բագրատ էսդուգեան
Հայոց պատմութեան մօտ անցեալի շատ կարեւոր իրադարձութիւններէն մէկն է Պանք Օթոմանի դէպքը։ Թուրքիոյ պաշտօնական պատմութեան տեսութիւնը Համիտի դէմ անյաջող մահափորձի հետ միասին, այս դէպքը կը ներկայացնէ իբրեւ բաժակը յորդեցնող կաթիլ։
Իրականութեան մէջ ի՞նչ եղած էր 1896-ի Օգոստոս 26-ին։ Ռակըմ Զարաքօլուի «Պելկէ» հրատարակչութիւնը այս նիւթին շուրջ նախապէս հրատարակած էր Արմեն Կարոյի հերոսապատումի մը բնոյթով գրի առած յուշերը։ Արմեն Կարօ այդ էջերուն մէջ մանրամասնութեամբ կը պատմէր Պանք Օթոմանի դէմ կատարուած յարձակումի նախապատրաստութեան եւ գործադրման փուլերը։ Ժամ առ ժամ կը նկարագրէր դրամատան մէջ եւ դրան առջեւ պատահածները։ Գիրքը կը վերջանար ֆէտայիներուն արեւմտեան երկիրներու միջնորդութեամբ ազատուելով եւ դէպի Մարսէյլ ուղարկուելով։
«Պելկէ» այժմ կը հրատարակէ դէպքի յաջորդող օրերու անցուդարձները լուսարձակի տակ առնող նոր ուսումնասիրութիւն մը։ Կիւրճան Չիլէսիզի աշխատութիւնը՝ «30 ժամ քաօս Իսթանպուլի մէջ»ը, ինչպէս խորագիրն ալ կը վկայէ, հայկական աւանդական մերձեցումով հերոսապատումի մը վերածուած խնդիրը կը դիտէ աւելի ընդարձակ տեսանկիւնէ։ Հեղինակը գլխաւոր երեք բաժիններու մէջ կը հիւսէ իր ուսումնասիրութիւնը։ «Հայոց պատմութիւն, հայկական խնդրի ծագումը Օսմանեան կայսրութեան մէջ եւ ազգային շարժում» խորագրեալ առաջին բաժնի մէջ 16 ենթախորագիրներով կը քննարկուին հայոց պատմական արմատները, Կիլիկոյ հայոց թագաւորութիւնը, հայերուն Օսմանեան հպատակ դառնալը, հայկական խնդրին ծագման մէջ Ռուսիոյ դերակատարութիւնը, Փարիզեան համաձայնութիւնը եւ արեւմտեան ուժերու միջամտութիւնը, Օսմանեան կայսրութեան սահմաններէ ներս Հայաստանի մը առկայութեան մասին առաջին միջազգային փաստաթուղթը՝ Այա Ստեփանոսի համաձայնագիրը, Պէրլինի համաժողովը եւ հայկական խնդրին մէջ Անգլիոյ դերակատարութիւնը, հայկական բարեփոխումներու համար անգլիացիներու դիւանագիտական նախաձեռնութիւնները, հայ ազգայնականութեան ծնունդ տուող պատմական պայմաններ, հայ հասարակութեան քաղաքական կազմակերպութիւնը եւ բռնութեան պայքարի միջոց մը ըլլալով իւրացումը, հայ ազգայնականութեան ծայր աստիճանը՝ Ֆէտայիութիւն, Համիտեան գունդերու ռազմավարութիւնը եւ Անատոլուէ ներս դժգոհութեան աճը, Անատոլուի մէջ հայկական առաջին մեծ ապստամբութիւնը՝ Սասուն 1894, 30 Սեպտեմբեր 1895- երթ դէպի մեծ դուռ եւ հայոց ուղղեալ յարձակումներ, 1895 Զէյթունի ապստամբութեան մէջ հրամանատարի թերութիւն եւ Օսմանեան բանակին ծանր կորուստը։
Ինչպէս ենթախորագիրները կը վկայեն, այս հատուածը ընթերցողին կը փոխանցէ տուեալ ժամանակահատուածի ընկերաքաղաքական համայնապատկերը եւ երկրի ընդհանուր հոգեբանութիւնը։ Հոգեբանութիւնը թագաւորին, հոգեբանութիւնը հայ եւ թուրք հասարակութեան, հոգեբանութիւնը քաղաքական գործիչներու։ Իրաւ ալ ԺԹ. դարու երկրորդ կէսը եւ յատկապէս ալ վերջին քառորդը աննախադէպ վերիվայրումներու շրջան մըն է, ուր կը քայքայուին նախկին բոլոր հաստատումները, համոզումները, նոյնիսկ սրբութիւնները։ Սահմանադրութեան հռչակումով կը սահմանափակուին Խալիֆա սուլթանի լիազօրութիւնները։ Նոր հասկացողութիւնը հաւասարութիւն կ՚առաջարկէ բոլոր քաղաքացիներու համար։ Այլ խօսքով իսլամադաւանները կը զրկուին իրենց մենաշնորհներէն։ Միւս կողմէ կայսրութիւնը ծանր պարտութիւններ կը կրէ եւ թեւակոխէ տարանջատման շրջանին։ Բիւրաւոր գաղթականներ մեծ թշուառութեամբ կը լքեն իրենց երբեմնի հայրենիքը՝ պալքանեան երկիրներու քաղաքները եւ տաժանելի ճամբորդութեամբ կ՚ապաստանին հայրենի երկիր։ Մինչ այդ հայ ժողովուրդն ալ զարգացնելով ազգային գիտակցութիւն, ալ չէր հանդուրժեր օտարի լուծին եւ կ՚ուզէր իր անկախ պետականութեան տիրանալ։ Սակայն մտաւորականներու նոր ծայր տուած այս հոսանքը իր արժանի արձագանգը չէր գտներ ժողովուրդի լայն խաւերու մօտ։ Հասարակութեան այս խաւը կը խուսափէր վտանգաւոր արկածախնդրութիւններէ։ Ան հաւատարիմ էր կայսրութեան եւ իր ապագան կը տեսնէր այդ ամբողջութեան մէջ։ Նոյնիսկ կարելի է ըսել որ հայոց բոլոր պահանջը սահմանուած էր քիչ մը աւելի ազատութիւնով եւ քիչ մը աւելի անվտանգութիւնով։ Բայց կայսրութեան միտքը կը գործէր բոլորովին տարբեր ուղղութեամբ։ Ան այդ յաւելեալ ազատութիւնը կը տեսնէր իբրեւ իր իշխանութեան դէմ սպառնալիք եւ ամէն միջոցի կը դիմէր հայերը ճնշելու համար։ Պատմաբաններ մեծ մասամբ համաձայնած են անոր հայատեաց մտայնութեան մասին։ Ի վերջոյ Հայոց ցեղասպանութեան տանող ճանապարհին վրայ չի բացառուիր անոր դերակատարութիւնը։
Կիւրճան Չիլեսիզի աշխատութիւնը պատմական արժէքաւոր տուեալ մըն է ցարդ բաւականաչափ չի քննարկուած նիւթի մը մասին, որ խոր հետեւանքներ ունեցած է հայոց պատմութեան մէջ։
«30 ժամ քաօս Իսթանպուլի մէջ»
Կիւրճան Չիլէսիզ
«Պելկէ» Հրատարակչատուն
Իսթանպուլ/Փետրուար 2015
215 էջ