Թէ ինչ եղաւ Ամիտայի փառք ու պարծանք Ս. Թէոդորոս կաթողիկէն, որուն կորսուիլն հայ պատմութեան մէջ սեւ էջ մըն է, երբ կրօնաւոր մը իր բոլոր կեանքը կը նուիրէ զայն գեղեցկացնելու եւ հայ մշակոյթի կեդրոն մը դարձնելու համար, դժբախտաբար այդ միեւնոյն վանքը գրեթէ 75 տարի վերջ ուրիշ կրօնաւոր մը… Աստուծոյ փառաբանութեան Ս. Տաճարը վերածելով մզկիթի՝ «Գուրշունլու ճամի» անուամբ։
Մկրտիչ Նաղաշ եպիսկոպոս եղած է Ամիտայի առաջնորդը եւ Ս. Թէոդորոս Կաթողիկէ եկեղեցւոյ վանահայրը։ Ան եկեղեցին աւելի մեծցուցեր ու կողքին գիշերօթիկ դպրավարժարան մը հաստատեր է։ Վանքին սահմանները եղած են բերդի պարիսպէն մինչեւ «Սըրայներ» ջուլհականոցը, մէջն ըլլալով նոր շուկան, Աթ բազարին, մինչեւ քաղաքի պարիսպի արեւելեան մասին մօտ։ Հոն էր նաեւ առաջնորդարանի շէնքը, պարտիզաւոր, գմբէթաւոր սենեակներով, կամարակապ հովոցով։
«Մկրտիչ Նաղաշ եպիսկոպոս գեղեցկացուցած է Ս. Թէոդորոս եկեղեցին, շինել տալով բարձր գմբէթ եկեղեցւոյ վրայ։ Հիմա սա նկատի առնելու է. այն ժամանակին (15-րդ դարու առաջին քառեակին) Հայաստանի այդ դժբախտ ու դաժան ատեններն էին, որ կէս վայրենի, կրօնամոլ զօրապետներ ի հաճոյս կամաց կը տիրէին բոլոր երկրին վրայ։ Այս զօրապետները կը կոչուէին Գարա Գոյունլու եւ Ագ Գոյունլուներ, որոնք ինքնուրոյն իշխանութիւններ էին եւ որոնց վեհապետները կը կոչուէին Փատիշահ կամ Սուլթան։ Գարագոյունլուները կը տիրէին Հայաստանի եւ Պարսկաստանի հիւսիսային մասին վրայ, կեդրոն ունենալով Դապրիզ քաղաքը. իսկ Ագ Գոյունլուները Հայաստանի հարաւային մասին՝ Միջագետքէն մինչեւ Վոսփորի մօտ, որով Ամիտա այս մասին մէջ կ՚իյնար։ Նաղաշի ժամանակ յիշեալ Ագ Գոյունլուներու վեհապետը Սուլթան Օթման (Օսման Ա.) էր, եւ Նաղաշը կրցած էր իրեն հետ բարեկամութիւն հաստատել, նաեւ՝ կրցած էր անկէ արտօնութիւն ստանալ եկեղեցւոյ գմբէթի շինութեան, որովհետեւ այդ ժամանակները քրիստոնեան ոչինչ կարող էր ընել առանց կառավարական հրամանի, իսկ արքունական արտօնագիր մը եկեղեցւոյ գմբէթի շինութեան՝ սա մեծ յաջողութիւնն էր Նաղաշի դիւանագիտութեան»։ *
Կը կարծուի, որ Մկրտիչ Նաղաշ վախճանած ըլլայ Ամիտայի մէջ եւ ըստ ժամանակի սովորութեան թաղուած ըլլայ Ս. Թէոդորոս եկեղեցւոյ մէջ։
Թէ ինչ եղաւ Ամիտայի փառք ու պարծանք Ս. Թէոդորոս կաթողիկէն, որուն կորսուիլն հայ պատմութեան մէջ սեւ էջ մըն է, երբ կրօնաւոր մը իր բոլոր կեանքը կը նուիրէ զայն գեղեցկացնելու եւ հայ մշակոյթի կեդրոն մը դարձնելու համար, դժբախտաբար այդ միեւնոյն վանքը գրեթէ 75 տարի վերջ ուրիշ կրօնաւոր մը… նոր Վասակ մը կը յանձնէ իւր ամբողջութեամբ՝ հեթանոսաց. Աստուծոյ փառաբանութեան Ս. Տաճարը վերածելով մզկիթի՝ «Գուրշունլու ճամի» անուամբ։
Մատնութեան մանրամասնութիւնը
Կը փափաքէի վերոյիշեալ գիրքէն ամբողջութեամբ արտատպել այս մասին պատմուածը, բայց տեղի չգոյութեան պատճառաւ 4 մեծադիր էջերու պարփակութիւնը համառօտելով կը ներկայացնեմ ստորեւ.-
1516-17-ի ատեններ Օսմանեան արքայազուն մը Ամիտա կու գայ եւ շատ գոհ մնալով իրեն ի պատիւ ընդունելութենէն, կ՚որոշէ մզկիթ մը շինել տալ այս քաղաքի բնակչութեան, ու կը պտըտի քաղաքը, բայց յարմար տեղ մը չգտնելով, կ՚ելլէ քաղաքի միջնաբերդը՝ «Վիրան քալէ», իր նետի սլաքին վրայ կարմիր ժապաւէն մը կապելով աչքերը կը փակէ ու նետը կ՚արձակէ առանց տեսնելու, թէ ուր կ՚երթայ։ Ապա կը յայտարարէ թէ «Ո՛վ որ գտնէ ու բերէ այդ սլաքը, այդ վայրն ու շրջափակը պարպելով մզկիթ պիտի շինել տայ, անշուշտ մեծապէս պարգեւելով տանտէրներուն»։
Շաբաթ մը վերջ, Ս. Թէոդորոս վանքի շէնքերու խնամակալ վարդապետ մը (որուն անունը չի յիշեր պատմողը, կամ գրողը) պաշտօնի բերմամբ եկեղեցւոյն տանիքը կ՚ելլէ ու հոն կը գտնէ կարմիր ժապաւէնով սլաքը, զոր պահելով վերարկուին տակ, կ՚իյնայ խոր մտածմունքի մէջ, որ տանի՞ սլաքը արքայազունին ու մեծ հարստութեան տէր դառնայ, կամ ալ վանքի շրջափակին մէջ ճգնաւորական կեանք անցնէ։
Վերջապէս, հետեւեալ առտու ժապաւէնով սլաքը կը տանի արքայազունին, կ՚ըսէ թէ ինք քրիստոնեայ կղերական մըն է, բայց համոզուած է որ իսլամութիւնն է ճիշդ կրօնքը եւ ինք կ՚ուզէ ընդունիլ զայն, ու վերարկուին տակէն դուրս կը հանէ սլաքը։
Արքայազունը զարմացած, կ՚ըսէ թէ ինք զինուորական անձ է, կրօնի փոփոխութիւնը իմամներու գործն է, բայց ինք պիտի կատարէ իր խոստումը, սակայն որո՞ւ պիտի ընէ վճարումը։
Վարդապետը կը բացատրէ, որ վանքը յատուկ տէր չունի, եւ ինք ալ որպէս կղերական իրաւունք ունի միւս վանականներուն նման, ուրեմն կրնայ կարգադրել նուիրելիք ոսկիներու բաշխումը։
Եւ Արքայազունը, երբ բերել տուած պարկի ոսկիները կը սկսի թափել գորգին վրայ, մատնող վարդապետը օրհնութիւններ կու տայ անոր առողջութեան, երջանկութեան, ծնողաց եւայլն։ Ու մատնիչը երբ կը զգայ որ բաւական խոշոր կոյտ մը գոյացած է իր առջեւ, բաւարարուած, կ՚ըսէ թէ ատկէ աւելին չ՚ուզեր։ Այն ատեն արքայազունին եւ վարդապետին միջեւ տեղի կ՚ունենայ հետեւեալ հարցում-պատասխանը.-
-«Դուն ըսիր թէ մանկութենէ իսլամութիւնը սիրող մը եղած ես. եւ դուն քրիստոնեայ կրօնաւոր մըն ես, այդպէ՞ս է»։
-«Այո՛, տէր իմ»։
-«Կարծեմ դուք կրօնաւոր եղած ժամանակ Աստուծոյ անունով երդում կ՚ընէք ձեր պաշտօնին հաւատարին մնալու համար, այդպէ՞ս է»։
-«Այո՛, տէր իմ, բայց այդ քրիստոնեայ կղերականութեան համար է»։
-«Ինծի լաւ մտիկ ըրէ.- այս որոշ է, որ գորգին վրայ դիզուած սա ոսկիին համար դուն ստորնաբար հաւատքդ կ՚ուրանաս, Աստուծոյ անունով արած երդումդ եւ ուխտդ հին վերարկուի մը պէս վրայէդ նետել կ՚ուզես պարզ աշխարհային հարստութեան համար… Թէեւ կրօնաւոր մը չեմ, բայց վստահ եմ որ ո՛չ միւֆթին, ոչ ալ ոեւէ իմամ քու պատմութիւնդ լսելէ վերջ պիտի ընդունի քեզի պէս երդմնազանց մը ճշմարիտ իսլամներու շարքին մէջ»։
«Ողորմելի արարած, դուն ի՞նչ մեծ աւեր կատարեցիր քու ժողովուրդիդ, բայց որովհետեւ ես չեմ կրնար իմ խոստացածս ետ առնել, ստիպուած եմ զայն կատարել։ Իմ վճիռս այս է»։
Եւ իր հրամանատարը կանչելով կը հրամայէ, որ համրուած ոսկին պարկին մէջ դնելով ուրացող մատնիչին կռնակը տայ, զինքը հրապարակ տանի, գլուխը կտրէ, իսկ պարկի ոսկին, որ այլեւս ապականուած դրամ է, քաղաքի աղքատներուն բաժնէ։
Միեւնոյն ժամանակ գրութիւն մը կը ղրկէ Ս. Թէոդորոսի վանահօր, մանրամասնութեամբ բացատրելով եղելութիւնը. նաեւ հրամայելով, որ երեք օրէ վերջ պարպեն վանքն ու յանձնեն իսլամաց։
Ալ պիտի չմխրճուիմ մանրամասնութեանց մէջ, բաւականանալով որ հայերը երեք օրուան մէջ փոխադրեցին ինչ որ կրնան, իսկ մնացեալը վանքին բակին մէջ կրակի տրուեցաւ իսլամներու կողմէ։
***
Այսպէսով, գիտենք այլեւս որ 1517 թուին ինչպիսի սեւ վարագոյր մը կ՚իջնէ Ս. Թէոդորոս կաթողիկէի տեսարանը յաւիտենապէս գոցելու համար։
Իսկ Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ դրան աջ կողմի որմոյն դրսի երեսը քարի մը վրայ քանդակուած է.-
«Մատնեցաւ Ս. Թէոդորոս Ջ.Կ.Է. թուին» (1518)։
* Այս գրութեան ու նաեւ լուսանկարին համար (չակերտեալ մասը նոյնութեամբ արտատպելով) օգտուեցանք Տիգրան Մկունդի 1950-ին ԱՄՆ-ի մէջ հրատարակուած, այժմ դժուար գտանելի «Ամիտայի Արձագանգներ» անուն գործին 285-293 էջերէն։ Գրքին այս բաժնին ստորագրողն է Տիգրան Մ. Պոյաճեան։
KUTU KUTU
Մկրտիչ Նաղաշի կենսագրականը
Ուշ միջնադարեան շրջանի համբաւաւոր տաղերգու, մանրանկարիչ, հոգեւորական գործիչ Մկրտիչ Նաղաշ (Nakkaş= որմնանկարիչ-զարդարիչ) ծներ է Բաղեշ քաղաքի Պոռ գիւղի մէջ մօտաւորապէս 1394-1395 թուականներուն։ Ստացեր է աստուածաբանական, փիլիսոփայական կրթութիւն, սորվեր է արեւելեան քանի մը լեզուներու կողքին նաեւ հին յունարէն։
Կնոջը մահէն յետոյ, 1420-ական թուականներուն մեկներ է Միջագետք, Ամիդ (կամ Ամիտա՝ այժմու Տիյարպէքիր) քաղաքի մէջ վարդապետ ձեռնադրուեր է. 1430-ին Կաթողիկոսը Նաղաշին նշանակեր է 24 գաւառներու եպիսկոպոս եւ կաթողիկոսի տեղապահ։ Վայելելով Միջագետքի տիրակալ Օթման Բէկի հովանաւորութիւնը, վերանորոգեր ու կառուցեր է եկեղեցիներ, վանքեր, հիմներ է դպրոցներ։ 1434 թուին Նաղաշի նախագիծով կառուցուեր է Արղնիի Բարձրահայեաց Ս. Աստուածածին եկեղեցին, իսկ 1439-1443-ին վերակառուցեր է Ամիդի Ս. Թէոդորոս կաթողիկէ եկեղեցին, որուն գմբէթին քաղաքին մինարէներէն աւելի բարձր ըլլալը առիթ է դարձեր, որպէսզի քաղաքի մոլեռանդ մահմէտականները հալածանք սկսցնեն Նաղաշի դէմ։ Օթման Բէկի որդի Համզան, որ յաջորդեր էր հօրը, հրամայեր է քանդել կաթողիկէի գմբէթը։
Ծանր վիշտ կրած, Նաղաշ հեռացեր է Ամիտայէն, գացեր է Կ. Պոլիս, Թէոդոսիա։ Չորս տարի անց, Համզայի որդի Ճիհանկիր միրզա, Նաղաշին հրաւիրեր է Ամիդ եւ թոյլ տուեր է վերակառուցել գմբէթը՝ չափաւոր բարձրութեամբ։ Վերակառուցումը աւարտեր է 1447 թուին Նեքամատ վարպետի ձեռամբ։
1449-1469 տարիներուն Միջագետքի մէջ պատահեր են երկու համաճարակներ, որոնց վրայ Նաղաշ գրեր է ողբ մը, որմէ վերջ վախճաներ է (մօտ՝ 1470)։
Մկրտիչ Նաղաշ գրեր է տաղեր, յիշատակարաններ, «Պատասխան ի լատինացուոց թղտոյն» (1436) պատմական փաստաթուղթը։ Ան իր ինքնատիպ ու գեղեցիկ տաղերով միջնադարեան գրականութիւնը բարձրացուցած է նոր աստիճանի մը, խորացնելով անոր մարդասիրական ու աշխարհիկ բովանդակութիւնը։ Նաղաշ միջնադարեան գրականութեան մէջ առաջինն է, որ ստեղծագործութեան նիւթ դարձուցած է պանդխտութեան թեման։ Անոր լեզուն գրական միջին հայերէնն է, պարզ եւ մատչելի։