Հրանդ Տինքի սպանութեան դէպքի վայրը գտնուող տեսախցիկներու տեսագրութիւնները կրկին օրակարգի են, քանի որ հաւանականութիւն կայ, որ տեսագրութիւններուն մէջ յայտնուած մարդոցմէ քանի մը հատը ոստիկան զօրաց պաշտօնեաներ են։
«Էլ-Ճէզիրէ Թուրք»-ի տարածած տեղեկութեան համաձայն՝ դատախազութիւնը հեռախօսային զրոյցներէն պարզած է, որ Հրանդ Տինքի սպանութեան վայրը ոստիկան զօրաց 6 գործակալ եղած է, եւ կասկածներ կան, որ վերոնշեալ տեսագրութեան մէջ ոստիկան զօրաց 3 ներկայացուցիչ կ՚երեւան։
Դատախազութիւնը կասկածներ ունի, որ «Էլ-Ճէզիրէ»-ի հրապարակած տեսագրութիւններու մէջ երեւացող եռեակը կրնայ Օկիւն Սամասթի «օգնական-հսկիչը եւ հետեւողը» ըլլան։
Հետաքննութեան ընթացքին դատախազութիւնը Հեռահաղորդակցութեան եւ Կապի Նախարարութենէն պահանջած էր տրամադրել Տինքի սպանութեան օրը սպանութեան վայրը գտնուող բջջային հեռախօսներու ձայնագրութիւնները։ Բացայայտուած էր, որ ոստիկան զօրաց անդամներուն պատկանող 6 հեռախօսահամար սպանութեան վայրը գտնուած են։
Օկիւն Սամասթը իր վկայութիւններուն մէջ նշած էր, որ դէպքի օրը իրեն հետեւած են։ Այս տեղեկութիւններուն լոյսին ներքեւ դատախազութիւնը կրկին սկսած է ուսումնասիրել տեսագրութիւնները։
Կասկածները յատկապէս դէպքի վայրը գտնուող եւ Օկիւն Սամասթին հետեւող երեք հոգիի շուրջ են։ Դատախազութիւնը կասկածներ ունի, որ շրջակայքը զննող, յաճախ հեռախօսազրոյցներ իրականացնող եւ Օկիւն Սամասթին հետեւող երեք հոգին ոստիկան զօրաց հետախուզութեան աշխատակիցներ են։
Հետեւած են նաեւ Տինքի տունը
Հետաքննութիւնն ուսումնասիրած է նաեւ Հրանդ Տինքի՝ Պաքըրգիւղի բնակարանի շրջակայքէն կատարուած զանգերու ձայնագրութիւնները։ Այդ ձայնագրութիւնները շատ կարեւոր տեղեկութիւն կը պարունակեն։ Յայտնաբերուած է, որ Տինքի տան մօտակայքին գտնուած են ոստիկան զօրաց պատկանող քանի մը բջջային հեռախօսներ։ Այսպէսով ակնյայտ կը դառնայ, որ ոստիկան զօրաց ներկայացուցիչները Տինքի սպանութենէն առաջ հսկած են անոր տան շրջակայքը։