սեւան տէյիրմենճեան
Ոստիկանական վէպերու հանդէպ հետաքրքրութիւնը միշտ ալ վառ է հասարակութեան մօտ։ Հայ գրականութեան մէջ ոստիկանական վէպերն ունին համեստ ներկայութիւն մը թէեւ, սակայն եղածն ալ կրցած է նուաճել ընթերցողներու մեծ քանակ մը (յիշենք Երուանդ Օտեանի թերթօն վէպերը, որոնք ժամանակին թրքերէնի ալ կը թարգմանուէին, ինչպէս նաեւ Նուպար Չարխուտեանի պատմուածքները)։
Ոստիկանական վէպ մը վերջերս ուշադրութիւնս գրաւեց ո՛չ միայն իր սեռին արձակած հմայքով, այլ՝ հերոսներուն ինքնութեան ու դիպաշարին աշխարհագրութեան բերումով։
Իզմիրցի վիպագիր Սուփհի Վարըմի «Զմիւռնիոյ ոճիրները» եռագրութեան երկրորդ գիրքը վերնագրուած է «Մղձաւանջ» (տպագրըւած Ապրիլ 2015-ին, Պոլիս)։ Վէպին իրադարձութիւնները կը պատահին ԺԹ դարավերջին, Իզմիրի հայկական թաղամասին՝ Հայնոցին մէջ։ 33-ամեայ Էտմոն Լէօպլան, որ ֆրանսացի գաղտի ոստիկան մըն է, Փարիզի մէջ անյաջող հետապնդում մը կատարած ըլլալուն պատճառով կը հեռացուի պաշտօնէն։ Կազդուրուելու նպատակով ան կ՚ուղեւորուի Իզմիր, ուրկէ կը սերէր Փարիզի իր մանկութեան ընկերուհի Նորային ընտանիքը։ Ֆրանսացի պաշտօնազուրկ ոստիկանը Իզմիրի մէջ կը հանդիպի մէկ այլ բարեկամի մը՝ տեղւոյն Ս. Լուսաւորչեան հիւանդանոցի անձնակազմէն բժիշկ Եդուարդ Փամուքեանին, զոր կը ճանչնար վերջինիս Փարիզի ուսանողական տարիներէն։ Լէօպլան Փամուքեանի միջնորդութեամբ կը ծանօթանայ փաստաբան Մասիս Նալպանտեանին. ան ֆրանսացի նախկին ոստիկանին աշխատանք կ՚առաջարկէ իր գրասենեակին մէջ։ Հետզհետէ Լէօպլան կ՚ընդարձակէ իր ծանօթներուն շրջանակը՝ այնտեղ ներառելով նաեւ քաղաքի մէջ բնակող ֆրանսացիները, որոնցմէ է օրինակ երաժիշտ Մարսել Ռոլին։
Ոստիկանական վէպերուն յատուկ միջավայրը անմիջապէս կը ստեղծուի՝ գլխաւոր հերոսը հետզհետէ կ՚առնուի երկրորդական կերպարներու ոստայնէն ներս, որ հիւսուած է Հայնոցի անձուկ փողոցներուն մէջ։ Նալպանտեանի գրասենեակի պաշտօնեան՝ Կարպիս Ֆըրընճեան, նշանածը՝ Պէաթրիս, դերձակուհի Մարիամ Տատրեան, որ կեղծ անձնագիրներ կը պատրաստէ ու «Արեւելեան մամուլ» կը կարդայ, Հայկանոյշ Քիւլճեան, որու պանդոկը միջոց մը կ՚իջեւանի մեր հերոսը, Գէորգ Տեմիրճեան, Յարութիւն ու Աղաւնի Պաքըրճեան, Պօղոս Քիլճեան, Հռիփսիմէ Տիրեքեան եւլն.։ Հայերու առընթեր կան քանի մը յոյներ, հրեաներ, ինչպէս նաեւ թուրքեր, որոնք սակայն պետական պաշտօնեայ են, առաւելաբար՝ ոստիկան։
Բազմաթիւ կերպարներէն ոմանք հետզհետէ կը սպաննուին կամ յարձակումի կ՚ենթարկուին, կը դաշունահարուին խորհրդաւոր պայմաններու ներքոյ։ Անյայտ ոճրագործին թիրախ կը դառնան նոյնիսկ փողոցային անասունները՝ շուներն ու կատուները։ Ընթերցողն ալ, կասկածն ու յուզումը սրտին, գլխաւոր հերոսին հետ միասնաբար, կը սկսի մնացեալ կերպարներուն մէջ փնտռել ոճրագործին ինքնութիւնը։
Հայ, յոյն, հրեայ, թուրք տեղացի կերպարներէն ոեւէ մէկը կրնար յայտնուիլ ոճրագործի աթոռին վրայ, սակայն վէպի աւարտին գլխաւոր հերոսը՝ Էտմոն Լէօպլան, մեծ զարմանքի կը մատնէ ամենքը, նաեւ ընթերցողը, երբ վստահութեամբ կը բացայայտէ ոճրագործին ինքնութիւնը, որ եւրոպացի եկուոր մըն է, ոչ տեղացի մէկը (չեմ ուզեր նշել անունը, թերեւս հետաքրքիրներ ուզեն կարդալ եւ անձամբ հետեւիլ զարգացումներուն)։
Հայանուն կերպարներու տողանցումը չէ միայն ոստիկանական այս վէպը ուշագրաւ ընծայողը կամ, եթէ կարելի է ըսել, զայն հայկականացնողը։ Պատումին հանգուցալուծումը անսպասելիօրէն ի յայտ կը բերէ ֆրանսացի հին ոստիկանին դիտելու ու տեսածը գնահատելու տաղանդը. ան կը նկատէ, որ յարձակումի կ՚ենթարկուին այն հայերը, որոնք Իզմիր գաղթած են Կեսարիայէն ու Սեբաստիայէն։ Ոճրագործը իր զոհը գրաւելու համար նախ թեթեւօրէն կը վիրաւորէր մանուկ մը՝ դաշունահարելով աչքը կամ վիզը։ Ան շատ լաւ տեղեակ էր, որ սեբաստացի Ս. Վլաս հայրապետը, որ ո՛չ միայն Եւրոպայի, այլ նաեւ Սեբաստիոյ ու Կեսարիոյ շրջակայքին համբաւեալ սուրբերէն մէկն էր, կը կրէր «կէօզ էվլիայասը» կամ «պողազ էվլիյասը» մականունը։ Զոհերը ունէին Ս. Վլասին առնչուող գաղտնիք մը, զոր, հակառակ իրենց ենթարկուած կտտանքներուն, չէին ուզեր բաժնել ոճրագործին հետ ու կը սպաննուէին։ Թէ ինչ էր այդ գաղտնիքը՝ կարելի է գիտնալ վէպի ընթերցանութեան ժամանակ։
Այսօր ո՛չ Հայնոցը, ոչ ալ իր բնակիչները կան։ Իզմիրի նման քաղաքի մը մէջ, որ քեմալական ազգայնականութեան միջնաբերդը կը հանդիսանայ տասնամեակներէ ի վեր եւ ուր այլախոհ ըլլալն իսկ լուրջ համարձակութիւն մը կը պահանջէ տակաւին, ողջունելի ստեղծագործութիւն մը մէջտեղ դրած է վիպագիր Սուփհի Վարըմ՝ անկախ այս գրական աշխատանքին ունեցած արժէքէն։ Ան ջանացած է կերտել անգոյ իրականութիւն մը։ Պատմութեան հանդէպ կարօտախտի մը նշանները ակներեւ են գիրքին մէջ. անցեալը, հակառակ ամեն ինչի, իտէալական վայր մըն է իրեն համար, բոլոր անոնք, որոնք ոչ եւս են՝ հայերը, յոյները, հրեաները, բարի ու համակրելի տիպարներ են, այնքան որ ոճրագործն իսկ օտար մըն է։ Հեղինակը վիպապաշտ մօտեցումով մը կրցած է վերակերտել անցեալը, հոգ չէ թէ էջին վրայ։
«Մղձաւանջ»,
Սուփհի Վարըմ,Իսթանպուլ,Ապրիլ 2015,
«Լապիրենթ» հրատարակչութիւն,
154 էջ