Աշոտ Եան՝ նախ աւարտած է Երեւանի Յակոբ Կոճոյեանի անուան արուեստի դպրոցը, ապա ընդունուած է Երեւանի Գեղարուեստի Ակադեմիա եւ աւարտած է 2006 թուականին։ Ան Երեւանի թիւ 2 դպրոցին մէջ երեք տարի գեղանկարչութիւն դասաւանդած է եւ հիմա կ՚աշխատի իր սեփական արուեստանոցին մէջ։
Իսթանպուլ երրորդ անգամ այցելող գեղանըկարիչը երկու ցուցահանդէսի պիտի մասնակցի։ 5 Մայիս ժամը 17։00-ին Գըզըլթոփրաք՝ «Իմոկա Արդ Կալէրի»ի մէջ բացումը կայանալիք առաջին ցուցահանդէսը իւղաներկի ցուցահանդէս մըն է եւ իր հետ ունի ցուցահանդէսի տէր ուր երկրորդ արուեստագէտ մը՝ Արծրունի Ապրեսեանը։ «Երկու Հայեացք» անունով այս ցուցահանդէսը «Իմոկա Արդ Կալէրի»ի եւ «3B4»ի երկաշխատութիւնով հանդէս կու գայ։ Աշոտ եկած է նաեւ անհատական կրաֆիքի ցուցահանդէսի մը, ուր բացումը պիտի կայանայ 7 Մայիսին Իսթանպուլի Կրաֆիքի Թանգարանին մէջ։ Երկու ցուցահանդէսներն ալ պիտի շարունակուին մինչեւ 27 Մայիս Ուրբաթ օր։
Լուսյէն Քոփար- Երկրորդ անգամ ցուցահանդէսի մը համար Իսթանպուլ եկած էք։ Պոլսոյ մէջ ձեր առաջին ցուցահանդէսը ինչպէ՞ս անցաւ, հայեր եկած էին։
Աշոտ Եան- Շատ յաջող անցած էր։ Որակով, բարձր մակարդակի կազմակերպութեան մը հետ աշխատած էի։ Քուրվաթէօրս Պայքար Տէմիրն էր, որ պոլսահայ մըն է եւ հիմա ալ միասին կ՚աշխատինք։ Վաճառքն ալ յաջող էր։ Բայց հայեր քիչ մասնակցած էին։ Ցուցահանդէսի միջոցաւ քանի մը հայ նկարիչներու հետ ծանօթացած էի։
Լ. Ք.- Ինչպէ՞ս ծագեցաւ Իսթանպուլի Կրաֆիքի Թանգարանին մէջ ցուցահանդէս մը կազմակերպելու ծրագիրը։
Ա. Ե.- Այս անգամ ինծի համար կարեւորը վաճառքը չէր։ Առաջին անգամ թանգարանի մէջ ցուցահանդէսի մը պիտի մասնակցիմ։ Կրաֆիքի Թանգարանի տնօրէնը քուրվաթէօրս Պայքարի միջոցաւ ինծի առաջարկ բերաւ։ Սա ամէն երիտասարդ նկարիչի համար մեծ պատիւ է։ Պատասխանատուութեամբ գործի լծուեցայ, մօտ երկու տարի աշխատեցայ եւ այսօր 56 նկարներով այստեղ եմ։
Լ. Ք.- Ձեր ցուցահանդէսը կը կոչուի «Ամնեզիա», ինչո՞ւ ընտրած էք այն անունը։
Ա. Ե.- Շարքը կը կոչուի Ամնեզիա։ Ամնեզիա հիւանդութեան մը անունն է։ Յիշողութեան ժամանակաւոր կորուստի հիւանդութիւն է։ Ես որ փիլիսոփայական նայիմ այս թեմային կը մտածեմ որ մարդ արարածը եթէ անցեալէն դրուագներ չի յիշեր, դատարկ չկրնար մնալ իր այն մասը եւ ինքնիրեն արհեստական անցեալ կը ստեղծէ ու կը զբաղուի անոր հետ։ Որովհետեւ մարդը առանց յիշողութեան չի կրնար ապրիլ։
Լ. Ք.- Անմեզիա շարքին մէջէն սրտիդ ամենէն մօտիկ նկարը ո՞րն է։
Ա. Ե.- Ադամ եւ Եւա անունով նկար մը ունիմ։ Ամբողջ շարքը այս նկարով սկսաւ։ Նոր մօտեցում մըն է։ Սովորականէն դուրս։ Գերիրապաշտ տեսանկիւնէն նայած եմ։ Ադամ եւ Եւա Ալմոլորակայիններու տեսքով նկարած եմ։ Մի գուցէ աշխարհը ասանկ ստեղծուած է կամ եթէ այսպէս ստեղծուէր յետոյ ի՞նչ կ՚ըլլար, տեսանկիւնն է։
Լ. Ք.- Ամնեզիա շարքին ի՞նչ մտածումներով սկսար։
Ա. Ե.- Տարբեր մտածում եւ զգացումներով սկսայ նկարել։ Չար ու բարի, աշխարհի պատմութիւնը… Ես միշտ մտածած եմ որ ինչ ինչ թուականին սա պատերազմը չըլլար աշխարհը ինչպէս կ՚ըլլար։ Կամ երբեմն կը մտածեմ որ, եթէ այդ պատերազմը չըլլար աւելի վատ բան մը կրնա՞ր պատահիլ։
Լ. Ք.- Ո՞ր նկարով աւարտեցիր շարքդ։
Ա. Ե.- «Աստուածներու Պար» նկարով աւարտեցի շարքս։ Այս նկարը թանգարանին տնօրէնին Սիւլէյման Թէքճանին նուիրած եմ։ Ցուցահանդէսէն ետք իրեն պիտի յանձնեմ։
Լ. Ք.- Կը թուիք հետաքրքրուած հայկական դիցաբանութեամբ։ Ո՞ր չաստուածը հարազատ է ձեզի։
Ա. Ե.- Պտղաբերութեան չաստուած Անահիտը ինծի ամենահարազատ չաստուածն է. քանի որ կինը յղիացած ատեն կը նմանի տիեզերքի։ Ինչպէս տիեզերքէն կը ծնի աստղեր, նոյնպէս ալ կինէն կը ծնի երախաներ։
Լ. Ք.- Նկար մը աւարտելը որքա՞ն ժամանակ կը տեւէ։
Ա. Ե.- Անանկ չեմ կրնար ըսել, որովհետեւ ես քանի մը նկար միասին կը սկսիմ։ Կարգ մը ատեն լմնցած է ըսած նկարներուս անգամ կ՚անդրադառնամ ու կրկին փոփոխութիւններ կ՚ընեմ։ Սա երազներու աշխարհ է։ Կ՚երազեմ ու կը գծեմ։
Լ. Ք.- Նկարելու ժամանակ ի՞նչ կը մտածես։
Ա. Ե.- Նկարելու ժամանակ կամ ոչ մի բանի մասին կը մտածեմ, կամ ամէն բանի։ Կարծես որ կիժ ըլլամ։ Ստեղծելու ժամանակ ոչ մարդ ես, ոչ ալ երկնային, ինչ որ մէջտեղ գտնուող էա՛կ։ Ես իրական աշխարհէն չբաւարարուելով իմ աշխարհս կը ստեղծեմ։ Այն աշխարհին մէջ ես հանգիստ կ՚ապրիմ։
Լ. Ք.- Իսթանպուլ թեմայով նկարներ ունի՞ս։
Ա. Ե.- Ճիշդ Իսթանպուլ թեմայով նկար չունիմ, բայց Իսթանպուլեան թեմայով «Թէյ Վաճառողը» անուն գործ մը ունիմ։ Նկարը բերած եմ։ Առաջին իւղաներկի ցուցահանդէսին մաս կը կազմէ։
Լ. Ք.- Իւղաներկի ցուցահանդէսի մասին ի՞նչեր կրնաս ըսել։
Ա. Ե.- 5 Մայիսին սկսող ցուցահանդէսը պիտի կայանայ Արծրունի Ապրեսեանի հետ միասին։ Մենք ամէն մէկս անձնական տասը իւղանկարներով պիտի մասնակցինք այս ցուցահանդէսին։ Ցուցահանդէսը թեմայ չունի։
Լ. Ք.- Այս տարի տարբեր թեմայով այլ ցուցահանդէս մը պիտի ունենա՞ս։ Ո՞ւր եւ ի՞նչ թեմայով է այս ցուցահանդէսը։
Ա. Ե.- Դեկտեմբերին Պեռլինի մէջ ցուցահանդէս մը ունիմ։ «Նոր Աստուածաշունչ» կը կոչուի։ 33 նկարներով պիտի մասնակցիմ։ Դեռ այդ շարքին վրայ կ՚աշխատիմ։
Լ. Ք.- Ի՞նչ է քու երանիդ, ի՞նչ է քու երազանքը։
Ա. Ե.- Իմ սեփական դպրոցս ունենալ եւ հարուստ ըլլալ կ՚ուզէի։ Այնպէսով Հայաստանի բոլոր երախաներուն անվճար կրնայի դասաւանդել։