Արտաւազդ իր հօրը՝ Արտաշէսին սկսաւ գրգռել Արգաւանին դէմ, ըսելով որ ան կ՚ուզէ խլել հայոց թագաւորութիւնը
Արտաշէսի ու Սաթենիկի անդրանիկ որդին, գահաժառանգ Արտաւազդ քանի մեծցաւ, դարձաւ այնքան քաջ, ինքնավստահ եւ հպարտ։ Ան կասկածելով որ մայրը՝ Սաթենիկ կը տենչար Մուրացեան Արգամի (Արգաւան) սէրը ու կը փափաքէր սիրային կապեր հաստատել վիշապազուն Արգաւանի հետ եւ իր տենչը իրականացնելու համար ալ իբր թէ կը դիմէր հմայական միջոցներու։ Արտաւազդ այդ մտայնութեամբ իր հօրը՝ Արտաշէսին սկսաւ գրգռել Արգաւանին դէմ, ըսելով որ ան կ՚ուզէ խլել հայոց թագաւորութիւնը եւ իշխել բոլորին վրայ։ Արտաշէս հաւատալով իր որդիին, արքայական երկրորդութեան գահը ետ առաւ Արգաւանէն ու յանձնեց Արտաւազդին։
Ինչպէս գիտենք, այս Արգաւանը մարերու Աժդահակ թագաւորի սերունդէն էր, որոնց Տիգրանը Անուշի հետ բերած ու վերաբնակեցուցած էր Մասիս լերան փէշերուն։ Հին թուելեաց երգերուն մէջ Աժդահակը կ՚ըմբռնուէր իբրեւ վիշապ, իր կինը Անուշ՝ իբրեւ վիշապներու մայր, իսկ իրենց սերունդը՝ վիշապազուններ, այսինքն վիշապներու զաւակներ։ Մար անունը, որ հին մեդացիներու ազգին անունն էր եւ պարսկերէն կը նշանակէ օձ, անկէ կու գար իրենց երկրի անուանումը՝ Մարաստան եւ քանի որ մարաց թագաւոր Աժդահակի անունը կը նշանակէր՝ վիշապ, ուստի ժողովուրդի գիտակցութեան մէջ Մար ցեղանունը ըմբռնուեր էր իբրեւ օձ կամ օձեր, որոնց թագաւորն էր վիշապը՝ Աժդահակը։
Մանաւանդ որ հայկական հաւատալիքներով Մասիսի վրայ վիշապ-օձեր կը բնակին, իսկ Աժդահակի սերունդ մարերը վերաբնակուեր էին Մասիսի փէշերուն, ոստի եւ մարերն ու Մասիսի օձերը ժողովուրդի մտածողութեան մէջ խառնուեր են իրարու եւ նոյնացեր, որոնց սերունդէն էր ըստ աւանդական վիպերգերու Արգամ կամ Արգաւան Մուրացեան։
Անգամ մըն ալ, Արգաւան Արտաշէսի պատւոյն խնջոյք մը կը կազմակերպէ իր պալատին մէջ եւ Արտաշէսը իր զաւակներով ճաշի կը հրաւիրէ։ Ճաշի ժամանակ կը յայտնուի, որ Արգաւան դաւադրութիւն է պատրաստած Արտաշէսի դէմ։ Արտաշէսի զաւակները մեծ իրարանցում կը բարձրացնեն, Արգաւանին վրայ կը յարձակին։ Արտաշէս խիստ յուզուած կը վերադառնայ Արտաշատ եւ իսկոյն իր որդի Մաժանը մեծ զօրագունդով կը ղրկէ Արգաւանի վրայ, հրամայելով Մուրացեան տոհմի բոլոր անդամները (վիշապազունները) սպաննել, Արգաւանի ապարանքը (վիշապներու տաճարը) այրել, եւ չքնաղագեղ հարճին Մանդուին ալ բերել իրեն հարճութեան։
Մաժան կը կատարէ իր հօր կամքը։ Սակայն երկու տարի վերջ Արգաւան դարձեալ կը հնազանդի Արտաշէսին, որ ամէն ինչ կը վերադարձնէ Արգաւանին, բացի՝ հարճէն։
Իսկ Արտաւազդ, որ Արգաւանէն առած էր արքայական երկրորդութեան պատիւը, Արտաշատի մէջ իրեն ապարանք կառուցելու յարմար տեղ չգտնելով կ՚անցնի Արաքս գետի արեւելեան ափ եւ Շուրուրի դաշտ կոչուած վայրին մէջ կը կառուցէ Մարտակերտ քաղաքը։ Արտաւազդ մինչ այդ Արգաւանէն կը խլէ նաեւ Նախիջեւանը եւ Արաքսի հիւսիսային բոլոր գիւղերը, իրենց բերդերով ու ապարանքներով։
Սմբատի արշաւանքները դէպի Արեւելք
Սմբատ Բագրատունի գեղեցիկ տղամարդ էր, քաջ եւ վայելչակազմ, թէպէտ քիչ մը ծերացած ու ալեհեր, բայց աշխոյժ էր, եռանդուն եւ արագաշարժ։ Սմբատի աչքերուն մէջ արեան փոքրիկ նշաններ կային, որոնք կը շողային ոսկիի ու մարգրիտի մէջ ագուցուած կարմիր թանկարժէք քարի նման։ Խորենացիի բնագրին մէջ այդ քարը կը կոչուի տրակոնդիկոն, որ բառացի կը նշանակէ փոքրիկ վիշապ։
Սմբատ միաժամանակ զգուշաւոր էր ու հաւասարակշռուած եւ պատերազմներուն իր խելքի ու շրջահայեցութեան շնորհիւ միշտ յաղթող դուրս կու գար։
Եւ այդ օրերուն, Արտաշէսին լուր կը հասնի, որ ալաններու թագաւորի՝ Սաթենիկի հօր մահէն յետոյ, բռնակալ մարդ մը խլեր է իշխանութիւնը եւ բռնութեամբ կը թագաւորէ ալանաց աշխարհի վրայ ու կը հալածէ Սաթենիկի եղբօրը։ Արտաշէս իսկոյն կը կարգադրէ Սմբատին մեծ զօրքով երթալ ալանաց աշխարհ, Սաթենիկի եղբօր օգնելու։
Սմբատ կ՚երթայ ալանաց աշխարհ, կը յաղթէ եւ երկրի սահմաններէն դուրս կը քշէ ինքնակոչ բռնակալին. Սաթենիկի եղբօրը կը կարգէ իր ազգին թագաւոր։ Ապա կ՚արշաւէ ալաններու թշնամիներու երկիրը, կ՚աւերէ, բնակիչները կը գերեվարէ ու կը բերէ Արտաշատ։ Արտաշէս կը հրամայէ Սմբատի բերած գերիները բնակեցնել Մասիսի հարաւ-արեւելեան կողմը՝ Շաւարշաւան գաւառ, միաժամանակ այդ գաւառին վրայ թողլով վերաբնակեցուած գերիներու բնիկ հայրենիքի անունը՝ Արտազ, որ կը համապատասխանէ այժմու Մակուի շրջանին, որ հինէն կը կոչուէր Շաւարշաւան կամ Արտազ։
Պարսիկներու Արշակ թագաւորի մահէն յետոյ Արտաշէս պարսից աշխարհի վրայ կը թագաւորեցնէ անոր որդին՝ Արտաշէսը։ Բայց անոր չեն կամենար հպատակիլ Պատիժահար կոչուած գաւառի եւ Կասպից ծովու եզերքի բնակիչները։ Այս առիթով հայոց Արտաշէս թագաւորի դէմ ապստամբութիւն կը սկսցնէ նաեւ կասպից երկիրը։ Արտաշէսը կրկին ապստամբներուն դէմ կ՚ուղարկէ Սմբատին՝ հայոց բոլոր զօրքերով, ինքն ալ շաբաթ մը կ՚երթայ անոնց ուղեկցելով։ Սմբատը բոլոր ապստամբներուն կը հնազանդեցնէ, կ՚աւերէ կասպից երկիրը, կը գերեվարէ բնակչութեան մեծ մասը իրենց թագաւոր Զարդամանոսի հետ ու կը բերէ Հայաստան։
Արտաշէս, գնահատելով իր դայեակ Սմբատի ծառայութիւնները, անոր կը նուիրէ Գողթն գաւառի արքունի հողերը, ինչպէս նաեւ պատերազմին ձեռք բերած ամբողջ աւարը։ Այս առիթով սակայն Արտաւազդ սաստիկ կը նախանձի Սմբատին, մինչեւ իսկ կը կամենայ անոր սպաննել, բայց իր այդ դիտաւորութիւնը կը բացայայտուի, եւ մեծ ցաւ կը պատճառէ Արտաշէսին։
(Շար. 22)
Յաջորդով՝ Սմբատ շարունակէ ծառայել Արտաշէսին եւ զաւակներուն