ԹՈՒՂՊԱ ԷՍԷՆ
ztugbaesen@gmail.com
Միացեալ Նահանգներու «Պէնինկտըն Քալըճ» համալսարանի մէջ ուսանող Մելոտի Վար Էօնկէլ այս օրերուս կ՚իրականացնէ իր մշակած երաժշտական նախագիծը։ «Սահմանները Հատող Մեղեդիներ» անուն նախագիծը իրականութեան մէջ ծագեցաւ դասապահու մը ընթացքին։ Ուսուցիչը ամբողջ դասարանէն պահանջեց գեղարուեստի որեւէ ճիւղի միջոցաւ «արուեստը խաղաղութեան համար» կարգախօսով նախագիծ մը պատրաստել։ Էօնկէլի չորս թուրքիացի եւ չորս հայաստանցի երիտասարդ երաժիշտներու համագործակցութեան վրայ հիւսած նախագիծը դպրոցի կողմէ առաջարկուեցաւ «Տէյվիս» հիմնադրամին եւ արժանացաւ 10 հազար տոլար արժողութեամբ հովանաւորութեան։
Այսպէս նախագծի առաջին փուլը կայացաւ 10-18 Յուլիս թուականներուն, Երեւանի մէջ։ Թուրքիացի չորս երաժիշտներ իրենց տարեկիցներուն հետ փորձեցին երկու մշակոյթներու յատուկ ժողովրդական գործիքներով կատարումներ եւ համատեղ յօրինում։ 15 Յուլիսի խառնակութեան պատճառաւ յաջորդ փուլը երկու շաբաթուան յապաղումով մը սկսաւ այս անգամ Պոլսոյ մէջ։ Այժմ Ահմէտ Շաֆաք Չիզմազ, Փաշա Կիւվէն, Ումուտ Աքտաղ, Մելոտի Վար Էօնկէլ, Հայկ Կարոյի Կարապետեան, Զարեհ Գալստեան, Ստեփան Տէր Ղեւոնդեան եւ Մատլենա Գալստեան մեծ աշխոյժութեամբ կը պատրաստուին 5 Օգոստոս Ուրբաթ օր Շիշլիի «Նազըմ Հիքմէթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ կայանալիք համերգին։
Ինքնին ողջունելու արժանի նախաձեռնութիւն մըն է այս, որ կը բխի երիտասարդական բարեացակամութենէ։