Ուրացումը այլեւս իրեն վստահուեցաւ

Նախարարին ցեղասպանութիւնը ուրացող այս արտայայտութիւնները նորութիւն մը չեն։ Ան 2010-ին Եւրոպայի Խորհուրդի Պատգամաւորներու ժողովի նախագահի տիտղոսով պաշտօնական այցելութիւն մը կատարած էր Հայաստան։ Երբ ինք մերժեց ցեղասպանութեան յուշարձան այցելել, Հայաստանի կառավարութիւնն ալ «պաշտօնական այցելութիւն»ը վերածեց «աշխատանքային ժողով»ի։

ԿԷՕԶՏԷ ՔԱԶԱԶ
gozdekazaz@agos.com.tr

Վարչապետ Ահմէտ Տաւութօղլուի գլխաւորած 62-րդ Կ՞առավարութեան կազմին մէջ Արտաքին Գործոց նախարար նշանակուած է Մէվլուտ Չաւուշօղլու, որ նախապէս ալ կարեւոր պաշտօններ ստանձնած է երկրի արտաքին քաղաքականութեան մէջ։ Ան 2010-2012 թուականներուն կը նախագահէր Եւրոպայի Խորհուրդի Պատգամաւորներու ժողովը։ 2013-ին նախագահեց Թուրքիա-ԱՄՆ Միջխորհրդարանային Բարեկամութեան խմբակը։ Չաւուշօղլու նախքան Արտ. Գործ. Նախարարութեան, վարեց Եւրոմիութեան Նախարարի պաշտօնը։ Նոր կոչումով կատարած առաջին յայտարարութեան ալ Չաւուշօղլու պարզեց, որ «Հայոց ցեղասպանութեան» խնդրին մէջ հաւատարիմ պիտի մնայ իր նախորդին՝ Ահմէտ Տաւութօղլուի քաղաքականութեան։

Նորանշանակ նախարարը 29 Օգոստոսին Սինէ 5 հեռուստակայանի թղթակից Ասլը Կիւն Աթասակունին կը յայտնէր թէ ԱՔՓ կուսակցութիւնը արտաքին քաղաքականութեան շուրջ որոշ սկզբունքներ ունի, որոնցմէ կարելի չէ շեղիլ։ Իսկ ցեղասպանութեան դարադարձին ուղղեալ հարցումին ալ կը պատասխանէր հետեւեալ կերպով՝ «Մենք այդ ժամանակուայ ողբերգութիւնները ուրացող երկիր մը չենք։ Մեր առարկութիւնը քաղաքական գործիչներու կամայական կերպով ցեղասպանութեան հաստատումն է։ Այս երեւոյթը կը հակասէ միջազգային իրաւաբանութեան եւ խիղճին»։

Չաւուշօղլու նշելով նաեւ նախկին վարչապետ Ռէճէփ Թայյիպ Էրտողանի նախորդ տարի հրատարակած ցաւակցութեան նամակը, կ՚աւելցնէր՝ «արար աշխարհ գիտէ որ մենք այլեւս դուրս եկած ենք պաշտպանութեան դիրքէն եւ անցած ենք յարձակումի։ Այդ նամակը մեր մտերմութեան ապացոյցն է։ Կոչ ըրած ենք որ հասարակական յանձնախումբ մը հիմնուի, բոլոր արխիւները բաց ըլլան եւ այդ յանձնախումբը որոշում մը կայացնէ։ Այս առաջարկը իր եւ իր նախնիներուն վստահող իշխանութեան մը մտերիմ մերձեցումն էր, որ Հայաստանի կողմէ անպատասխան մնաց»։

Չաւուշօղլու աւելցուց որ Թուրքիան թէ պետական համակարգով եւ թէ ակադեմիայով կը պատրաստուի 2015-ին։

Այս ելոյթէն տասը օր ետք, Չաւուշօղլու նման բնոյթով ելոյթ մը եւս ունեցաւ այս անգամ Անատոլու լրատու գործակալութեան թղթակցին, հոն եւս կրկնելով, «այս նիւթը պատմաբաններու թողունք» յանկերգը աւելցնելով, որ կարելի չէ այս նիւթերը միակողմանի յիշողութեամբ լուծել։ «Այժմ Հայաստան եւ հայկական սփիւռքը երրորդ երկիրներու մէջ գործողութիւններ կը ծաւալեն։ Երբեմն շրջանային, երբեմն ալ ազգային ժողովներ այս նիւթի շուրջ որոշումներու կը յանգին։ Մենք խիստ անպատեհ կը համարենք քաղաքական գործիչներու պատմական այսպիսի նուրբ խնդիրի մը շուրջ որոշումներու յանգիլը։ Այդ որոշումները կը վնասեն երկկողմ յարաբերութիւններուն»։

Նախարարին ցեղասպանութիւնը ուրացող այս արտայայտութիւնները նորութիւն մը չեն։ Ան 2010-ին Եւրոպայի Խորհուրդի Պատգամաւորներու ժողովի նախագահի տիտղոսով պաշտօնական այցելութիւն մը կատարած էր Հայաստան։ Երբ ինք մերժեց ցեղասպանութեան յուշարձան այցելել, Հայաստանի կառավարութիւնն ալ «պաշտօնական այցելութիւն»ը վերածեց «աշխատանքային ժողով»ի։

Չաւուշօղլու նոյն պաշտօնը վարած տարիներուն, շատ բուռն հակազդեցութիւն ցոյց տուած էր Ֆրանսական Խորհրդարանի Հայոց ցեղասպանութեան ուրացումը յանցանք համարող օրէնքին դէմ։

Մէվլուտ Չաւուշօղլու 1 Սեպտեմբեր 2014-ին Ատրպէյճանական լրատու գործակալութեան ալ կը յայտնէր, թէ եղբայր երկիր Ատրպէյճանի հետ բոլոր նիւթերու մէջ պիտի գործակցին, «Իբր թէ հայկական ցեղասպանութեան նիւթին շուրջ ալ Ատրպէյճանի հետ միատեղ պիտի պայքարինք»։

Վարչապետ Տաւութօղլու նոր կառավարութեան ծրագիրը ներկայացնելու պահուն խուսափած էր Հայոց ցեղասպանութեան եւ անոր դարադարձին շուրջ յստակ արտայայտութիւններէ։ Հաւանական է որ այս զգուշութիւնը Մէվլուտ Չաւուշօղլուին ալ կը պարտադրէ աւելի զգոյշ արտայայտութիւններ ունենալ։ Սակայն ըստ երեւոյթի նոր Արտաքին Գործոց նախարարը Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու շուրջ օրուան պայմաններուն համապատասխան ելոյթներ պիտի ունենայ։