Քաղաք՝ ուր բաժին կը վիճակի բոլորին

բագրատ էսդուգեան

իջերկրա­կան ծո­վու արե­ւելեան ափի փոք­րիկ աւա­նը Սո­ւեյ­տիա եր­բէք իր ար­ժա­նի տե­­ղը չէ գտած զբո­­սաշրջու­­թեան հան­­րա­­­ծանօթ ու­­ղի­­­ներու մէջ։ Այս առու­­մով ալ պատ­­մութեան հին շրջան­­նե­­­րէն ի վեր յա­­րատե­­ւող գո­­յու­­թիւնով, ամէն այ­­ցե­­­լուի հա­­մար նոր գիւ­­տի մը տպա­­ւորու­­թիւնը կը թո­­ղու։ Ան­­տիոք եւ շրջա­­կայ­­քը «Հա­­թայ» անու­­նով եւ նա­­հան­­գի մը սահ­­մա­­­նու­­մով նշո­­ւած է Թուրքիոյ քար­­տէ­­­սին վրայ։ Այս ըն­­կա­­­լու­­մին մէջ Ան­­տիոք կը հա­­մարո­­ւի մայ­­րա­­­քաղաք, իսկ Ալեք­­սանտրէթ երկրորդ կա­­րեւոր բնա­­կավայ­­րը։ Խորհրդա­­յին ճար­­տա­­­րագի­­տու­­թեան ներդրու­­մով կա­­ռու­­ցո­­­ւած եր­­կա­­­թի ու պող­­պա­­­տի գոր­­ծա­­­րանը, նա­­ւամա­­տոյ­­ցը եւ աշ­­խոյժ առեւտրա­­կան շու­­կան, նարնջե­­րէնի մշա­­կու­­մը  պատ­­ճառ դար­­ձած են այս քա­­ղաքի զար­­գացման։

Իսկ Սո­­ւեյ­­տիա զուրկ ըլ­­լա­­­լով այս բո­­լորէն, կ’առանցնա­­նայ իր պատ­­մա­­­կան հսկայ ժա­­ռան­­գութիւ­­նով։

Այս շա­­բաթ մեր սե­­ղանին դրո­­ւած է բնիկ Սո­­ւէյ­­տիացի մտա­­ւորա­­կանի մը՝ Իս­­մաիլ Զու­­պա­­­րիի իր քա­­ղաքը ծա­­նօթաց­­նող ու­­սումնա­­սիրու­­թիւնը՝ «Արե­­ւելեան մի­­ջերկրա­­կանի ըմ­­բոստ քա­­ղաքը՝ Սո­­ւեյ­­տիա»։

Հե­­ղինա­­կը իր ու­­սումնա­­սիրու­­թեան կ’սկսի բա­­ւական հիմ­­նա­­­կան գի­­տելիք­­նե­­­րով։ Ան գի­­տական տե­­ղեկու­­թիւննե­­րով նախ կը ներ­­կա­­­յաց­­նէ աշ­­խարհի կազ­­մութիւ­­նը։ Ապա կը նկա­­րագ­­րէ բու­­սա­­­կան աշ­­խարհի, կեն­­դա­­­նաբա­­նու­­թեան ծա­­գումն ու զար­­գա­­­ցու­­մը։ Մար­­դու նախ­­նա­­­կան կեր­­պարնե­­րու ծա­­նօթագ­­րութե­­նէն ետք հետզհե­­տէ կը հաս­­նի իր նիւթ առած աշ­­խարհագ­­րա­­­կան հա­­տուա­­ծի ձե­­ւաւոր­­ման։

Այս պատ­­մա­­­կան հա­­տուա­­ծի մէջ կը հան­­դի­­­պինք Խե­­թերու, Փիւ­­նի­­­կեցի­­ներու մա­­սին ինչ ինչ տե­­ղեկու­­թիւննե­­րու: հա­­թայ նա­­հան­­գի ընդհա­­նուր ակ­­նարկ մը սե­­ւերե­­լէ ետք ման­­րա­­­մաս­­նութիւններ կը փո­­խան­­ցո­­­ւին Սո­­ւեյ­­տի­­­յէի աշ­­խարհագ­­րութեան վե­­րաբե­­րեալ։ Գա­­րայրնե­­րու բնա­­կու­­թե­­­նէն դէ­­պի քա­­ղաքա­­շինու­­թեան ան­­ցումնե­­րը կը նկա­­րագ­­րո­­­ւին հե­­զասահ ոճով։ Յա­­տուկ կ’ընդգծո­­ւի Սո­­ւեյ­­տիոյ նա­­ւահան­­գիստը, որ շատ կա­­րեւոր նշա­­նակու­­թիւն ու­­նե­­­ցած է մի­­ջերկրա­­կան ծո­­վու արե­­ւելեան հա­­տուա­­ծի առեւտրա­­կան յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րուն մէջ։

Գիր­­քին էջե­­րով կը տո­­ղան­­ցեն քա­­ղաք-պե­­տական, Հե­­լենա­­կան եւ հռով­­մէական շրջան­­նե­­­րը։ Յա­­տուկ բաժ­­նի մէջ կը նշո­­ւի Տիգ­­րան Մե­­ծի ար­­շա­­­ւան­­քը դէ­­պի հիւ­­սի­­­սային Սու­­րիա, ուր տաս­­նեակ մը յու­­նա­­­կան քա­­ղաք­­ներ ար­­շա­­­ւելէ ետք կը կեր­­տէ իր անու­­նով ծա­­նօթ Տիգ­­րա­­­նակեր­­տը։

Պատ­­մութեան մեծ նա­­խագիծ­­նե­­­րու կար­­գին կը նշո­­ւի Թի­­թու­­սի եւ Վես­­բաստիանո­­սի անու­­նով յի­­շուող բա­­պու­­ղին։

Քա­­ղաքը կա­­րեւոր է նաեւ Քրիս­­տո­­­նէական պատ­­մութեան առու­­մով եւս։ Ան­­տիոքի մէջ ժայ­­րա­­­փոր եկե­­ղեցին ըն­­դունո­­ւած է իբ­­րեւ աշ­­խարհի առա­­չին տա­­ճարը։

Պատ­­մութեան հո­­լովոյ­­թով կը նշո­­ւի նաեւ Մու­­սա լե­­րան վրայ հայ գիւ­­ղա­­­ցինե­­րու 40 օրո­­ւայ հե­­րոսա­­կան դի­­մադ­­րութիւ­­նը Օս­­մա­­­նեան բա­­նակին դէմ։ Այս յօ­­դուա­­ծին կը յա­­ջոր­­դէ Ա. Աշ­­խարհա­­մար­­տէն ետք,զի­­նաթաթ­­ա­­­րի պայ­­մաննե­­րուն մէջ հա­­յոց վե­­րադար­­ձը դէ­­պի իրենց պա­­պենա­­կան գիւ­­ղե­­­րը։ Ապա պատ­­մութիւ­­նը կը շա­­րու­­նա­­­կուի մօտ 20 տա­­րուայ Ֆրան­­սա­­­կան տի­­րապե­­տու­­թեան շրջա­­նով, որ պի­­տի աւար­­տեր նախ Ան­­տիոքի հան­­րա­­­պետու­­թեան հիմ­­նադրու­­թեամբ եւ ապա այս վեր­­ջի­­­նիս Թուրքիոյ միանա­­լու որո­­շու­­մով։ Տեղ­­ւոյն հա­­յերը ան­­գամ մը եւս գաղ­­թա­­­կանի ցու­­պը ձե­­ռին ին­­կած են ճա­­նապարհ նախ դէ­­պի Քե­­սապ ու Այնճար եւ ապա ներ­­գաղթի տա­­րինե­­րուն ալ հայ­­րե­­­նիք, Մայր Հա­­յաս­­տան։

Իս­­մաիլ Զու­­պա­­­րի այս բո­­վան­­դա­­­կալից պատ­­մա­­­կան հա­­տուա­­ծը աւար­­տե­­­լով կ’անցնի Սո­­ւեյ­­տի­­­յոյ բնու­­թեան եւ մշա­­կոյ­­թին։ Այս հա­­տուա­­ծի մէջ կրկին եւ աւե­­լի խտա­­ցեալ տո­­ղերով կը ծա­­նօթա­­նանք բու­­սա­­­կանու­­թեան, անաս­­նա­­­տեսակ­­նե­­­րուն, նե­­րառեալ թրչնազ­­գի­­­ները եւ ձկնե­­ղենը։

Յա­­տուկ բա­­ժին­­ներ յատ­­կա­­­ցուած է աւան­­դա­­­կան ձե­­րագոր­­ծութեան, նշա­­նաւոր ասեղ­­նա­­­գոր­­ծութեան, օճա­­րաշի­­նու­­թեան, մա­­նաւանդ դափ­­նիի իւ­­ղով պատ­­րաստո­­ւած օծա­­նելի­­քի ար­­տադրու­­թեան։ Փո­­ղաւոր նո­­ւագա­­րան­­ներ սար­­գե­­­լու հա­­մար ամե­­նայար­­մար եղէք­­նե­­­րով հա­­րուստ տա­­րած­­քի մէջ պատ­­մա­­­կան ան­­ցեալ ու­­նե­­­ցող գոր­­ծե­­­րէն մէկն ալ շե­­րամա­­բու­­ծութիւնն է։ Նոյնպէս մեղ­­րա­­­բու­­ծութիւ­­նը բա­­ւական տա­­րածո­­ւած է տե­­ղացի ժո­­ղովուրդին մօտ։

Սո­­ւեյ­­տի­­­յէ, կամ ալ պաշ­­տօ­­­նական ան-
ո­­ւանու­­մով Սա­­ման­­տաղ բա­­զում մշա­­կոյթնե­­րու խաչ­­մե­­­րուկ մը ըլ­­լա­­­լով, կը պա­­հէ ու կ’ապ­­րի բազ­­մա­­­թիւ հա­­ւատքնե­­րով։ Հե­­ղինա­­կը կը թո­­ւէ այստեղ յի­­շուած տօ­­ները, անոնք ըլ­­լան կրօ­­նական կամ հնա­­դարեան։ Կը թո­­ւէ նաեւ ժո­­ղովուրդին կող­­մէ սրբու­­թիւն վե­­րագ­­րո­­­ւած շի­­րիմ­­նե­­­րը, ուխտա­­վայ­­րե­­­րը եւ աղօ­­թատե­­ղինե­­րը։

Գիր­­քի վեր­­ջա­­­ւորու­­թեան կցո­­ւած հինգ հար­­ցազրոյցնե­­րը եւս կը ճո­­խաց­­նեն ներ­­կա­­­յացո­­ւած գի­­տելիք­­նե­­­րը։

Իս­­մաիլ Զու­­պա­­­րի այս աշ­­խա­­­տասի­­րու­­թեամբ կը մա­­տու­­ցէ նաեւ իր հա­­մակ­­րանքը ու սէ­­րը ծննդա­­վայ­­րի նկատ­­մամբ։ Ան այսպէ­­սով մեզ մա­­տու­­ցած կ'ըլ­­լայ խիստ հե­­տաքրքրա­­կան տե­ղեկու­թիւններ, որոնք շա­հեկան են բոլորին։

Արեւելեան միջերկրականի ըմբոստ քաղաքը
Իսմաիլ Զուպարի
Սամանտաղը հիզմէթ վագֆը
216 էջ
Անտիոք 2016

Kategoriler

Հայերէն