«Ակօս»ի ընթերցողներուն ծանօթ գեղանկարիչ Մերի Մուն կը ներկայանայ իր ստեղծագործութիւններով
«Մամութ» արուեստի նախագիծը ինչպէս ամէն տարի կը ներկայացնէ յատուկ ծրագիր մը։ Ան այս տարի երրորդ անգամ կը մեկտեղէ Թուրքայէն տարբեր մետիաներով աշխատող արուեստագէտներ։
«Ակօս»ի ընթերցողներուն ծանօթ գեղանկարիչ Մերի Մուն այս ծրագրին կը ներկայանայ իր ստեղծագործութիւններով։ Ան կը ցուցադրէ քաղաքային շարքէն Իսթանպուլը նիւթ առնող նկարներ։
Ցուցահանդէսը կը կայանայ Քիւչիւք Չիֆդլիք Զբօսայգիի մէջ, իսկ բացումը իրականացաւ 25 Մարտ Չորեքշաբթի օր ժամը 19։00-ին եւ պիտի շարունակէ մինչեւ 29 Մարտ։