Վանի լեռներէն մինչեւ Փարիզի սրահները

ՍԵՒԱՆ ՏԵՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

Փանոս Թերլեմեզեան անունը անմիջականօրէն առնչակից է Վասպուրական աշխարհին, ուր ծնած եւ ուրկէ սնած է տաղանդաւոր գեղանկարիչը։ Ծնած ըլլալով 1865−ին Վանի մէջ՝ ան անմիջական մասնակիցը դարձած է պատմական ճակատագրական իրադարձութիւններու, ըլլայ Վանի մէջ թէ այլուր, քանի որ յորովայնէ ընտրեալ արուեստագէտ մը ըլլալով հանդերձ, ան ատեն−ատեն էր նաեւ ժամանակի յեղափոխական շարժումներու մղիչ ուժը։ Հետեւաբար իր վկայութիւններն ու յիշողութիւններն ալ կը ստանան համապատասխան արժէք՝ դառնալով տուեալ ժամանակաշրջանի կարեւոր անցքերուն ու անձերուն մասին անստգիւտ աղբիւր մը։

Թերլեմեզեան իր յուշերը գրած է կեանքի վերջին տարիներուն՝ 1939−1941 թուականներուն, 1937−ի սարսափելի տարուան անմիջապէս վաղորդայնին, երբ 1938−ին անցուցած լուրջ հիւանդութենէ մը վերջ ձեռքերը կը դողային եւ ան այլեւս անկարող էր վրձին բռնելու ու նկարելու։

Թերլեմեզեան յուշագրութեան սկզբին իսկ կը յայտնէ, թէ պիտի ձգտի ճշգրտօրէն նկարագրել Վասպուրականի իր կեանքի տարբեր ժամանակաշրջանները եւ Վասպուրականէ դուրս իր հանդիպումները զանազան յեղափոխական անհատներու եւ արուեստի մարդոց հետ եւ տալ տպաւորութիւնները այս ու այն երկրի, անոնց արուեստին մասին։ Ան, ինչպէս կ՚ըսէ յառաջաբանին մէջ, շատ անգամ կը խուսափի դէպքերն ու փաստերը վերլուծելէ։

∩Կեանքիս յուշերը∪ կը սկսի Թերլեմեզեան ընտանիքի նկարագրութեամբ։ Մոկաց աշխարհէն Վան գաղթած նահապետական ընտանիքին անցքերը Թերլեմեզեան կը պատմէ մանրամասնօրէն՝ նշելով, թէ ընտանեկան հարստութենէն ոչ մէկ բաժին հանուած էր իրեն հօրեղբօրը կողմէ եւ հօրը տխմարութեան պատճառով, հետեւաբար ինք ծնած էր որպէս զաւակը աղքատ ընտանիքի մը, Վանի հեռաւոր մէկ թաղին մէջ։ Կը խոստովանի, որ չէ սիրած հայրը եւ իր սփոփանքը եղած է միայն ∩ազնիւ, աշխատասէր եւ գուրգուրոտ մօր∪ը խնամքը։

Մանկական տարիներու նկարագրութիւնները, բարեբախտաբար, դպրոցական պատմութիւններով սահմանափակուած չէ Թերլեմեզեանի յուշագրութեան մէջ. ընթերցողը կը ճանչնայ ո՚չ միայն վանեցի Ներսիկ ախպերը, Սըրմա տետէն, ասորի հոգեւորական Մար Շիմոնը, այլ նաեւ ազգագրական տեղեկութիւններ կը քաղէ Վանի հարսնիքներուն, այնտեղ գործադրուած արհեստներուն՝ ոսկերչութեան, պղնձագործութեան, հիւսնութեան, դերձակութեան, սոլկարութեան, տապաղութեան եւլն.−ի, տեղական տարազներուն, արդիւնաբերութեան, տուներու կառուցուածքին մասին։

ԺԹ դարավերջի Վանը, ինչպէս ողջ հայ աշխարհը, հմայուած էր Խրիմեան Հայրիկի ու Մկրտիչ Փոթուգալեանի գործունէութեամբ, որու կեդրոնը Վանն էր։ Թերլեմեզեան նշելով հանդերձ Խրիմեանի ու Փոթուգալեանի ըրածներն ու անոնց կարեւորութիւնը, չի քաշուիր ըսելու, թէ անոնց ոգեւորութիւնը տարերային էր, ∩որովհետեւ ժողովրդին առաջնորդելու պատասխանատուութիւն ունեցողները պարտաւոր էին նոյն ժողովրդի ապահովութեան համար զգօն լինելու՝ երբեմն Եւրոպան սարսեցնող Օսմանեան պետութեան հանդէպ, զի նա զինուած էր կառավարելու դարաւոր փորձով եւ խորամանկ, բռնաւոր ու աչալուրջ էր∪։

Ո՚չ միայն այս պարագային, այլ հետագայ ողջ դէպքերու նկարագրութեան, ինչպէս նաեւ Թերլեմեզեանի գործունէութեան առանցքին է ողջախոհութիւնն ու զգօնութիւնը. ըլլալով հանդերձ յեղափոխական գործիչ մը նաեւ, մասնակից զինեալ պայքարի, ան երբեք ձեռքէ չէ ձգած շրջահայեացութիւնը եւ երբ որ նկատած է, թէ անկառավարելի պիտի սկսի դառնալ ամէն ինչ ու վնաս պիտի հասնի խաղաղ բնակչութեան՝ յորդորներն ու թելադրանքները ընելէ ետք հեռացած է՝ մեղսակցութեան բաժինը վանելու համար թերեւս իր անձին վրայէն։

Թերլեմեզեանի քաղաքական մօտեցումները խիստ շահեկան են, երբ կը դիտենք ներկայէն. կայսրութիւնը՝ արեւելեան նահանգները հսկողութեան տակ պահելու համար հայերն ու քրտերը իրարու դէմ հանելու քաղաքականութիւն մը կը վարէր եւ հայերն ու քիւրտերը, ըստ Թերլեմեզեանի, անգիտակցօրէն դարձած էին այդ քաղաքականութեան գործիքները։ Ըստ յուշագրողի, հայերն ու քիւրտերը բաւական նման ըլլալով իրարու, կրնային հեշտութեամբ դաշնակցիլ, սակայն ∩թիւրքերն էլ ջանք էին թափում, որ հայերն ու քիւրտերը իրար թշնամի լինեն∪։ Եւ կը յաջողէին ալ⊃

Փանոս Թերլեմեզեանի յուշագրութեան առաջին հատուածները լեցուն են Վանի մէջ եւ շրջակայքին՝ Թաւրիզ, Սալմաստ, Մուշ, ինչպէս նաեւ մինչեւ Թիֆլիս երկարող յեղափոխական գործունէութեամբ, զէնքերու տեղափոխութեան, ինչպէս նաեւ բանտարկութեան ու որսորդական պատմութիւններով։

Թերլեմեզեան բաւական ուշ կը սկսի նկարելու, շուրջ 30 տարեկանին։ Ոմանք թերահաւատութեամբ կը դիմաւորեն իր այդ փափաքը, ոմանք խորհուրդ կու տան զբաղելու այլ աշխատանքով, անուանի Բաշինջաղեանը միայն կը քաջալերէ զինքը։ ∩Շատ դժուար պիտի լինի այդ տարիքիդ մէջ առանց ռուսերէն գիտնալու, մանաւանդ առանց փողի գնալ սովորել∪, կ՚ըսէ մեծանուն արուեստագէտը։ Թերլեմեզեան չի վհատիր սակայն ու իր յամառութիւնը կը խորտակէ բոլոր պատնէշները։ Կ՚երթայ Սեն Փեթերսպուրկ, Փարիզ⊃ Ու կը յաջողի յամառ վանեցին՝ յեղափոխական գործիչէ մը վերածուելով տաղանդաւոր նկարիչի, Վասպուրականի լեռներուն վրայ շրջելէ ետք ցուցահանդէսներ կը բանայ Փարիզի ու Թիֆլիսի յայտնի սրահներուն մէջ։

Յատկապէս յիշատակութեան արժանի են Փանոս Թերլեմեզեանի յուշագրութեան այն հատուածները, որոնք կը վերաբերին Պոլսոյ։ 1910−1914 թուականներուն բնակելով Պոլսոյ մէջ, Փանոս Թերլեմեզեան ո՚չ միայն կը նկարէ քաղաքին տեսարժան վայրերը, այլ նաեւ շփումներ կը հաստատէ հայ թէ այլազգի արուեստագէտներուն, գրողներուն ու գործիչներուն հետ։ Կարեւոր են յատկապէս իր վկայութիւնները Կոմիտաս վարդապետի կեանքէն, քանի որ անոնք միասնաբար կը բնակէին միեւնոյն տան մէջ, Փանկալթը։

Մեծ վանեցին վերջին անգամ մը եւս պիտի տեսնէր իր ծննդավայրը⊃ 1915−ի ողբերգական օրերու նախօրէին ան կը հասնի Վան։ Գլխաւոր փափաքն էր նկարել այն վայրերը, որոնց անկրկնելի գեղեցկութեան ծանօթ էր իր մանկութեան տարիներէն։ Կը յաջողի ալ իրագործել իր երազանքը։ Մասամբ սակայն⊃ Վրայ կը հասնի համաշխարհային պատերազմը՝ տակնուվրայ ընելու ամէն ինչ։ Վանի ինքնապաշտպանութեան կը մասնակցի Թերլեմեզեան, կը տեսնէ յաղթանակն ու կարճ ժամանակ անց նաեւ կործանումը իր հայրենի բնակավայրին։ Հոս ալ կ՚ընդհատի յուշագրութիւնը, ∩խիտ ու տարողունակ∪ գրութիւնը, ինչպէս բնորոշած է զայն հատորին խմբագիրը՝ Երուանդ Տէր−Խաչատուրեան։

Համբարձում Երեմեան, Մկրտիչ Փորթուգալեան, Մկրտիչ Թերլեմեզեան, Արաբօ, Արսէն վարդապետ Թոխմախեան, Գէորգ Բաշինջաղեան, Քրիստափոր Միքայէլեան, Կոմիտաս, Երուանդ Օտեան, Իպրահիմ Չալլը, գահաժառանգ Ապտիւլմեճիտ էֆենտի եւ դեռ շատ ու շատ դէմքեր, հոյակապ վայրերու առընթեր, կը տողանցեն գիրքին մէջ՝ ընթերցողը պահ մը անջատելով ներկայէն ու զայն առաջնորդելով դէպի հեռաւոր անցեալ։

Յիրաւի անկրկնելի են Թերլեմեզեանի յուշերը, զորս անպայման պէտք է ընթերցել⊃

∩Կեանքիս յուշերը∪,

Փանոս Թերլեմեզեան,

բնագիրը հրատ. պատրաստեց, յառաջաբանը

եւ ծանօթագրութիւնները գրեց՝ Երուանդ
Տէր−Խաչատուրեան,

հրատ. ∩Թէքէեան մշակութային միութեան,

Երեւան, 2017/420 էջ