոպին եւ անոր «Նախահայաստանի Պատմութիւն-Ուրարտու» անուն գործին.

ՍԱՐԳԻՍ ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ

sseropyan@agos.com.tr

Երբ մեր նիւթն է Վանայ ժայռի վրայ քանդակուած Մհերի Դուռը, ընթերցողի ներողամտութեան ապաւինելով մաս մըն ալ կ՚արտատպենք 2010 Սեպտեմբերին մեր «Սարէն-Ձորէն» խորագրի տակ հրատարակած յօդուածէն։

«Կը հետեւինք մեր ուխտագնացութիւններու անզուգական առաջնորդ Գարեգին Եպսկ. Սրուանձտեանցին եւ ոտք կը դնենք՝ Այգեստան, կը մտնենք Զըմփ-զըմփ մաղարա անուն ընդարձակ քարայրը, ուր ձայն արձակած ժամանակ զըմփ-զըմփ կ’արձագանգէ։:Քարայրի ամենամութ անկիւնը քարէ փորուած դուռ մը կը ցուցնեն, ուրկէ սաստիկ քամի կը փչէ եւ կը պատմեն, թէ այդ լեռնափոր ուղին կը տանի մինչեւ Վանայ Բերդի մէջը։ Իսկ Մհերի Դուռը ամենալերկ քար է, զոր տաշեր եւ կոփեր են մեծ դրան ձեւով եւ վրան բեւեռագիռ գրած են խիստ յստակ…»։:

***

Նկատի ունեալով, որ Սրուանձտեանցի այս խօսքերը մեկուկէս դար առաջ գրի առնուած են, եւ այդ օրերուն ուրարտագիտութիւնը այսօրուան մակարդակին չէր հասած, զանց կ’առնենք բեւեռագրերու մասին խօսքերը եւ այս անգամ խօսքը կու տանք պատմութեան ուսուցիչ Գէորգ Մեսրոպին եւ անոր «Նախահայաստանի Պատմութիւն-Ուրարտու» անուն գործին.

«Ըստ աւանդութեան, Մհերի Դրան վերեւէն սեւ ջուր մը կաթ-կաթ կը ծորի։ Կ՚ըսեն թէ` Մհերն ու իւր ձին Աստուծոյ հրամանով փակուեր են այնտեղը։ Այն սեւ ջուրը Մհերի ձիուն շեռն է։ Այդ դրան ետին ճախրի ֆալակ կը դառնայ, այսինքն աշխարհի մարդկանց կամ երկրագունդին ճախրը, անիւը, չարխը։ Մհերը այդ ճախրի դադարումով պիտի ազատուի եւ դուրս ելլելով աշխարհը աւերէ։ Եւ թէ ամէն տարի Համբարձման գիշերը երկինք գետին իրար կը համբուրեն, այդ րոպէին Մհերի Դուռը կը բացուի եւ ո՛վ որ արթուն մնացեր ու այդ վայրկեանը տեսեր է, ինչ որ սիրտն ուզեր այնպէս եղեր է։ Որովհետեւ Մհերի Դուռը բաց է այն րոպէին, ով որ ներս մտնէ, որքան ոսկի ուզէ կ՚առնէ դուրս կ՚ելլէ, վասնզի հոն աշխարհի ոսկին կուտակուած է։ Թէեւ քանի մը մարդիկ փորձեր են ու ագահ լինելով շատ վերցնելու համար ուշացեր, դուռը գոցուեր, ներսը մնացեր են»։:

«Ուրեմն՝ այս կերպով Մհեր կը լինի աշխարհի բախտը դարձնող ու ոսկի բաշխող չաստուած մը։ Գուցէ Մհեր Արեւու Աստուած Մեծն Միհրը լինի եւ իւր դուռը ուղղակի հարաւոյ կամ արեւու հանդէպ լինելով՝ պաշտելու պատշաճ…»։

***

Ուրարտուի արքաներ Մենուա եւ Իշպուինէ Ն.Ք. Թ. դարուն փորագրեցին Մհերի Դուռը եւ վրան արձանագրեցին բեւեռագրերով Վանեցիներու կրօնական պատկերացումները։ Այդ օրէն վերջ Մհերի Դուռը դարձաւ Ուրարտուի գլխաւոր աստուած Խալդէի պաշտամունքի վայր, մինչեւ Վանի Թագաւորութեան անկումը, որմէ ետք ան նոյնացաւ Միհրի պաշտամունքի հետ։ Դուռի չափերն են մօտ 2 մեթր լայնք եւ 4,5 մեթր բարձրութիւն։ Իսկ ժայռի ստորոտէն կարելի է բարձրանալ մինչեւ դրան սեմը, մօտ՝ 20 մեթր։

***

Վերջաւորութեան պարտիմ դիմել բոլորէն աւելի սիրելի ու նուիրական աղբիւրի մը եւ փոխառնել ժողովրդական առասպելներէն, այսինքն՝ գուսան երգիչներէ մեզի հասածներէն.

Դարուս մեծագոյն բանասէր գիտնականներ՝ Յովսէփ Օրբելի, Մանուկ Աբեղեան, Գէորգ Աբով եւ Արամ Ղանալանեանի կազմած «Սասունցի Դաւիթ» հերոսական դիւցազներգութեան վերջերգը կը վերաբերի «Պստիկ Մհեր»ին։

Ինչպէս ծանօթ է բոլորիս, Սասունցի Դաւիթի հայրն էր Մեծ Մհերը, Առիւծաձեւ, քանի որ ան առիւծ մը ձեւած՝ երկուքի բաժնած էր։ Իսկ Դաւիթի որդին ալ կոչուած էր իր պապի անունով՝ Մհեր, որը զանազանելու համար պապէն, կոչած էին Պստիկ՝ Փոքր Մհեր։

Բայց այս Փոքր Մհերը այնքան հսկայացած էր, որ այլեւս ծերացած աշխարհը չէր կրնար կրել անոր ծանրութիւնը, եւ հողին մէջ կը խրուէր իր ձիուն՝ Քուռկիկ Ջալալիի սմբակները։ «Այն ատեն Մհեր եկաւ հասաւ Վանայ մօտ սարի տակ ժայռի մը առաջ. թուրը որ զարկաւ, քարը երկուքի բաժնուեցաւ, ինք եւ ձին գացին մէջը, քարը եկաւ իրար կպելով գոցուեցաւ…»։

Վերջերգ

Կ՚ասեն տարին էրկու անգամ

Էդ քար իրարուց կը բացուի,

Մէկ անգամ՝ Վարդեւորին,

Մէկ անգամ՝ Համբարձման։:

 

Որ քար կը բացուի, Մհեր

Քառասուն աւուր ճամբայ մէկ ժամուայ կ’երթայ.

Քառսուն օր վեր քարերին կ’երթայ,

Ինչ հողի վերան ընկնի. ձին կը խանդկի,

Չը կարնայ քէլի, ետ կը դառնայ։:

 

Կ՚ասեն մէկ Համբարձման գիշեր

Հովիւ կ՚երթայ էդ քարի առաջ,

Մհերի քար իրարուց կը բացուի,

Հովիւ ներս կը մտնի, կը տեսնի`

Հսկայ մարդ մի էդտեղ նստած.

Հովիւ կը հարցու.

- Մհե՛ր, դու ե՞րբ տ՚ելնիս էդտեղէն:

Մհեր կը դառնայ, կ՚ասի,

- Ես որ էլնեմ էստեղէն,

Հողն ինձ չի պահի,:

Քանի աշխարհքը չար է,

Հողն է ղալբցեր է,

Մէջ աշխարհքին ես չեմ մնայ։:

Որ աշխարհք աւերեւի, մէկ էլ շինուի,

Երբոր ցորեն էղաւ քանց մասուր մի,

Ու գարին էղաւ քանց ընկուզ մի,

Էն ժամանակ հրամանք կայ, որ էլնենք էստեղէն։

 

Հովիւ որ դուրս կ՚էլնի,

Քար կը գայ, կը հասնի իրարու։

***

Աւանդավէպի այս մասը կը նոյնանայ Արտաւազդ արքայի համար պատմուածին հետ, որով ան շղթայուած է, ըստ ոմանց, իր չարութեան պատճառով, եւ կապանքը կ’ամրապնդուի դարբիններու կռանին սալին զարնուելով։ Այս պատճառաւ է, որ երկաթով աշխատողները Կիրակի օրերը իրենց աշխատանոցը բանալով մուրճը քանի մը հեղ կը զարնեն սալին: Միւս կողմէ՝ հաւատացողներ ալ կան, որ չար ոգիներ բանտարկած են Արտաւազդ բարի թագաւորը՝ զրկելու համար աշխարհքը անոր բարութենէն:

***

Ինչպէս գիտենք, Արտաւազդ` Արտաշէս թագաւորի որդին, մեր առաջին յիշուած թատրոնի արուեստագէտն է, եւ արուեստով զբաղող մարդիկ չար մարդիկ չեն ըլլար ընդհանրապէս:

Չեմ գիտեր՝ դուք ո՞ր մէկը ձեր սրտին մօտիկ կը զգաք, բայց եթէ ինծի հարցնելու ըլլաք, պիտի ըսեմ, որ այն փակ դրան ետեւը, Արտաւազդ կամ Մհեր, ով որ կայ, օր մը չէ դուրս պիտի գայ իր արգելարանէն, եւ այդ օրէն վերջ բարիները պիտի տիրեն աշխարհին։:

Այժմ պահ մըն ալ ականջ տանք Պատմաբան Սիմոն Հմայեակեանի խօսքերուն, ու երթանք դէպի հայոց դժուարին ու փառապանծ պատմութեան խորքերը, դէպի փայլուն մշակոյթին հին դարերէն եկող վկայութիւնները, երբ դեռ գոյութիւն չունէին «ազգ» եւ «ազգութիւն» հասկացութիւնները, սակայն կար արդէն հայոց լեզուն եւ այդ լեզուին համապատասխան հայ ժողովուրդը, որ պիտի ստեղծեր ու դարեր-հազարամեակներ պիտի պահպանէր այդ հրաշալիքները։ Ուրեմն վերականգնենք մեր ապառաժ յիշողութիւնը, որովհետեւ անով է պայմանաւորուած մեր ինքնութիւնը, գոյատեւման ուժը եւ հաւատքը։

Մեր հոգեւոր մշակոյթի ուսումնասիրութեան նպաստող ամենակարեւոր եւ հնագոյն յուշարձաններէն է Մհերի Դուռը, այն ժայռը որու վրայ ՆՔ. Թ. դարուն փորագրուեցաւ վերոյիշեալ բեւեռագիր արձանագրութիւնը։ Այս ժայռը Վանայ լիճի շրջակայքի բնակիչներու համար արդէն կարեւոր պաշտամունքային վայր էր դարերէ ի վեր, սակայն Մինուա եւ Իշպուինի արքաներու հրամանով այնտեղ կատարուած փորագրութիւններէն յետոյ միայն դարձաւ Վանայ թագաւորութեան պաշտօնական գլխաւոր կրօնական կեդրոն։

Վանի թագաւորութեան անկումէն յետոյ Մհերի Դուռը կորսնցուց իր այդ կարեւոր նշանակութիւնը, իսկ վանեցիներու գլխաւոր աստուած Խալդէի (Հայկի) պաշտամունքը, որուն նուիրուած էր այդ դուռը, միաձուլուեցաւ Միհրի պաշտամունքի հետ։ Եւ սակայն ժողովրդական հաւատալիքներու մէջ Մհերի Դուռը մինչեւ Ի. դարը մնաց որպէս կարեւորագոյն պաշտամունքային վայր։

Այս յուշարձանը կը գտնուի Վանայ քարաբերդի հիւսիս-արեւելեան կողմէն դէպի Վարագայ լեռները բոլորուող լեռնագօտիի մը վրայ։ Հայկական աւանդութիւնը այս լեռնագօտին անուաներ է Տոսպեան Բլուր, որ կը կարծուի թէ նախապէս միացած էր Վանայ բերդի ժայռերու հետ եւ երկրաշարժի հետեւանքով բաժնուեր է անկէ։ Նոյն լեռնագօտիի վրայ է եղեր երբեմնի հոյակերպ Ռուսախինելի քաղաքը՝ Ռուսա Ա. արքայի (735-714 ՆՔ.) անառիկ նստավայրը։

Ռուսախինելին (Թօփրաք Քալէ) Վանի թագաւորութեան առաջին պեղուած յուշարձանն է։ Հնագիտական ուսումնասիրութիւնները հոն սկսեր են 1879 թուին անգլիացի հիւպատոս Քլեյթոնի եւ այն ժամանակ Վան գտնուող ամերիկացի միսիոնար Ռեյնոլտսի կողմէ։ 1880 թուին Թօփրաք Քալէի պեղումները շարունակեր է Հ. Ռասսամ։

Սակայն Ռուսախինելի անուան հետ այժմ անխզելիօրէն կապուած է աւստրիացի գիտնական Լեհման Հաուպտի անունը, որ իր գործընկեր Վալտեմար Բելքի հետ կատարած ուսումնասիրութիւններու շնորհիւ Ռուսախինելին դարձուցին աշխարհի դասական յուշարձաններէն մէկը։ 1911-1912 թուականներուն այստեղ պեղումներ կատարած էր նաեւ Յովսէփ Օրբելի։

(Շար. 11)