Հին հարցումներուն նոր պատասխաններ

մուրատ ճանգարա

Թուրքիոյ մէջ փա­ռաբա­նուած ար­տա­յայ­­տութիւն մըն է միաս­­նա­­­բար ապ­­րի­­­լը։ Հա­­­մարեա բո­­­լոր հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րան­­­նե­­­­­­­րը որոշ ժա­­­մանակ իրա­­­րու հետ մրցած են այս կեն­­­ցա­­­­­­­ղը փա­­­ռաբա­­­նելու հա­­­մար։ Սա­­­կայն զար­­­մա­­­­­­­նալի հա­­­կասու­­­թիւններ կան այստեղ։ Նախ եւ առաջ կողք կող­­­քի ապ­­­րե­­­­­­­լու տեղ տակ տա­­­կի ապ­­­րիլն է թե­­­լադ­­­րո­­­­­­­ւածը։ Այ­­­սինքն հա­­­սարա­­­կու­­­թեան շեր­­­տե­­­­­­­րու մի­­­ջեւ յա­­­տուկ աս­­­տի­­­­­­­ճանա­­­կար­­­գի մը պար­­­տադրու­­­թիւնը։ Այդ պատ­­­ճա­­­­­­­ռաւ ալ միատեղ ապ­­­րե­­­­­­­լու խոր­­­հուրդը պաշտպա­­­նող­­­նե­­­­­­­րը վա­­­րակիչ հի­­­ւան­­­դութե­­­նէ մը խու­­­սա­­­­­­­փելու նման հե­­­ռու կե­­­ցան «քոզ­­­մո­­­­­­­փոլիթ» բա­­­ռի նշա­­­նակու­­­թե­­­­­­­նէն։ Յիոստ Եոն­­­կերտէն եւ Ել­­­լէ Վեր­­­հէի միաս­­­նա­­­­­­­բար խմբագ­­­րած «Օս­­­մա­­­­­­­նեան Շրջա­­­նին Տի­­­յար­­­պէ­­­­­­­քիրի Մէջ Հա­­­սարա­­­կական Յա­­­րաբե­­­րու­­­թիւններ, 1870-1915» անուն գիր­­­քը խմբա­­­գիր­­­նե­­­­­­­րուն միաս­­­նա­­­­­­­բար հե­­­ղինա­­­կած նա­­­խաբա­­­նէ եւ ու­­­թը յօ­­­դուած­­­նե­­­­­­­րէ ու յա­­­ւելո­­­ւած­­­նե­­­­­­­րէ կը բաղ­­­կա­­­­­­­նայ։ Յա­­­ւել­­­ւածա­­­կան բա­­­ժին­­­նե­­­­­­­րէն մէ­­­կը Վեր­­­հէի կող­­­մէ պատ­­­րաստո­­­ւած է եւ Տի­­­յար­­­պէ­­­­­­­քիր նա­­­հան­­­գի մէջ Ի. դա­­­րու սկիզբնե­­­րուն ոչ իս­­­լամ ժո­­­ղովուրդնե­­­րու բնա­­­կավայ­­­րե­­­­­­­րը կը ցան­­­կագրէ։ Այս ցան­­­կին մէջ կը տես­­­նենք տե­­­ղանուննե­­­րու հին ու նոր անո­­­ւանումնե­­­րը, տոհ­­­մա­­­­­­­յին եւ կրօ­­­նական հա­­­մեմա­­­տու­­­թիւննե­­­րը եւ վար­­­չա­­­­­­­կան հա­­­մակար­­­գը։ Խմբա­­­գիր­­­նե­­­­­­­րու հա­­­մաձայն գիր­­­քին հիմ­­­նա­­­­­­­կան նա­­­խադ­­­րեալ­­­նե­­­­­­­րէն մէ­­­կը այն է որ առ­­­կայ ու­­­սումնա­­­սիրու­­­թիւննե­­­րը Տի­­­յար­­­պէ­­­­­­­քիրը իբ­­­րեւ գա­­­ւառ կը դի­­­տեն մայ­­­րա­­­­­­­քաղաք Իս­­­թանպու­­­լէն, Մեծ Դրան եւ Իտ­­­տի­­­­­­­հատա­­­կան Կու­­­սակցու­­­թեան, այլ խօս­­­քով ընտրա­­­նինե­­­րու մի­­­ջավայ­­­րէն։ Իսկ իրենց ու­­­սումնա­­­սիրու­­­թիւնը այդ նոյն Տի­­­յար­­­պէ­­­­­­­քիրը ան­­­ջատ ամ­­­բողջու­­­թիւն մը ըլ­­­լա­­­­­­­նով կը քննէ։ Այստեղ վայր ու միակ խմբակ­­­ցութե­­­նէ աւե­­­լի տար­­­բեր խումբե­­­­րը, ըն­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րու­­­­թեան տար­­­­բեր խա­­­­ւերը եւ անոնց մի­­­­ջեւ յա­­­­րաբե­­­­րու­­­­թիւննե­­­­րը վեր առ­­­­նող բազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կեդ­­­­րոն ու բազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­գոր­­­­ծօն մեր­­­­ձե­­­­­­­­­­­­­­­ցում մը նա­­­­խընտրո­­­­ւած է։ Նոյն մեր­­­­ձե­­­­­­­­­­­­­­­ցու­­­­մով 1915 կամ 1923 թո­­­­ւական­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը մեկ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կէտ մը ըլ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­լով չեն ճանչցո­­­­ւիր։ Հե­­­­ղինակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը կը մեր­­­­ժեն «նա­­­­խահան­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­պետա­­­­կան» կո­­­­չու­­­­մով սահ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­նուած պատ­­­­մագրու­­­­թիւն մը։ Պէտք է նշել որ այստեղ, երբ Տի­­­­յար­­­­պէ­­­­­­­­­­­­­­­քիրի մա­­­­սին կը խօ­­­­սուի սխալ կ՚ըլ­­­­լայ այս անո­­­­ւանու­­­­մով միայն ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յի քա­­­­ղաքը ըն­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­լել։ Վար­­­­չա­­­­­­­­­­­­­­­կան սահ­­­­մաննե­­­­րը ժա­­­­մանա­­­­կի ըն­­­­թացքին որ­­­­քան ալ փո­­­­խուին Տի­­­­յար­­­­պէ­­­­­­­­­­­­­­­քիր անո­­­­ւանու­­­­մը կ՚ընդգրկէ Թուրքիոյ հա­­­­րաւ արե­­­­ւելեան տա­­­­րած­­­­քաշրջա­­­­նը եւ Սու­­­­րիոյ ու Իրա­­­­քի որոշ հա­­­­տուած­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը։

Եոն­­­­կերտէն 1890-էն մին­­­­չեւ 1910 եր­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­րող ժա­­­­մանա­­­­կահա­­­­տուա­­­­ծի մէջ լու­­­­սարձա­­­­կի տակ կ՚առ­­­­նէ ըն­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րային եւ քա­­­­ղաքա­­­­կան կեան­­­­քի վրայ խոր ազ­­­­դե­­­­­­­­­­­­­­­ցու­­­­թիւն ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցող եր­­­­կու ընտրա­­­­նի խմբակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու բա­­­­խու­­­­մը։ Կը հաս­­­­նի եր­­­­կու շատ կա­­­­րեւոր հաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­տումնե­­­­րու։ Ա. Հա­­­­միտի­­­­յէի Զօ­­­­րագունդե­­­­րը հա­­­­կառակ ընդհա­­­­նուր հա­­­­մոզու­­­­մին, գո­­­­նէ Տի­­­­յար­­­­պէ­­­­­­­­­­­­­­­քիրի մէջ քրիս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­նեանե­­­­րը պաշտպա­­­­նած են եւ այդ գունդե­­­­րու ցրո­­­­ւու­­­­մը յատ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­պէս հա­­­­յերուն վնա­­­­սած է։ Բ. Զի­­­­յա Կէօքալփ շրջա­­­­նային առու­­­­մով իտ­­­­տի­­­­­­­­­­­­­­­հատա­­­­կան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու քա­­­­ղաքա­­­­կանու­­­­թեան վրայ կար­­­­ծո­­­­­­­­­­­­­­­ւածէն շատ աւե­­­­լի ազ­­­­դե­­­­­­­­­­­­­­­ցու­­­­թիւն ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցած է։ Եոն­­­­կերտէն Կէօքալ­­­­փի եւ Հա­­­­միտի­­­­յէ գունդե­­­­րու տա­­­­րած­­­­քի հրա­­­­մանա­­­­տար Միլ­­­­լի Իպ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­հիմ Փա­­­­շայի կեր­­­­պարնե­­­­րուն մէջ կը նկա­­­­տէ քայլ առ քայլ էդ­­­­նիկ մաք­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­գործման տա­­­­նող ար­­­­դի ազ­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­յին նա­­­­խագի­­­­ծը եւ այդ նա­­­­խագ­­­­ծին «հին հա­­­­մակարգ» հան­­­­դի­­­­­­­­­­­­­­­սացող կայ­­­­սե­­­­­­­­­­­­­­­րական քա­­­­ղաքա­­­­կանու­­­­թեան հետ ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցած հա­­­­կասու­­­­թիւնը։

Իսկ Վեր­­­­հէյ 1895-ին կայսրու­­­­թեան մայ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­քաղա­­­­քէ եւ Անա­­­­տոլո­­­­ւի բո­­­­լոր նա­­­­հանգնե­­­­րէ ներս ծա­­­­գող ու հա­­­­յերու կո­­­­տորա­­­­ծով աւար­­­­տած ազ­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­յին բռնու­­­­թեան մա­­­­սին ու­­­­սումնա­­­­սիրու­­­­թիւն մը կը ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յաց­­­­նէ։ Այ­­­­լընտրան­­­­քա­­­­­­­­­­­­­­­յին պատ­­­­մագրու­­­­թիւն մըն է այս, ուր առ­­­­կայ պատ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կան գրու­­­­թեան որոշ կարծրա­­­­տիպե­­­­րը, օրի­­­­նակի հա­­­­մար «ապստամ­­­­բող հա­­­­յեր» կամ «կո­­­­տորած­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը ծրագ­­­­րող Հա­­­­միտ»ի նման ընդհա­­­­նուր հա­­­­մոզում գո­­­­յացած հաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­տումնե­­­­րը վե­­­­րատե­­­­սու­­­­թեան կ՚են­­­­թարկո­­­­ւին։

Ըստ երե­­­­ւոյ­­­­թի այս սահ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­նափակ տա­­­­րած­­­­քի յա­­­­տուկ աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տու­­­­թիւնը շատ աւե­­­­լի ըն­­­­դարձակ բա­­­­նավէճ­­­նե­­­­­­­րու առիթ կրնայ տալ։ Հա­­­յոց ուղղեալ կո­­­տորած­­­նե­­­­­­­րուն որ­­­քա­­­­­­­նով որոշ կեդ­­­րո­­­­­­­նէ մը ծրագ­­­րո­­­­­­­ւելուն եւ կա­­­տարո­­­ւելուն, քիւրտե­­­րուն կո­­­տորած­­­նե­­­­­­րու մէջ ու­­նե­­­ցած դե­­րակա­­տարու­­թեան մա­­սին նոր հար­­ցումնե­­րու հետ դէմ յան­­դի­­­ման պի­­տի մնանք։ Ի վեր­ջոյ այս գիր­քը այն տպա­ւորու­թիւնը պի­տի թո­ղու որ պատ­մագրու­թե­նէ մը աւե­լի հե­տազօ­տող լրագ­րո­ղի մը ու­սումնա­սիրու­թիւնն է։

«Օս­­­մա­­­­­­­նեան Շրջա­­­նին
Տի­­­յար­­­պէ­­­­­­­քիրի Մէջ
Հա­­­սարա­­­կական
Յա­­­րաբե­­­րու­­­թիւններ,
1870-1915»

խմբագ­­­րող՝
Յիոստ Եոն­­­կերտէն եւ
Ել­­­լէ Վեր­­­հէյ

Իսթանպուլ, 2016
Պիլկի Համալսարանի Հրատարակչութիւն
384 էջ

 

Kategoriler

Հայերէն