Սրտերը հաւաքուեցան Հրանդ Տինք վարժարանի աշակերտներուն համար

Պիւտճէի պակաս ունեցող համայնքի դպրոցներու օգտին կազմակերպուած սիրոյ սեղաններու շրջանի փակման առթիւ, ըստ աւանդութեան, հանդիպում տեղի ունեցաւ Հրանդ Տինք վարժարանին համար։

Ժողովուրդի հետաքրքրութիւնը գրաւած ճաշկերոյթին խօսք առած Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Եպս. Մաշալեան ընդգծեց, որ Հրանդ Տինքի անունը դպրոցին պաշտպանիչ վահանն է եւ յայտնեց, որ Պոլսոյ հայութիւնը պիտի շարունակէ տէր կանգնիլ Հայաստանէն եկած աշակերտներու կրթութիւն տուող Հրանդ Տինք վարժարանին։

Փետրուար 2-ի Կիրակի օրը ԳումԳաբուի Ս. Աստուածածին Պատրիարքական եկեղեցւոյ մէջ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Եպս. Մաշալեանի նախագահութեամբ պատարագը մատուցեց Պատրիարքական Փոխանորդ Աւագ Քհնյ. Գրիգոր Տամատեան։

Պատարագին ներկայ էր Ծայրագոյն Վրդ. Շնորհք Տոնիկեան, իսկ շարականները կատարեց Քոխթան երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Յովսէփ Գույումճեանի։ Ժողովուրդի հետաքրքրութիւնը գրաւած պատարագին Պատրիարք Մաշալեան քարոզ խօսեցաւ։

Պատրիարք Մաշալեան ըսաւ, որ հաւաքուած են Հրանդ Տինք վարժարանին համար եւ յայտնեց, որ դպրոցը 17 ուսուցիչներով, աւելի քան 20 տարիէ ի վեր կը տայ կրթութիւն՝ Հայաստանի ուսումնական ծրագրով։ Պատրիարք Մաշալեան շնորհակալութիւն յայտնեց դպրոցի կամաւորներ Արթօ-Թալար Հորոզօղլու զոյգին՝ իրենց ջանքերուն համար։ Պատարագին ընթացքին Պատրիարք Մաշալեան Կիսասարկաւագի աստիճան շնորհեց Իրաւասու Ընթերցող Հերման Քըրին։

«Շրջանաւարտները կը շարունակեն իրենց ուսումը իրենց երկրին մէջ»

Պատարագէն ետք անցում կատարուեցաւ Ամիրա Պէզճեան սրահին մէջ սարքուած սիրոյ սեղանին։ Ճաշկերոյթին ներկայ էին Պատրիարք Մաշալեանի կողքին՝ Արքեպիսկոպոս Արամ Աթէշեան, բարերարներ Հայկ Արսլանեան, Անահիտ Պոզաճըեան, Սեւծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Հայաստանի Մշտական Ներկայացուցիչ Նայիրի Պետրոսեան, Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութենէն Արքեպիսկոպոս Աբրահամ Փըրաթեան, եկեղեցական հիմնարկներու նախագահներ եւ ժողովուրդ։

Բացման խօսքը արտասանած Թալար Հորոզօղլու յայտնեց, որ Կետիկփաշայի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ կրթական գործունէութիւնը շարունակող դպրոցը լրացուցած է իր 22-րդ տարին։ Հորոզօղլու նշեց, որ այս տարի 54 աշակերտ կը ստանայ կրթութիւն եւ յայտնեց, որ շրջանաւարտները կը շարունակեն իրենց ուսումը իրենց երկրի համալսարաններուն մէջ՝ հոգեբանութեան, համակարգչային ծրագրաւորման, իրաւաբանութեան, տնտեսագիտութեան, գործարարութեան, միջազգային յարաբերութիւններու, շարժանկարի եւ թատրոնի, թարգմանչութեան բաժիններուն մէջ։ Հորոզօղլու յայտնեց, որ պիւտճէի բացը կը կազմէ 4 միլիոն 938 հազար թրքական լիրա։

Դպրոցի տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Հովիւ Աղապալօղլուին եւ Հորոզօղլու ընտանիքին՝ դպրոցի գոյատեւման համար ցուցաբերած աջակցութեան համար։

Ճաշկերոյթին ընթացքին դպրոցի երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Հրանդ Չիզմէճեանի, երգեր կատարեց։ Աշակերտներու պարային ելոյթներով ճոխացած ճաշկերոյթի փակման խօսքը արտասանած Պատրիարք Մաշալեան ընդգծեց Հերիքնազ Աւագեանի մեծ ջանքերը դպրոցին համար։

«Հրանդ Տինքի անունը դպրոցին պաշտպանիչ վահանն է»

Պատրիարք Մաշալեան յայտնեց, որ Հովիւ Աղապալօղլու դպրոցին համար դռները բացած է եւ ըսաւ, որ Հորոզօղլու ընտանիքն ու Հրանդ Տինքի հիմնարկը չեն խնայեր իրենց աջակցութիւնը։

Դպրոցը 2017-էն ի վեր կը կազմակերպէ մատաղի սեղան։ Պատրիարք Մաշալեան ընդգծեց, որ Պոլսոյ հայութիւնը Հրանդ Տինք վարժարանով պատգամ կու տայ աշխարհին։

Պատրիարք Մաշալեան յայտնեց, որ Հրանդ Տինք վարժարանը պիտի շարունակէ գոյատեւել հասարակութեան նպաստներով։ Պատրիարք Մաշալեան ուշադրութիւն հրաւիրեց այն իրողութեան վրայ, որ դպրոցի բաց մնալուն մէջ Հրանդ Տինքի անունը պաշտպանիչ վահան է եւ ըսաւ. «Ասոր մէջ կախարդական բառ մը կայ։ Այդ ալ Հրանդ Տինքն է։ Հրանդ Տինքի անունը այս դպրոցին պաշտպանիչ վահանն է։ Ան ձեր սուրբ բանաստեղծութիւնն է»։

Ճաշկերոյթին հաւաքուեցաւ 3 միլիոն 750 հազար թրքական լիրա։ Ճաշկերոյթին ընթացքին մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ Հրանդ Տինքի յիշատակին։

Kategoriler

Հայերէն