Պարտին ներողութիւն խնդրել

վարդան
էսդուգեան

Վարդան Էսդուգեան- Արամ Անտոնեան իր գրքին մէջ կ՚անդրա­դառ­նայ Նաիմ Պէ­յի յու­շե­րուն։ Ան­տո­նեան ի՞նչպէս կը ներ­կա­յաց­նէ զա­նոնք։

Թա­ներ Աք­չամ- Ան­տո­նեան Նաիմ Էֆէն­տիի յու­շագրու­թիւննե­րը եւ Թա­լեադ Փա­շայի հե­­ռագիր­­նե­­­րը կը հրա­­տարա­­կէ «Մեծ Ոճի­­րը» անուն գիր­­քին մէջ, 1920-ին։ Տա­­րի մը ետք հրա­­տարա­­կուե­­ցաւ գիր­­քին ֆրան­­սե­­­րէն եւ շատ թե­­րի անգլե­­րէն թարգմա­­նու­­թիւննե­­րով ամ­­փո­­­փու­­մը։ Ան­­տո­­­նեան գնած է այս փաս­­տա­­­թուղթե­­րը, ուր շուրջ 50 Օս­­մա­­­նեան փաս­­տա­­­ղուղթեր ըն­­դօ­­­րինա­­կուած են Նաիմ Պէ­­յի ձե­­րագ­­րով։ Ան Ան­­տո­­­նեանին տրա­­մադ­­րած է նաեւ 20 բնա­­գիր­­ներ, որոնցմէ 14-ի պատ­­ճէ­­­նը տե­­ղադ­­րո­­­ւած է հա­­յերէն հրա­­տարա­­կու­­թեան։

Վ.Է.- Իսկ ին­­չե՞ր կան հե­­ռագիր­­նե­­­րուն մէջ։

Թ.Ա.- Յատ­­կա­­­պէս Թա­­լեադ Փա­­շայի վե­­րագ­­րո­­­ւած կարգ մը հե­­ռագիր­­նե­­­րէն կը կար­­դանք հա­­յոց սպա­­նու­­թեան մա­­սին յստակ հրա­­հագ­­ներ։ Նշեմ որ այս հե­­ռագիր­­նե­­­րը միայն թո­­ւան­­շաննե­­ր» կը բաղ­­կա­­­նային, որուն պար­­զումը Նաիմ Պէյ կը նշէ իր յու­­շագրու­­թեան մէջ։

Վ.Է.- Ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւնը ու­­ռա­­­ցող­­նե­­­րը ի՞նչ կը պնդեն այս փաս­­տա­­­թուղթե­­րուն հա­­մար։

Թ.Ա.- Շի­­նասի Օրէլ եւ Սիւ­­րէյյա Եու­­ճա 1983-ին հրա­­տարա­­կեցին «Հա­­յոց կող­­մէ Թա­­լեադ Փա­­շային վե­­րագ­­րո­­­ւած հե­­ռագիր­­նե­­­րուն իրո­­ղու­­թիւնըէ անուն գիրք մը։ Իրենց առար­­կութիւ­­նը կա­­ռու­­ցե­­­ցին երեք սիւ­­նե­­­րու վրայ։ ա- Նաիմ Էֆեն­­տի կո­­չեալ պաշ­­տօ­­­նեայ մը չկար Օս­­մա­­­նեան պե­­տու­­թեան կազ­­մին մէջ։ բ- Գո­­յու­­թիւն չու­­նե­­­ցող մէ­­կը յու­­շագրու­­թիւն ալ չու­­նե­­­նար։ գ- Թա­­լեադ Փա­­շայի վե­­րագ­­րո­­­ւած ու այլ հե­­ռագիր­­նե­­­րը կեղծ են եւ յօ­­րինո­­ւած են Ան­­տո­­­նեանի ու այլ հա­­յոց կող­­մէ։ Այս վեր­­ջին վար­­կա­­­ծին հա­­մար ներ­­կա­­­յացու­­ցին 12 պատ­­ճա­­­ռաբա­­նու­­թիւններ։ Առա­­ջին տպա­­ւորու­­թիւն որ­­պէս, այս պնդումնե­­րը բա­­ւական հա­­ւաս­­տի գտնո­­ւեցան։ Միւս կող­­մէ Ան­­տո­­­նեան այս փաս­­տա­­­թուղթե­­րը իր հետ Փա­­րիզ տա­­րաւ եւ յանձնեց Պօ­­ղոս Նու­­պար Փա­­շայի անո­­ւան
գրա­­դարա­­նին, ուրկէ ան­­յայտ կոր­­սո­­­ւեցան 1950-էն ետք։ Օրէ­­լի եւ Եու­­ճա­­­յի գիր­­քը հա­­յոց ուղղեալ ատե­­լու­­թեան կա­­րեւոր գոր­­ծիքնե­­րէն մէ­­կը դար­­ձաւ եւ մին­­չեւ օրս ալ կը շա­­հագոր­­ծո­­­ւի նոյն նպա­­տակով։

Վ.Է.- Իսկ դուք կը հեր­­քէք Օրէլն ու Եու­­ճան եւ կը պնդէք որ յու­­շագրու­­թիւնը եւ հե­­ռագիր­­նե­­­րը կեղծ չեն։

Թ.Ա.-  Այո, Օրէ­­լի եւ Եու­­ճա­­­յի այս մա­­սին բո­­լոր պնդումնե­­րը սխալ են։ Այս նիւ­­թը ու­­սումնա­­սիրե­­լու ըն­­թացքին շատ կա­­րեւոր գի­­տելիք­­ներ եւ փաս­­տա­­­թուղթեր յայտնա­­բերե­­ցի։ Նախ սպա­­յակոյ­­տի ար­­խիւնե­­րէն յստա­­կօրէն ստու­­գե­­­ցի Նաիմ Էֆէն­­տի անուն Օս­­մա­­­նեան պաշ­­տօ­­­նեային գո­­յու­­թիւնը։ Իր ստո­­րագ­­րութեան բնա­­գիրը պա­­րու­­նա­­­կող փաս­­տա­­­թուղթ մը հրա­­տարա­­կուած է սպա­­յակոյ­­տի կող­­մէ, որ տե­­ղադ­­րած եմ գիր­­քիս մէջ։ Ստու­­գե­­­ցի նաեւ յու­­շագրու­­թիւնը, որուն ամ­­բողջա­­կան պատ­­ճե­­­նահա­­նու­­մը հրա­­տարա­­կած եմ գիր­­քիս մէջ։ Ան­­գամ մը եւս յայտնեմ թէ Օրէ­­լի եւ Եու­­ճա­­­յի այս մա­­սին բո­­լոր պնդումնե­­րը դի­­տումնա­­ւոր կեր­­պով սխալ են։

Վ.Է.- Գիր­­քի հրա­­տարա­­կու­­թիւնը ի՞նչ ազ­­դե­­­ցու­­թիւն կ՚ու­­նե­­­նայ ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան պատ­­մագրու­­թեան մէջ։

Թ.Ա.- Նաիմ Էֆեն­­տիի մը գո­­յու­­թիւն չու­­նե­­­նալը, յի­­շատա­­կարա­­նին յե­­րիւ­­րա­­­ծոյ, Թա­­լեադ Փա­­շայի հե­­ռագիր­­նե­­­րուն կեղծ ըլ­­լա­­­լը 1915-ին կա­­տարո­­ւած­­նե­­­րը ու­­ռա­­­ցող­­նե­­­րու կա­­րեւո­­րագոյն մի­­ջոցը եղած էր։ Այս գիր­­քով կը փլի իրենց կա­­ռու­­ցած սուտ աշ­­խարհը։ Ան­­շուշտ որ ու­­ռա­­­ցու­­մը որ­­դեգրած շրջա­­նակ­­ներ պի­­տի չփո­­խեն իրենց տե­­սակէ­­տը, բայց պի­­տի հար­­կադրո­­ւին նոր սու­­տեր հնա­­րելու։ Ի վեր­­ջոյ ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան ու­­ռա­­­ցու­­մը փաս­­տա­­­թուղթե­­րու բա­­ցակա­­յու­­թիւնով կամ ան­­բա­­­ւարա­­րու­­թեամբ չէ որ կը կա­­յանայ։ Քա­­ղաքա­­կան դիր­­քո­­­րոշում մըն է ան­­ցեալը ու­­ռա­­­նալ։ Ար­­դա­­­րեւ որ­­քան ալ շատ ըլ­­լան ան­­ցեալի իրո­­ղու­­թիւնը ապա­­ցու­­ցող փաս­­տե­­­րը եւ տո­­ւեալ­­նե­­­րը, անոնք այս բո­­լորը շրջան­­ցե­­­լով իրո­­ղու­­թիւնը մեր­­ժե­­­լու եղա­­նակ­­ներ եւ ձե­­ւեր պի­­տի գտնեն։

Այս պատ­­ճա­­­ռաւ ալ կը կար­­ծեմ թէ պե­­տու­­թեան տե­­սու­­թիւնը պաշտպա­­նող­­ներ պի­­տի շա­­րու­­նա­­­կեն իրենց գիտ­­ցած յան­­կերգը եր­­գե­­­լու։ Բայց այս գիր­­քը պատ­­մութեան վե­­րաբե­­րեալ սու­­տի պա­­տին կա­­րեւո­­րագոյն աղիւսնե­­րէն մէկն է, որ քան­­դեց հա­­նեց իր տե­­ղէն։ Պաշ­­տօ­­­նական տե­­սու­­թեան պաշտպա­­նները յետ այ­­սու Նաիմ Պէ­­յի յու­­շագրու­­թե­­­նէն, Թա­­լեադ Փա­­շայի հե­­ռագիր­­նե­­­րէն դուրս պատ­­րո­­­ւակ­­ներ թող փնտռեն։

Իմ բուն ակնկա­­լու­­թիւնս ու­­րիշ է։ Կը սպա­­սեմ որ նե­­րողու­­թիւն խնդրեն հա­­յերէն։ Այս յի­­շատա­­կարա­­նը եւ հե­­ռագիր­­նե­­­րը պատ­­րո­­­ւակե­­լով հա­­յոց ուղղեալ ատե­­լու­­թիւնը քրքրող­­նե­­­րէն կը սպա­­սեմ որ նե­­րողու­­թիւն խնդրեն։

Գիրքս կ՚ապա­­ցու­­ցէ թէ ոչ Ան­­տո­­­նեան եւ ոչ ալ ու­­րիշ ոեւէ հայ պատ­­մութիւ­­նը չեն յե­­ղադիւ­­րած։ Ան­­տո­­­նեան հրա­­տարա­­կած է այն ինչ որ իրեն տրա­­մադ­­րո­­­ւած է։ Ու­­րեմն 1983 թո­­ւակա­­նէն ցայ­­սօր ով որ այս գիր­­քին մի­­ջոցաւ հա­­յերը նա­­խատեց, պար­­տա­­­ւոր է նե­­րողու­­թիւն խնդրե­­լու։ Ես իմ հաշ­­ւոյս այդ նե­րողու­թիւնը զլա­ցող ոչ ոքի հետ այս նիւ­թը քննար­կե­լու հա­մար բանավէճի կը մտնեմ։ 

«Նաիմ Էֆենտիի յուշագրութիւնը եւ Թալեադ Փաշայի հեռագիրները»
Թա­ներ Աք­չամ
«Իլեթիշիմ»
Իսթանպուլ 2016,
278 էջ