Պոլսահայ թատրոնը Շահինեաններու ոտնահետքով

ՖԸՐԱԴ ԿԻւլլԻւ

Թատրոնին եւ թատրոնի մարդկանց հանդէպ իմ հետաքրքրութեան խորքին կան հօրմէս մնացած լուսանկարչական ալպոմի մը մէջէն պատահմամբ գտած քանի մը հայ եւ թուրք դերասաններու լուսանկարները։ Այդ նկարներուն յատուկ գուրգուրանք ցուցաբերած եմ։ Գրպանս պահած եւ յաճախ բարեկամներուն ցոյց տալով անոնց մասին խօսած։ Շուրջիններէս ոմանք ալ բաժնեցին իմ այս հետաքրքրութիւնը ու սկսայ իրենց մասին տեղեկութիւններ հաւաքելու։ Որոշ ժամանակ անց ունեցայ բաւական հարուստ հաւաքածոյ մը եւ սակայն նկատեցի, թէ այդ լուսանկարները ժամանակի ընթացքին սկսած էին կորսնցնել իրենց թարմութիւնը։ Ի վերջոյ անոնք խաւաքարտի վրայ տպուած պարզ նկարներ էին։ Ստիպուած սկսայ հետաքրքրութեանս զուգահեռ ընդլայնել իմ հետազօտութիւնը եւ ուսումնասիրել այդ մարդկանց ապրելակերպը մատնուած դժուարութիւնները եւ հետզհետէ երբեմնի թատրոնի աշխարհը իր հայ եւ թուրք գործիչներով։ Այսպէս գոյացաւ ուսումնասիրութիւնը, 

որ սա պահուն կը թղթատէք։

Թուրքիոյ մէջ շատ նուազ աշխատուած է բեմ արուեստի պատմութեան մասին եւ վերի ընդօրինակութիւնը կատարուած է այս մասին կարեւորագոյն աւանդ մը ունեցող Սարգիս Թութունճեանի (Շարասան) 1908−ին հրատարակած ∩Թուրքիոյ հայոց բեմը եւ գործիչները∪ գիրքէն։ Անցեալի ուրուականները ըլլալով ներկայացող սեւ ու սպիտակ լուսանկարները մեր երազներուն ալ մաս կը կազմեն եւ հետզհետէ պարտաւոր կը զգանք իրենց մասին խօսելու։ Այս անդիմադրելի զգացումը պատած է նաեւ Նեսիմ Օվատիա Իզրայէլը։ Հետաքրքրական է, որ ան եւս այս ճամբորդութեան կ՚ելլէ դիտելով անցեալի սեւ ու սպիտակ լուսանկարները։ ∩Օսմանեան եւ Թուրքիոյ թատրոնին մէջ Շահինեանները∪ անուն ուսումնասիրութիւնը հրատարակուեցաւ ՊԿՍԹ մատենաշարէն։

Նեսիմ Օվատիա Իզրայէլի արկածախնդրութիւնը կը սկսի իր կնոջ՝ Ալիսի մեծ մօր եւ մեծ հօր Քամելիա եւ Օգսէն Շահինեաններու հետքերու որոնումով։ Այս ճանապարհորդութեան մեկնակէտն է 1870−ական թուականի առաջին տարիները, ուր կը տեսնենք թէ ընտանիքի պատմութիւնը եւ երկրի պատմութիւնը կը խաչաձեւուին։ Օսմանեան թատրոնի արդիականացման գործընթացին մէջ կարեւոր է 1870−1880 տարեշրջանը, որ կարելի է համարել թատրոնի հաշւոյն ոսկեդար մը։ Այս տարեթիւը Յակոբ Վարդովեանի հիմնած ∩Թիաթրօ ի Օսմանի∪ այսինքն Օսմանեան թատրոնի ամենաարդիւնաւէտ շրջանն է նաեւ։ Սիրողական կամ արհեստավարժ տասնեակ նախաձեռնութիւն, թէ որակի եւ թէ քանակի առումով մեծ ոստում մը արձանագրած էին թատերական արուեստի մէջ։ Շահինեան ընտանիքի թատրոնի հետ առաջին շփում ունեցող անդամը եղած է Վահան Շահինեան, որ ծնած է ճիշդ ալ այդ շրջանի սկիզբներուն։ Մանկութեան շրջանին ականատեսն է այդ զարգացումներուն եւ արդէն երիտասարդ տարիքէն ալ ինք կը ներգրաւուի դէպի թատերական աշխարհ։ Սակայն անոր թատրոն մուտք գործած տարիները արդէն թատրոնի ալ վախճանման տարիներն են։ Արդարեւ Գրիգոր Զոհրապ 1892−ին գրի առած յօդուածի մը մէջ պիտի յայտարարէր, որ մահացած է Օսմանեան թատրոնը։ Զոհրապ այս հաստատումը կ՚ընէր հենելով երկու գործօններու։ Այդ թուականներուն հայ թատերախումբերը կորսնցուցած են պալատի աջակցութիւնը եւ թատրոնը ենթարկուած է հայերէն բեմադրութիւնը արգիլելու հասնող ծանր ճնշումներու։ Նաեւ նուազած էր հանդիսատեսի հետաքրքրութիւնը, որու հետեւանքով թատերախումբերը մատնուած էին լուրջ տնտեսական ճգնաժամի։ Ի դէմ այս ծանր պայմաններու Վահան Շահինեան, երբեմնի գլխաւոր դերակատարներ Մնակեան, Ֆասուլեաճեանի աշակերտը որպէս մուտք կը գործէ Իսթանպուլի բեմերուն։ Այդ պահէն սկսելով իր ամբողջ աշխատութիւնը ուղղուած կ՚ըլլայ այս աւանդութեան յաջորդ սերունդներու փոխանցումը։ Ափսոս որ, նման պայքարի մը ձօնուած կեանքը կ՚աւարտէ ո՛չ թէ այդ պայքարին սկսած հողերուն վրայ, այլ Պուլղարիոյ մէջ 1940−ական տարեթիւերուն։ Սակայն Շահինեաններու թատրոնի հետ կապը սահմանուած չէ միայն Վահանով։ Իր եղբօրորդին Օգսէն, հօրեղբօրմէ փոխանցած ջահը պիտի տանէր մինչեւ 1960−ական տարեթիւեր։ Ահա Նեսիմ Օվատիա Իզրայէլի ուսումնասիրութիւնը երեք սերունդ շարունակ թատրոնին ծառայած, այս ընտանիքի պատմութիւնը հիւսել կը միտի եւ կը հասնի հանրապետական շրջանի թատրոնի պատմութեան։ Եթէ մէկ կողմ թողունք Մեթին Անտի ∩Օսմանեան Թատրոն∪ը եւ Էօզտեմիր Նութքուի ∩Տարիւլպետաի∪ խորագրեալ մենագրութիւնները խիստ սակաւաթիւ են այս մասին գրուածները։ Այդ առումով ալ այս աշխատասիրութիւնը կու գայ կարեւոր բաց մը լրացնելու։ Նախ նշենք, որ այս առթիւ այս նիւթի գրականութիւնը նման աշխատութեան շնորհիւ կը տիրանայ բազմաթիւ փաստաթուղթերու։ Փաստաթուղթեր՝ որոնք առաջին անգամ նման մենագրութեան մը հետեւանքով լոյս աշխարհ կու գան։ Բացի ընտանեկան արխիւներէ Յակոբ Այվազի Հրանդ Տինք հիմնարկի մէջ պահպանուած արխիւը  եւ Օրլանտօ Քարլօ Քալումենոյի հաւաքածոն այս աշխատանքի շնորհիւ է, որ ի յայտ կու գայ։ Տուեալ ժամանակահատուածի թրքերէն աղբիւրներու հայերէններու հետ միասին ուսումնասիրուած ըլլալը շատ աւելի մեծ նշանակութիւն կը ներկայացնէ։ Սակայն Իզրայէլի ուսումնասիրութեան ալ աւելի կարեւոր յատկութիւնը այս բոլորը երկրի պատմութեան զուգահեռ դիտելէն յառաջ կու գայ։ ∩Շահինեաններու կենսագրութիւնը կ՚ապացուցէ, թէ անոնք  առանց վերապահութեան այս երկրի հաւատարիմ քաղաքացիներն են։ Իրենց ծնած ու մեծցած հողերուն վրայ՝ Պոլսոյ մէջ կը զբաղին նոյնպէս իրենց սիրած գործով։ Բայց⊃ ահաւասիկ շատ բան կայ այդ ուժգին շեշտուած ∩բայց∪ին մէջ։ Վահան Շահինեանի Ա. Աշխարհամարտի այդ անիծեալ օրերուն Օսմանեան պետութեան հիմնադրութեան 677−րդ  տարեդարձին առթիւ իր կողմէ գրուած ու բեմադրուած թատերգութեան համար բեմ ելլելը կամ Օգսէնին 1939−ին Իսքենտերունին Թուրքիոյ հանրապետութեան կցուելուն ի նպաստ քուէարկած ըլլալը եւ այս իսկ պատճառաւ պատուելի քաղաքացի հռչակուիլը  ընտանիքի այս երկրի մէջ ապագային վրայ ո՛չ մէկ դրական ազդեցութիւն ունեցած է։ ∩Վերեւ լուսանկարը զետեղուած Օգսէն Շահին թրքութեան եւ մեր կուսակցութեան հաւատարիմ ազնիւ քաղաքացի մըն է։ Ազգերու խորհուրդի հսկողութեան տակ կատարուած հանրաքուէին քուէարկած է ի նպաստ մեզ։ Եւ սիրով կատարած է իրմէ ակնկալուած պարտականութիւնը։ Այդ առթիւ իրեն շնորհուած է ծառայութեան այս պատուագիրը∪։

1918−1922−ի միջեւ զինադադարի օրերուն պոլսաբնակ հայ արուեստագէտները բաւական ծանր իրավիճակ կ՚ապրին եւ աւելի ետք վերադառնալու ակնկալութեամբ կը մեկնին մօտակայ երիրներ։ Վահան Շահինեան եւ իր ընտանիքն ալ կ՚անցնին Պուլկարիա, բայց ապա չեն կրնար վերադառնալ։ Միջոց մը ֆրանսական մանդատին ենթակայ Իսքենտերունի մէջ բնակող Վահան Շահինեան ալ 1939−էն ետք առիթը կ՚ունենայ Պոլիս վերադառնալու։ Հօրեղբայրը Բ. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն մահացաւ, բայց ինք յաջողեցաւ Պոլսոյ մէջ հայ թատրոնի վերջին զարթօնքին ականատես ըլլալու։ Բայց 6−7 Սեպտեմբեր 1955−ի դէպքերը խեղդեցին այդ վերջին զարթօնքն ալ եւ այդ թուականէն ետք հայկական թատրոնը ստիպուեցաւ միութենական բեմերով սահմանուած մնալու։ Նեսիմ Օվատիա Իզրայէլ Շահինեաններու երեք սերունդ առաջուայ պատմութիւնը ուսումնասիրած ժամանակ  գիտէր, թէ ողբերգութիւն մը պիտի պատմէ։ Միամտութիւն պիտի ըլլայ 1915−ի Մեծ եղեռնին Պոլսահայերու վրայ գոյացնելիք հետեւանքը չնկատել։ Ուրեմն ան չէ շուարած իր հանդիպած համայնապատկերէն։ Իրականութեան մէջ այս պատումը սահմանուած չէ միայն Վահանով կամ Օգսէնով։ Սա յարգանքի տուրք մըն է մութ ու քաղաքական վերիվայրումներով լեցուն շրջանի մը բոլոր թատրոնի մարդկանց։ Թերեւս այդ պատճառաւ է, որ գիրքը կ՚աւարտի հանրապետութեան դեռ առաջին տարիներուն երկիրը լքելու ստիպողութեան մատնուած Էլիզա Պինեմեճեանի, Ռեֆիք Ահմետ Սեւենկիլին մէկ հարցումին տուած պատասխանով. ∩Ամբողջ կեանքս նուիրած էի թատրոնին եւ եթէ հիմա ըսեմ թէ թատրոնէն հեռու մնալուս համար սուգի մէջ եմ, զգացումներուս շատ փոքր մասը փոխանցած կ՚ըլլամ։ Երկար տարիներ ապրեցայ հայրենի երկրիս կարօտով։ Եթէ անսպասելի այդ դէպքերը չպատահէին անշուշտ, որ մեծ ուրախութեամբ պիտի վերադառնայի հայրենիք∪։

Թրքական թատրոնի մէջ աւանդութիւնը փոխանակողներ՝ Շահինեաններ

Նեսիմ Օվատիա Իզրայէլ

∩Պկսթ∪ հրատարակչատուն

271 էջ