Պոլսոյ պատմիչը 90 տարեկան

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Անուանի երգիծաբան Ազիզ Նեսին իր հրատարական գրաւումներէն մէկուն մէջ խորհուրդ կու տար մանուկները շփացնելու մասին։ ∩Շփացուցէ՛ք մանուկները, եթէ մանուկ տարիքին դուք չշփացնէք, ապա անոնք չափահաս տարիքին շփացած կը դառնան, որ բոլորովին անտանելի է∪։ 

Առօրեայ կեանքին մէջ ամենաանսպասելի պահուն առիթներ կը ծագին, որպէսզի յիշենք աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրը։ Ան ամբողջ կեանքի մը տեւողութեան իր ապրած քաղաքին պատմագիրը դարձաւ, սեւ ու սպիտակ լուսանկարներու։ Շատեր զինք կոչեցին լուսանկարի արուեստագէտ, ընդմիշտ մերժեց այդ կոչումը, յատկապէս ալ կցուած արուեստագէտ տիտղոսը։ ∩Ո՛չ ես լրագրող եմ, լուսանկարիչ, եւ ականատես եմ իմ ապրած ժամանակին∪։ Իր հետ միասին մեզ ականատեսը դարձուց բոլոր այն տասնամեակներուն, ուր քաղաքը անհաւատալի արագութեամբ կը կերպարանափոխուէր։ Բայց Կիւլէր անգամ մը յաջողած էր պահը ձերբակալելու եւ աւելի ուշ կատարուած բոլոր փոփոխութիւնները այլեւս ի զօրու չէին այդ ձերբակալուած պահուն գոյութիւնը ուրանալու։ Խօսուն են Արա Կիւլէրի լուսանկարները, խօսուն են քանի որ անոնցմէ իւրաքանչիւրին մէջ կը տեսնենք մարդը։ Մարդը իր հոգերով, յուզումներով խորհուրդներով կամ ոգեւորութեամբ կը խօսի այդ լուսանկարներուն մէջ եւ մեզի կը մնայ մեր երեւակայութիւններուն թռիչք տալ այդ սեւ ու սպիտակ կերպարի խօսքը լսելու համար։ Մենք մեր անհատական դատողութեամբ կը դիտենք, մեր երեւակայութեան թեւերով կը լսենք, բայց ան հոն է, սեւ ու սպիտակ աշխարհի մը մէջ իրաւ ու իրական։ Նոյնիսկ չափազանցած չենք ըլլար եթէ խորհինք թէ այդ սեւ ու սպիտակ լուսանկարին մէջէն յայտնուած մարդուն կերպարը կենդանի է յաւիտեանս։ Այս է Արա Կիւլէրը տիտանի մը վերածող յատկութիւնը։ Այս օրերուս լուսանկարի մեծ վարպետը արդէն աւարտած է կեանքի 90 գարունները։ Աշխարհի վրայ մանաւանդ ալ Թուրքիոյ նման երկրի մը մէջ բացառութիւն է այն մեծ ժողովրդականութիւնը եւ համակրանքը արուեստագէտի մը, ստեղծագործի մը նկատմամբ, որուն արժանացաւ Արա Կիւլէր։

90 ամեակը առիթ հանդիսացաւ եւ Պոլսոյ մէջ բացուեցաւ այս հսկայ վարպետի անունը կրող թանգարան մը։ Իսկ մօտ ապագային Պէյօղլու թաղի մէջ իր աշխատանոցը եւս կը միանայ այդ թանգարանին, որուն մէջ պահուած է Կիւլէրի լուսանկարչական վաստակը պարփակող հսկայ արխիւը։ Տարեդարձը առիթ համարեց նաեւ ∩Արաս∪ հրատարակչատունը եւս վերհրատարակելով Կիւլէրի պատմուածքները հայերէն, անգլերէն եւ թրքերէն տարբերակներով։ Այս նոր հրատարակութեան մէջ գործածուեցան նիւթերուն պատշաճող եւ համեմատաբար նուազ ծանօթ լուսանկարներ։ ∩Բաբելոնէն վերջ պիտի ապրինք∪ անուն գիրքի մէջ տեղ գտած պատմուածքները առաջին անգամ հրատարակուած էին Մխիթարեան Սանուց Միութեան ∩Սան∪ եւ Կեդրոնական Սանուց Միութեան ∩Հանդէս մշակոյթի∪ պարբերաթերթերուն մէջ։ Այդ տարիներուն Արա Կիւլէրի լուսանկարչութիւնը անշուշտ որ բաւական հեռու էր այսօրուայ իր համբաւէն։ Սակայն ինչպէս ինքն ալ կը վկայէ. ∩Այս հին պատմուածքներուն մէջ եղածը եղած եւ զգացումներս վերածուած են պատկերաւոր պատումի մը։ Կը նշանակէ, որ դեռ այդ շրջանին եղած են պատկերաւոր աշխարհի մը մէջ։ Ըստ իս, գիրն ու պատկերայնութիւնը ունին հասարակաց պատում մը։ Անկասկած որ այդպէս է, այլապէս շարժարուեստն ալ գոյութիւն պիտի չունենար։ Երբ դիտեմ լուսանկարներս, մերթ ներշնչումներ կը գտնեմ հոն՝ թատերական աշխատանքներուս, պատմուածքներուս համար մտածածներէս։ Թերեւս այս նախկին աշխատանքներուս եմ պարտական ∠պահը որսալու եւ համադրութիւն ստեղծելու− յատկութիւնը, որ կայ լուսանկարներուս մէջ։ Ինչեւէ, յայտնի է որ նման աշխատանքի արդիւնքին տեսողական առարկաներու կուտակում մը յառաջ կու գայ։ Տեսողական նիւթը, քերթուածի մը նման, գրութեան մը, գեղանկարի մը, բեմարուեստի նման, որոշ տեղերէ փորձ կը հաւաքէ, կը նուաճէ նոր ձեւ ու կը դառնայ տեսողական արուեստ։ Եթէ ուշադիր կարդացուի՝ կը տեսնուի, որ պատմուածքներս տեսակ մը լուսանկար են արդէն∪։

Արա Կիւլէրի այս հաստատումները կը բաժնէ նաեւ գիրքի յառաջաբանի հեղինակ Ռոպէր Հատտէճեան. ∩Դժուար չէ անդրադառնալ, որ խորունկ նմանութիւն մը կայ գրող Արա Կիւլէրի ու լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի արուեստներուն միջեւ։ Արդարեւ այս պատմուածքներուն մէջ եւս Արա Կիւլէր ման կու գայ քաղաքի ամենէն խոնարհ թաղերուն, ամենէն թշուառ փողոցներուն մէջ եւ իր ակնարկը կը սեւեռէ ամբախտ, ճակատագրի տակ ընկճուած աշխատաւոր, չարքաշ մարդոց վրայ, ճիշդ այնպէս ինչպէս ապագայ տարիներու ընթացքին պիտի ընէր լուսանկարչական իր արուեստով⊃∪։

Ամէն անգամ որ այս համաշխարհային համբաւի տէր վարպետի մասին խորհիմ կամ արտայայտուիմ, ակամայ կը վերյիշեմ Ազիզ Նեսինի այն խօսքերը, որոնք նշած ենք այս գրութեան մուտքին։ Կը տարուիմ մտածելու Տաճատ Կիւլէրի մասին։ Գիրքի աւարտին տեղ գտած է ∩Հօրս պատմութիւնը∪ յուշագրութիւնը, որ կը բնութագրէ Արա Կիւլէրի իր հօր հետ դէպի հայրենի երկիր Շէպինքրահիսար կատարած ճամբորդութիւնը։ Անշուշտ որ այս վերջինը գրուած է ∩Սան∪ի մէջ տեղ գտածներէն շատ աւելի ուշ եւ թրքերէն լեզուով։ Նոյնպէս ∩Լուսինը անապատի մէջ∪ գործին ալ բնագիրը թրքերէն է եւ հայերէնի վերածուած է Սեւան Տէյիրմենճեանի թարգմանութեամբ։

Բաբելոնէն վերջ 

պիտի ապրինք

Հեղինակ՝ Արա Կիւլէր

Արաս հրատարակչատուն (Պոլիս 2018)