Հարիւրամեակի մատենաշար

էմրէ ճան
տաղլըօղլու

Հայոց ցեյասպանութեան դարադարձը բացի զանազան բնոյթի միջոցառումներէ, կը նշուի նաեւ յատուկ գրականութեան մը հրատարակութիւնով։ Զանազան հրատարակչատուներ մէկ կողմէն նոր թարգմանութիւններ կը պատրաստեն, մէկ կողմէն ալ ցեղասպանութեան բոլոր երեսակները նիւթ առնող քաղուածքներու հատորներ կը խմբագրեն։

«Իլէթիշիմ» հրատարակչատունը առաջին հերթին լոյս ընծայեց ֆրանսահայ ծանօթ պատմաբան Ռայմոն Գէորգեանի երկարատեւ աշխատութեան արդիւնք հանդիսացող «Հայոց Ցեղասպանութիւնը» գիրքը։ ԺԹ. դարու վերջերէն մինչեւ հանրապետութեան հիմնարկութիւնը շարունակուող ցեղասպանութեան բոլոր երեսակները ուսումնասիրող գիրք մըն է ան, որ արժանի է գլուխ գործոց համարուելու։ Այս նիւթէ ներս ամենածաւալուն հետազօտութիւններէ բաղկացող եւ հիմնական աղբիւր համարուող այս գիրքը թարգմանած է Այշէն Թաշքէնդ Էքմէքճի։ «Իլէթիշիմ»ի քառամեայ պարբերական «Հասարակութիւն եւ գիտութիւն»ի Ապրիլեան համարն ալ կ՚ունենայ Հայոց ցեղասպանութեան թղթածրար մը։ Թղթածրարին իրենց յօդուածներով մասնակցած են Կիւվէն Կիւրքան Էօզթան, Էօմէր Թուրան, Լէրնա Էքմէքճիօղլու, Նազան Մաքսուտեան, Թալին Սուճիեան, Տէվրիմ Սէզէր եւ Էօնտէրճան Մութի։

«Պատմութեան Հիմնարկ» հրատարակչութիւնն ալ ցեղասպանութեան նիւթով շատ կարեւոր յուշագրութիւն մը կը հրատարակէ։ «Զինուորական վարժարանէ Օսմանեան հայու մը՝ Սիւրմէեանին պատմութեան եւ աքսորի յուշերը» հրատարակութեան պատրաստած է Եաշար Թոլկա Ճորա։ Երզնկացի սպայ մը եղող Գալուստ Սիւրմէեան իր իսկ բացատրութեամբ «առանձնաշնորհեալ» մը ըլլալով կը պատմէ, թէ 1915 ու յաջորդող տարիներուն ինչեր ապրած է եւ ինչպէս յաջողած է կեանքը փրկել։

Իւմիտ Քուրթ եւ Կիւնէյ Չէյինի խմբագրած «Օսմանեան կայսրութենէ, դէպի հանրապետութիւն պետութեան կառուցումը եւ հասարակաց  բռնութիւն» հատորն ալ Հայոց ցեղասպանութեան հետ առնչուած կարեւոր յօդուածներ կը բովանդակէ։ Հոն տեղ գտած են Մայքըլ Ռէյնըլտսի, Տոնըլտ Պլոխմի, Կիւնէյ Չէյինի, Իւմիտ Քուրթի, Այշէ Էօզիլի, Քրիստիան Կէրլախի, Կիւվէն Կիւրքան Էօզթանի եւ Էօմէր Թուրանի գրութիւնները։ Հրատարակչատունը Մայիս ամսուայ մէջ ալ պիտի հրատարակէ նոր հաւաքածոյ մը, այս անգամ Ֆիքրէթ Ատանըր եւ Օյթայ Էօզէլի խմբագրութեամբ։ «1915՝ Քաղաքականութիւն, Տարագրութիւն եւ Ցեղասպանութիւն» խորագրեալ գիրքը սահմանադրութենէն մինչեւ 1939 հայկական խնդրի տարբեր զարգացումները կը քննէ Սէլչուք Աքշին Սօմելի, Զօզան Փէհլիվանի, Սելիմ Տէրինկիլի, Ֆուաթ Տիւնտարի, Էտհետ Էլտէմի, Իլքայ Եըլմազի, Եաշար Թոլկա Ճորայի, Էտիպ Կէօլպաշիի, Նէսիմ Շէքէրի, Եէքտան Թիւրքեըլմազի, Օհաննէս Քըլըչտաղի, Դիպէդ Ապաքի, Սինան Տինչէրի, Մէլթէմ Թոքսէօզի, Տօղան Չէթինքայայի, Էմրէ Էրոլի, Իւմիտ Ուղուր Իւնկէօի, Նազան Մաքսուտեանի, Համիտ Պոզասլանի, Մեհմէտ Փոլաթէլի, Էօմէր Թուրանի, Կիւվէն Կիւրքան Էօզթանի, Ճանտան Պատեմի, Լերնա Էքմէքճիօղլուի Պերնա Փէքէսէնի, Մուրատ Քորալթիւրքի եւ Պասքըն Օրանի յօդուածները։ Բացի վերեւ նշուածներէն Պատմութեան Հիմնարկի մատենաշարէն լոյս պիտի տեսնեն Ֆաթմա Միւկէ Կէօչէք, Ռոնալտ Գրիգոր Սիւնի եւ Նորման Նէյմարքի քաղած եւ 2011-ին Օքսֆորտի Համալսարանի կողմէ հրատարակուած «Ցեղասպանութեան Խնդիրը» գիրքերը, որոնք Ապրիլ ամսուան մէջ պիտի փոխանցուին ընթերցողներուն։ Հրատարակչատունը 2015-ին նպատակադրած է Ռայն Ճինճըրսի «Վշտախառ ծովափներ, բռնութիւն, տոհմային ինքնութիւն եւ Օսմանեաններուն վերջը, 1912-1923» եւ Տանըլտ Պլոխամի «Ցեղասպանութեան մեծ խաղը, գաղութատիրութիւն, ազգայնականութիւն եւ Օսմանեան հայերու ոչնչացումը» անուն գիրքերը հրատարակել։

«Էվրէնսել» հրատարակչութիւնը 1915-ի հարիւրամեակին կը պատրաստուի Այտըն Չուպուքճու, Նէվզաթ Օնարան, Ճ. Հաքքը Զարիչ եւ Օնուր Էօզթիւրքի խմբագրած «Ամօթ եւ արժանապատուութիւն, 1915-2015 Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակ» անուն գիրքով։ Առօրեայ կենցաղէն տնտեսագիտութեան, կանանց ու երախաներու այս գործընթացէն ինչպէս տուժելնուն, քաղաքական հոգեբանութենէն դէպի շարժանկար, գրականութիւն, երաժշտութիւն, իրաւական համակարգէ ընկերաբանութեան, մահապատիժներէ մինչեւ ճարտարապետութիւն, երգիծանք բաւական լայն տարածքի մը վրայ գրի առնուած յօդուածները հատորի մը մէջ պիտի հրատարակուի 17 Ապրիլին։ Այս աշխատութեան մէջ կը հանդիպինք Այտըն Չուպուքճու, Էրտողան Այտըն, Նէսիմ Օվատիա Իսրայէլ, Նէվզաթ Օնարան, Սեպուհ Ասլանկիլ, Ֆըրաթ Այտընքայա, Քատիր Աքըն, Ռակըպ Զարաքօլու, Ուլաշ Պաշար Կէզկին, Ֆեդհիյէ Չէթին, Եդուարդ Տանձիկեան, Իւմիտ Քուրթ, Սինան Պիրտալ, Մելիսա Պիլալ, Պուրհան Քում, Էլմոն Հանչէր, Էվրիմ Քայա, Գարին Գարագաշլը, Զաքարիա Միլտանօղլու, Մեհմէտ Ֆադիհ Ուսլու, Հաճը Օրման եւ Բագրատ Էսդուգեանի ստորագրութիւններուն։ Հրատարակչատունը 1921-ին Հնչակեան 20 գործիչներու յիշատակին ձօնուած «20 կախաղաններ» գիրքն ալ Արիս Նալճըյի թարգմանութեամբ պիտի հրատարակէ Յունիս ամսուայ մէջ։

«Արաս» հրատարակչատունը Ապրիլ ամսուայ մէջ լոյս կ՚ընծայէ Նորայր Շահինեանի «Պարապութեան ուժը» անուն լուսանկարչական ալպոմը։ Այս գիրքի համար նախատեսուած է 21 Ապրիլին ցուցահանդէս մը կազմակերպել Տէփոյի մէջ։ Չանաքքալէյի պատերազմին մասնակցած բժիշկ սպայ մըն է Աւետիս Ճեպեճեան, որուն 1914-1918 թուականները ներարող հայատառ թրքերէն յուշերը դարձեալ տպագրութեան կը պատրաստուին։ Տակաւին հրատարակութեան կարգ պիտի սպասեն Անա Արզումանեանի «Մարդու շտեմարան», Երուանդ Օտեանի «Անիծեալ Տարիներ», Շահան Շահնուրի «Նահանջը Առանց Երգի», Անդրանիկ Ծառուկեանի «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ», Պետրոս Տօնապետեանի «Ձայն Տառապելոց» եւ Ռոնալտ Գրիգոր Սիւնիի «Հայեացք Դէպի Արարատ» անուն գիրքերը։

Այս բնագաւառին մէջ ամենաշատ գիրք հրատարակողներէն է «Պելկէ» հրատարակչատունը։ Ան ալ կը պատարաստուի Ապրիլ ամսուան մէջ Բեթեր Պալաքեանի «Այրող Եփրատը», Ժան Կիւրեղեանի «Հայաստանի Պատմութիւն», Տողան Աքհանլըի «Յուշերու Պողոտան», Անահիտ Աստոյեանի «Հայերը Օսմանեան Բանակում» անուն գիրքերը հրատարակելու։ «Պելկէ» տակաւին կը պատրաստուի Պեհլերեանի «Հայ Ազգային Շարժումը» եւ «Դաշնակցութեան Պատմութիւնը», գրականութեան եւ յուշագրութեան ոլորտէ ներս ալ Մուշեղ Կալշոյեանի «Խոստացուած Օր», Սարգիս Սերովբեանի «Եղբայր Հեքեաթներ», Հայր Սիմոն Երեմեանի «Իսթանպուլեան Տպաւորութիւններ», Վիգէն Չըթըրեանի «Կովկասներու մէջ Պատերազմ եւ Խաղաղութիւն», Խաչատուր Փիլիկեանի «Նազըմ Հիքմէթ, թուրք բանաստեղծի մը հայ կապակցութիւնները» եւ «Հայերը ու Օփերան», Աննա Ասլանի «Մշօ գիրք», Ա. Կեսարի «Այնթապի գոյապայքարը», Վարուժան Պօղոսեանի «1922 Իզմիրի աղէտը» եւ «1920 Մարաշի Հայոց կոտորածը» անուն գիրքերը։