«Դէպի հորիզոն»՝ Իգնա Սարըասլանի հետ

սեւան տէյիրմենճեան

Հաճելի անակնկալ մըն էր գրա­խանու­թի մը դա­րակ­նե­րուն վրայ հան­դի­պիլ բա­նաս­տեղծ Իգ­նա Սա­րըաս­լա­նի «Դէ­պի հո­րիզոն» նո­րատիպ հա­տորին, ուր մէկ­տե­ղուած են հե­ղինա­կին տար­բեր տա­րինե­րուն գրո­ւած բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րը՝ 1960-ական­նե­րէն սկսեալ մին­չեւ օրս։ Կար­պիս Ճան­ճի­կեանով, Զահ­րա­տով ու Զա­րեհ Խրա­խու­նիով ան­ցեալ դա­րակէ­սին սկսած ու բիւ­րե­ղացած քեր­թո­ղական արո­ւես­տը, որ ինքնու­րոյն ու աւան­դա­կան դի­մագիծ մը շա­հած է տա­րինե­րու ըն­թացքին, կը հաս­նի մին­չեւ մեր օրե­րը Իգ­նա Սա­րըաս­լա­նով։ Սե­րունդին տա­ղան­դա­շատ կրտսե­րը, որ 1962-ին, 17-ամեայ հա­սակին ար­ժա­նացած էր Սար­գիս Պօ­ղոսեանի սահ­մա­նած «Կի­յոմ Ափո­լիներ» բա­նաս­տեղծու­թեան մրցա­նակին ու 27-ին ալ՝ ՀԲԸՄ-ի Ալեք Մա­նու­կեան հիմ­նարկի գրա­կանու­թեան առա­ջին մրցա­նակին, այ­սօր ո՛չ թէ երէցն, այլ միայ­նակն ու առան­ձինն է ան­ցեալի փառ­քը աւա­ղող այս ոս­տա­նին մէջ։ Թե­րեւս հայ­կա­կան աշ­խոյժ գրա­կան մի­ջավայ­րի մը բա­ցակա­յու­թիւնը նաեւ զինք մղած է ըլ­լա­լու Թուրքիոյ գրող­նե­րու ըն­կե­րակ­ցութեան, ինչպէս նաեւ Հա­մաշ­խարհա­յին գրող­նե­րու միու­թեան՝ ՓԵՆ-ի ան­դա­մը (վեր­ջի­նիս պա­տուոյ խոր­հուրդի ան­դամն է)՝ առանց հրա­ժարե­լու հայ գրո­ղի իր ինքնու­թե­նէն։

Իր­մէ ցարդ ու­նինք «Լօ» (1974), «Քա­ռասմբակ սէ­րերով» (1994), «Սի­րոյ գոյ­նը» (1998) քեր­թո­ղական հա­տոր­նե­րը, ինչպէս նաեւ Քա­տըգիւ­ղի Ս. Թա­գաւոր երգչա­խումբի յիս­նա­մեայ յո­բելեանին առ­թիւ յու­շա­մատեան մը։ Իր ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րը զա­նազան եր­կիրնե­րու մէջ հրա­տարա­կուած են 14 լե­զու­նե­րով։ Կը գրէ նաեւ թրքե­րէն բա­նաս­տեղծու­թիւններ, որոնք հրա­տարա­կուած են գրա­կան տար­բեր պար­բե­րական­նե­րու, հա­ւաքա­ծոնե­րու եւ դա­սագիր­քե­րու մէջ։

Գիր­քին «Վա­ռէ՛ կրակ մըն ալ դո՛ւն վա­ռէ», «Կէ­տադ­րութեան նշան­ներ», «Կ՚անցնի կեան­քը սէ­րը կը մնայ», «Էնա մէ­նա տո­սի տո­սի սաք­լամպո­սի», «Տա­րինա», «Դուն սէր», «Մաղ­թանք յոյս եւ սէր» եւ «Դէ­պի հո­րիզոն» բա­ժին­նե­րը կ՚ամ­փո­փեն Սա­րըաս­լա­նի շուրջ յի­սուն բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րը։

Սա­րըաս­լա­նի բա­նաս­տեղծու­թիւնը մեծ անակնկալ­նե­րու առ­ջեւ չի դներ մեզ, դարձդար­ձիկ ու զա­ռիվեր ճա­նապարհնե­րով չ՚ըն­թա­նար դէ­պի իմա­ցակա­նու­թեան բար­ձունքնե­րը կամ յան­կարծա­կան ան­կումնե­րով չի խո­րասու­զո­ւիր մարդկա­յին հո­գիին խոր­խո­րատ­նե­րը։ Ծա­նօթ, հա­րազատ զգա­ցումներ, եր­բեմն առանց իսկ պատ­կեր մը դառ­նա­լու, բա­ռի ու բա­նի կը վե­րածո­ւին իր գրչին տակ՝ ըն­թերցո­ղը դնե­լով անուշ տպա­ւորու­թեան մը են­թա­կայու­թեան տակ։ Էջե­րը ակա­մայ կը դառ­նան անոր ափե­րուն մէջ, կ՚ու­զէ կար­դալ, եր­թալ մին­չեւ վեր­ջը՝ յստա­կեց­նե­լու հա­մար տար­տա­մու­թիւննե­րը, որոնք աւե­լի կը վե­րաբե­րին իրեն, քան բա­նաս­տեղծին։

«Կար­ծե­ցին թէ»ն, որ հա­տորի առա­ջին բաժ­նի քեր­թո­ւած­նե­րէն մէկն է, միայն երեք տո­ղով կեան­քի յստակ ու մե­կին վեր­լուծում մը կը դնէ ըն­թերցո­ղին առ­ջեւ.

Ծնաւ - կար­ծե­ցին թէ բնաւ պի­տի չապ­րէր

Ապ­րե­ցաւ - կար­ծե­ցին թէ բնաւ պի­տի չմեռ­նէր

Մե­ռաւ - կար­ծե­ցին թէ բնաւ չապ­րե­ցաւ 

Առօ­րեայի իմաս­տութիւն մըն է ասի­կա թե­րեւս, զոր բա­նաս­տեղծը իր ուռկա­նով որ­սա­ցած է, յղկած եւ բե­րած-դրած մեր աչ­քին առ­ջեւ՝ մեզ մղե­լով պահ մը յա­մենա­լու իր առ­ջեւ։ «Կար­ծե­ցին թէ»ին յա­ջոր­դող այլ բա­նաս­տեղծու­թիւն մը, որ նոյն թո­ւակա­նը կը կրէ նա­խոր­դին հետ, «Սեւ-ճեր­մակ»ը. 

Ծիածա­նի եօթը գոյ­նե­րը միացան

«Ճեր­մակ»ը ծնաւ

«Սեւ»ը նա­խան­ձե­ցաւ

Ե՛ս ալ - ե՛ս ալ «գոյն» եմ ըսաւ

Եւ

Ծիածա­նի եօթը գոյ­նե­րուն շու­քը դար­ձաւ 

Միամ­տութիւ­նը ան­խուսա­փելի սրամ­տութիւն մը ստեղ­ծած է՝ սե­ւի ու ճեր­մա­կի հա­կադ­րութեան շնոր­հիւ, որ ան­մեղ խաղ մըն է միայն բա­նաս­տեղծին գրչին տակ։ Այ­նո­ւամե­նայ­նիւ ըն­թերցո­ղը հե­ռու տեղ մը չէ, մաս­նա­կից է այս ստեղ­ծումին, անոր ըն­կա­լու­մին սահ­մաննե­րը չի գայ­թակղեց­ներ հե­ղինա­կը, այլ զայն կը հրա­ւիրէ իրեն հետ շրջե­լու, փոր­ձարկե­լու, ապ­րե­լու կեան­քին մա­տու­ցած հնարքնե­րը։

Այս պտոյ­տը սահ­մա­նուած չէ միայն հո­գեւո­րի կամ վե­րացա­կանի ծի­րէն ներս, այլ եր­բեմն կը վե­րաբե­րի նաեւ հա­ւաքա­կան յի­շողու­թեան տար­րե­րուն։ «Ֆա մի­նէօր պա­տարագ մը» գոր­ծը ըն­թերցո­ղը կ՚առաջ­նորդէ Թո­քաթ­լեանի մի­ջանցքնե­րը, երբ ան պան­դոկ մըն էր դեռ եւ ուր Կա­ղան­դի պա­րահան­դէսներ կը սար­քո­ւէին, հի­ներուն կը յի­շեց­նէ, նո­րերուն կը սոր­վեցնէ պաս Նուրհան Ռու­շա­նը, որ «թէ­նորի բա­ժինը կ՚եր­գէր Պէ­շիկ­թա­շի Սուրբ Աս­տո­ւածա­ծին Եկե­ղեց­ւոյ գմբէ­թին տակ», եւ դեռ թե­նոր Գէորգ Պօ­յաճեանը, բա­նաս­տեղծ Օն­նիկ Ֆչը­ճեանը՝ տա­լով ան­խուսա­փելի հար­ցումը. 

Այ­սօր այս մեծ քա­ղաքին

Ապե­րախտ թո­հու­բո­հին մէջ

Ո՞վ կը յի­շէ զա­նոնք

Ո՞վ կը հա­ւատայ անոնց գո­յու­թեան

Ո՞վ-ո՞վ կա­րեւո­րու­թիւն կու­տայ անոնց ար­ժէ­քին

Յի­շողու­թիւնը, ուր շատ են մո­ռացու­թեան վի­հը ակա­մայ նե­տուած ան­ձեր, դէմ­քեր, վայ­րեր՝ փո­շիացող ժա­մանա­կի անխնայ գլա­նին տակ, ան­կախ իրենց ազ­գա­յին պատ­կա­նելիու­թե­նէն, հայ թէ թուրք կամ իտա­լացի, ան­կախ իրենց դիր­քէն՝ անո­ւանի բա­նաս­տեղծ թէ անա­նուն ջա­ղաց­պան, Սա­րըաս­լա­նի բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րուն շնոր­հիւ կը կառ­չին գրա­կանու­թեան ու կը ցատ­կեն մեր կող­մը՝ ան­մի­ջապէս դառ­նա­լով սի­րելի ու հա­րազատ կեր­պարներ, նոյ­նիսկ որոշ հե­տաքրքրու­թիւն մը ստեղ­ծե­լով իրենց հան­դէպ։ Այս առու­մով Սա­րըաս­լա­նի քեր­թո­ւած­նե­րը հան­րա­գիտա­րանա­յին պա­շար մըն ալ կը մա­տու­ցեն հե­տաքրքիր­նե­րուն։

Վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րու իս­թանպու­լա­հայ բա­նաս­տեղծու­թեան, առ­հա­սարակ գրա­կանու­թեան, մե­ծագոյն բա­ցական քա­ղաքա­ցիական ջիղն է։ Այս պա­րագան ան­փո­փոխ կը մնայ Սա­րըաս­լա­նի քեր­թո­ղագրքին մէջ եւս։ «2015» խո­րագ­րեալ գոր­ծը միայն Մեծ Եղեռ­նի զո­հերուն եւ «մոռ­ցէք» ըսող­նե­րուն ուղղեալ պատ­գամ մը կը պա­րու­նա­կէ՝ «Հի­մա դուն / Մի՛ մոռ­նար որ չմոռ­նանք / Մի՛ մոռ­նար որ չմոռ­ցո­ւին»։

«Դէ­պի հո­րիզոն» քեր­թո­ղագիր­քը ան­շուշտ շատ աւե­լին ու­նի իր կող­քին տակ, ուրկէ փոքր մաս մը ջա­նացինք ներ­կա­յաց­նել՝ միշտ յանձնա­րարե­լով կար­դալ գիր­քին ամ­բողջը, որ գե­ղարո­ւես­տա­կան ապ­րումներ ու աւե­լին կը խոստանայ ընթերցասէրներուն։

«Դէպի հորիզոն»
Իգնա Սարըասլան
Իսթանպուլ, 2016
131 էջ

Kategoriler

Հայերէն