Իրաւունք ունին Թուրքիոյ իշխանութիւնները։ Մենք ենք մեղաւորը։ Մենք ենք, որ պէտք է ներողութիւն խնդրենք։ Մենք ենք, որ պէտք է զիջենք, մեղանչենք հաւաքաբար։ Հրապարակաւ խոստովանինք ու՝ «Ե՛ս քեզ մեղայ» աղերսենք։
ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
«Ակօս», թիւ 819, 23 դեկտեմբեր 2011
Նոյնիսկ որ պատերազմինք, արեան գնով փրկենք մեզմէ յափշտակուած հայրենիքը, ոչինչ կը փոխուի, 20 տարի անց դարձեալ մենք պէտք է համակերպինք։
Նոյնիսկ որ ֆրանսական խորհրդարանը հակաթուրք բանաձեւ որդեգրէ, մենք ենք որ պէտք է հատուցենք։
Այսպէս գրուեցաւ հազարամեայ պատմութիւն մը։ Մեր ամենախելօքները, ամենաիմաստունները միշտ նոյն խրատը թելադրեցին՝ «Մի՛ գրգռէք պետութիւնը»
Նոյնիսկ եթէ ամբողջ ազգի մը արժանապատուութիւնը խորտակուի, մի՛ գրգռէք կառավարութիւնը։
Նոյնիսկ եթէ արիւնով ներկուին հայրենի երկրի գետերը, դուք լսեցէք ձեր առաջնորդներուն, իշխաններուն, մեծաւորներուն, հոգեւորականներուն խրատը եւ մի՛ գրգռէք սուլթանին։
Նոյնիսկ դրժեցէք ձեր գահը կամ աթոռը, ձեր տան, ձեր ընտանիքի, ձեր տոհմի աւանդը։ Բազմեցէք ցեղասպանութեան զոհ ձեր ծնողաց ոսկորներուն վրայ ու փայփայեցէք իշխանաւորի ինքնապաշտութիւնը։ Շոյեցէք, օրնիբուն խորհեցէք, թէ ո՞ր ստորութեամբ կրնաք ուրախացնել պետական եսասիրութիւնը։
Մեզի չի խանգարեր. այս ձեր ոճն է, ձեր ուղին։ Համոզուած էք, որ այսպէսով կրնաք պահել ձեր խանութի շահաւէտութիւնը։ Յաջողութիւն ձեզի… Ստորնացէք` որքան որ կրնաք։ Խոնարհեցէք մինչեւ գետին։ Բա՛ւ է, որ մեր առջեւ կանգնած չըլլաք։ Չփորձէք մեզ ներկայացնել։ Մեր անունով չյիշուիք։ Հեռու’ կեցէք մեզմէ… Հեռու’ եւ օտար։
Իսկ գալով մեզի՝ խնդրեմ, մեզի համար մի՛ մտահոգուիք։ Մենք փորձառու ենք, եւ եթէ պէտք է, դարձեալ կ՚անցնինք մեր ժողովուրդի գողգոթան։ Մեծով-փոքրով, էգով-արուով կը տանինք մեզ վիճակածը։ Մենք սովոր ենք «քաղաքակիրթ» եւ «քրիստոնեայ» եւրոպացիներու խաղերուն։ Լաւ գիտենք անոնց «հայանպաստ» քաղաքականութիւնը։ Այդ քաղաքականութեան դիմած քայլերը ո՛չ ուրախութիւն կը պատճառեն մեզի, ո՛չ ալ՝ պատիւ։
Մենք լաւ գիտենք ոճրագործը։ Ոչ ոք թող փորձուի ըսելու՝ «Իմ պապերս ոճրագործ չեն կրնար ըլլալ» Եթէ ոչ պապերը, ուղղակի ինքն է ոճրագործը` ոճիրին պաշտպան կանգնող այդ խօսքերով։ Հարիւր տարի անցաւ ցեղասպանութեան վրայէն։ Այսօր կենդանի չեն ո՛չ զոհերը, ո՛չ ալ ոճրագործները։ Բայց հաշիւը կը շարունակուի զոհերու ու ոճրագործներու ժառանգորդներուն միջեւ։
Ան, որ պիտի ուրանայ պատմական իրողութիւնը, ահա՛ այն է ոճրագործը մեզի համար։
Ան, որ պիտի դրժէ ազգային ամէն արժէք, ահա՛ այն է դաւաճանը մեզի համար։ Եւ մենք անոր միայն մէկ խօսք ունինք մեր պապերէն փոխանցուած՝ «Աշխարհում ով մոռանայ, ջուխտ աչքով թող քոռանայ»
Մենք սովոր ենք այս պատմութեան։ Բազում անգամներ դիտած ենք այս զաւեշտը։ Ֆրանսացին, կամ ամերիկացին, կամ չես գիտեր ով իր հաշիւներով գործ մը պիտի տեսնէ, ու Թուրքիոյ իշխանութիւնները պիտի սպառնան՝ «Մեր դեսպանը ետ կը կանչենք», «Առեւտրական կապերը կը խզենք» ըսելով։
Մինչ այդ՝ պետութեան փողը հնչեցնող մամուլի թղթակիցներ ալ պիտի ճնշեն տեղացի հայերուն վրայ, որպէսզի պախարակեն այս հակաթուրք ռազմավարութիւնը։ Պատրիարքարանը անուշապուրի պատմութիւններ պիտի պատմէ, հիւանդանոցի հոգաբարձուն սրդողած ընկերներու օրինակ պիտի թուէ, շուկայի խանութպանն ալ երդում պիտի տայ` ըսելով, որ խտրականութեան չի հանդիպիր։ Ինքնին այդ հարցումը խտրականութիւն չէ՞ միթէ։
Ով պարոնայք, դո՛ւք զբաղեցէք ձեր գործերով… Մենք մեր հոգերը ունինք արդէն։