Գիրը կը մնայ

բագրատ էսդուգեան

Պատ­մութիւ­նը բա­զում փոր­ձե­րով ապա­ցու­ցած է թէ գի­րը յա­ւերժ է, իսկ խօս­քը ոչ։ Այս երեւյթը իբ­րեւ իմաս­տուն խօսք տեղ գտած է բազ­մա­թիւ մշա­կոյթնե­րու մէջ։ Թե­րեւս այս հա­մոզու­մը գո­յացաւ հնա­գոյն ժա­մանակ­նե­րէն, երբ մար­դիկ առա­ջին ան­գամ իրենց ցարդ կու­տա­կած գի­տակ­ցութիւ­նը սե­րունդե­րուն փո­խան­ցե­ցին տա­ռերու միջ­նորդու­թեամբ։ Առանց վա­րանումի կրնանք հա­մոզուիլ որ գիրե­րու գիւ­տի ետին մար­դուն մտքին մոռ­նա­լու թե­րացու­մը կը կանգնի։ Դիւ­րաւ կրնանք մոռ­նալ նոյ­նիսկ կա­րեւո­րագոյն ու կեն­սա­կան գի­տելիք­նե­րը։ Այ՛ո, մարդ նախ լե­զու­ներ զար­գա­ցուց հա­ղոր­դակցե­լու հա­մար եւ ապա գի­րը հնա­րեց որ­պէսզի խօս­քը չի կոր­չի։ Այս սկզբունքը կը յի­շեմ, երբ ամէն ան­գամ կը հան­դի­պիմ հրա­տարա­կու­թեան մը, որ կը վե­րաբե­րի խօս­քի եւ ամ­բողջո­վին մո­ռացու­թեան պի­տի մատ­նուի եթէ չէ գրան­ցուած։ Այ­սօր մեր այս հա­մոզու­մը ապա­ցու­ցող հրա­տարա­կու­թիւն մըն է մեր սե­ղանին վրայ, «Կնքուած Դու­ռը՝ Հա­յաս­տան-Թուրքիա Սահ­մա­նադ­րան Ապա­գան»։ Այսպէս անուանուած էր Հրանդ Տինք Հիմ­նարկի կազ­մա­կեր­պութեամբ կա­յացած եր­կօ­րեայ գի­տաժո­ղովը։ Սոյն ժո­ղովը կա­յացաւ 22 եւ 23 Նո­յեմ­բեր 2014-ին Ան­գա­րայի Հա­մալ­սա­րանի եր­դի­կին տակ։ Այս գի­տաժո­ղովը իրա­կանա­ցած էր հա­մալ­սա­րանի Քա­ղաքա­կան Գի­տու­թիւննե­րու բաժ­նի գոր­ծակցու­թեամբ։ Պի­տի յի­շենք որ Հրանդ Տինք Հիմ­նարկը նա­խապէս ալ հրա­տարա­կած էր նման բնոյ­թի բա­նախօ­սու­թիւննե­րու զե­կոյցնե­րը եւ ապա­հոված էր անոնց յա­ռաջի­կայ սե­րունդնե­րու կող­մէ եւս օգ­տուելիք աղ­բիւրի մը վե­րածուիլը։ Նշենք որ ներ­կայ բա­նախօ­սու­թիւնը կրկին կը վե­րաբե­րէր հրա­տապ խնդի­րի մը իր բո­լոր երե­ւոյթնե­րով։

«Հա­մաշ­խարհայ­նա­ցու­մը ժա­մանա­կակից աշ­խարհի հա­մար անի­մաստ դար­ձուցած է սահ­մաննե­րու հաս­կա­ցողու­թիւնը։ Սա­կայն ի դէմ այս ընդհա­նուր հո­սան­քին մեր ապ­րած երկրին մէջ սահ­մաննե­րը, մա­նաւանդ ալ փակ սահ­մաննե­րը կը շա­րու­նա­կեն քա­ղաքա­կան խո­չըն­դոտ ըլ­լա­լու։ Այսպէս եր­կու սահ­մաննե­րու մա­սին կրնանք խօ­սիլ, որոնցմէ մէ­կը Հա­յաս­տա­նի սահ­մանն է եւ միւ­սը հետզհե­տէ պա­տի մը վե­րածուած Կիպ­րոս, Լէֆ­քո­շայի սահ­մա­նը։ Հա­մաշ­խարհայ­նացման դա­րուն փակ սահ­մաննե­րը նաեւ ապա­ցոյցն են եր­կի­րը ղե­կավա­րող­նե­րու խնդիր­ներ լու­ծե­լու հա­մար որ­քան սահ­մա­նափակ ըլ­լա­լուն։ Սոյն գի­տաժո­ղովին Հա­յաս­տա­նի փակ սահ­մա­նադ­րան պատ­մա­կան ան­ցեալին եւ ներ­կայ վի­ճակին տե­ղի տուած տնտե­սական, քա­ղաքա­կան եւ ըն­կե­րային աւեր­նե­րը քննար­կող զե­կոյցներ լսե­ցինք։ Բազ­մա­թիւ օրի­նակ­նե­րով տե­սանք թէ սահ­մա­նը փշա­թելե­րով եւ պա­հակա­զօր­քե­րով բնու­թագրուած կէ­տէ մը աւե­լի մտայ­նութիւննե­րու մէջ փո­րագ­րուած խո­րունկ գիծ մըն է։ Պե­տու­թիւննե­րու դժկա­մու­թիւնը քա­ղաքա­կան գոր­ծիչնե­րու սե­փական շա­հերը եւ անոնց կող­քին շին­ծու ար­հեստա­կան ար­գելքնե­րը սահ­մա­նի բաց ըլ­լա­լը պա­հան­ջողնե­րուն հա­մար միայն մէկ այ­լընտրանք կը թո­ղուն, որն է մարդկանց մի­ջեւ սահ­մաննե­րը հա­տող յա­րաբե­րու­թիւննե­րը ընդմիշտ ընդլայ­նել»։ Այս տո­ղերը փո­խառ­նուած են Ճեն­կիզ Աք­թա­րի սոյն բա­նախօ­սու­թեան փակ­ման առ­թիւ ար­տա­սանած ճա­ռէն։

Ինչպէս սո­վորա­բար, միշտ այս բա­նախօ­սու­թեան ալ բաց­ման ճա­ռը ար­տա­սանած էր Հրանդ Տինք Հիմ­նարկի նա­խագահ Ռա­քէլ Տինք։ Իրեն յա­ջոր­դած էին Օնուր Էօզ­սո­յի եւ Ճեն­կիզ Աք­թա­րի ու­ղերձնե­րը։ Ապա կա­յացած էր հա­մագու­մա­րի առա­ջին նիս­տը՝ հան­րա­ծանօթ վեր­լուծա­բան Ժի­րայր Լի­պարի­տեանի ժո­ղովա­վարու­դեամբ։ Այս նիս­տի ըն­թացքին Սէ­զայի Եազը­ճը, Լա­լէ Եալ­չըն Հէք­ման, Ֆլո­րեան Միւ­հըլֆրետ եւ Նա­յիֆ Ալի­պէյօղ­լու մեկ­նա­բանե­ցին Փակ սահ­մա­նի պատ­մա­կան ան­ցեալը։ Երկրորդ նիս­տը կը ծան­րա­նար սահ­մա­նամերձ քա­ղաք­նե­րու պատ­մութեան։ Այստեղ ալ Հ. Նե­շէ Էօզ­կե­նի ժո­ղովա­վարու­դեամբ Վահ­րամ Դա­նիէլեան, Ֆա­պիօ Սա­լոմո­նի, Սա­յաթ Թե­քիր եւ Մա­նուկ Աւե­տիկեան զե­կու­ցե­ցին ի մաս­նա­ւորի Կարս քա­ղաքը նիւթ ու­նե­նալով։ Ար­դա­րեւ սա­մանա­մերձ այս քա­ղաքը բազ­մա­թիւ աւան­դութիւններ կը պա­րու­նա­կէ մա­նաւանդ ալ իր բազ­մազգի յատ­կութիւ­նով։ Ի վեր­ջոյ Մա­նուկ Աւե­տիկեանի զե­կոյցն ալ կ՚անդրա­դառ­նար փակ սահ­մա­նադ­րան էզ­տի ժո­ղովրդի առօ­րեային մէջ ու­նե­ցած ազ­դե­ցու­թիւնը։ Եր­րորդ նիս­տի մէջ Վի­գէն Չը­թըրեան այս ան­գամ նիւթ կ՚առ­նէր սահ­մա­նադ­րան փակ ըլ­լա­լու գլխա­ւոր դրդա­պատ­ճա­ռը հա­մարուած Ղա­րաբա­ղեան հա­կամար­տութիւ­նը եւ Վահ­րամ Տէր Մատ­թէոսեան ալ նոյն խնդի­րը այս ան­գամ կը վեր­լուծէր Թուրքիա-Վրաս­տան ռազ­մա­վարա­կան գոր­ծակցու­թեան տե­սան­կունէն։ Չոր­րորդ նիս­տը ու­նէր միայն մէկ ատե­նախօս՝ Թո­մաս Տէ Վաալ, որ ինքնին Ղա­րաբա­ղեան հա­կամար­տութեան շրջագ­ծով մաս­նա­գէտ մըն է եւ ու­նի այս հա­կամար­տութիւ­նը ու­սումնա­սիրող բազ­մա­թիւ հրա­տարա­կու­թիւններ։ Հին­գե­րորդ նիս­տը աւե­լի կը հա­կի խնդրին տնտե­սական երե­սակին։ Այստեղ ժո­ղովա­վարն է Քե­մալ Քի­րիշ­չի։ Իսկ Լա­թիֆէ Աքեիւզ, Լիւ­լիւֆեր Քէօրիւքմեզ, Ուսսալ Շահ­պազ եւ Զիւմրիւթ Իմա­մօղ­լու զե­կու­ցե­ցին փակ սահ­մա­նադ­րան տա­րած­քաշրջա­նի ըն­կե­րատնտե­սական ազ­դե­ցու­թիւննե­րու շուրջ։ Վե­ցերորդ նիս­տը սահ­մաննե­րու հետ միասին մտայ­նութիւննե­րու ալ բաց ըլ­լա­լու անհրա­ժեշ­տութիւ­նը նիւթ կ՚ու­նե­նար եւ իր միտ­քը կը բա­ցատ­րէր Կար­սի մէջ մարդկու­թեան ձօ­նուած յու­շարձա­նի փլուզման նիւ­թը, կամ Իս­րա­յէլի եւ Յոր­դա­նանի սահ­մաննե­րու նիւ­թով ար­ձա­նագ­րած յա­ռաջըն­թա­ցը։ Գա­լուստ Կիւլպէն­կեան Հիմ­նարկի հայ­կա­կան բաժ­նի վա­րիչ Ռազ­միկ Փա­նոսեանի ժո­ղովա­վարու­թեամբ կա­յացող եօթե­րորդ նիս­տի ատե­նախօս­ներն էին Արաս Քո­ճայեան եւ Սթե­ֆըն Ուի­լեամ­սըն- Ֆա ու Պեն Ուե­լէր։ Քո­ճայեան խօ­սեցաւ սփիւռքա­հայու մը սահ­մա­նը հա­տելով արեւմտեան Հա­յաս­տան կա­տարած շրջա­գայու­թեան մա­սին։ Իսկ Ուի­լեամ­սըն- Ֆա ու Պեն Ուե­լէր սահ­մաննե­րու վե­րաբե­րեալ իրենց զե­կոյցը ներ­կա­յացու­ցին նիւթ առ­նե­լով կով­կա­սեան ժո­ղովուրդնե­րու ժո­ղովրդա­կան երաժշտու­թեան խնդիր­նե­րը։ Ու­թե­րորդ նիս­տի մէջ Մի­լենա Աբ­րա­համեան, Ուրպան Եաք­սա եւ Ֆի­լիպ Կա­մաղե­լեան զե­կու­ցե­ցին երի­տասար­դա­կան խնդիր­նե­րու շուրջ։ Վեր­ջին նիս­տը կը փոր­ձէր բաց սահ­մա­նադ­րե­րու ընդձե­ռելիք հնա­րաւո­րու­թիւննե­րը քննար­կել։

Մօտ 370 էջե­րէ բաղ­կա­ցող գիր­քը, բա­ցի զե­կոյցնե­րէ կը պա­րու­նա­կէ նաեւ ատե­նախօս­նե­րու կեն­սագրու­թիւննե­րու ամ­փո­փու­մը։

Հրա­տարա­կու­թեան գլխա­ւոր խմբա­գիրն է Ալ­թուղ Եըլ­մազ, որուն իբր վերստու­գող խմբա­գիր օժան­դա­կած է նաեւ Տեն­չա Քար­թուն։ Իսկ թարգմա­նու­թիւննե­րը կատ­րուած են բա­ցի Ալ­թուղ Եըլ­մա­զէ Պիւրքէմ Ճեվ­հէր, Ճան­սեն Մա­վիթու­նա եւ Ռէ­նան Աք­մա­նի կող­մէ։ 

«Կնքուած Դուռը Հայաստան-Թուրքիա Սահմանադրան Ապագան»
Հրանդ Տինք Հիմնարկի Հրատարակութիւն
Իսթանպուլ/ Դեկտեմբեր 2016
367 էջ