բագրատ էսդուգեան
Կրնա՞յ պատահիլ որ կեանքի պայմանները մարդը դնեն իր կամքէն բոլորովին հեռու հանգամանքի մը առաջ։ Դիտելով Յակոբ Մարթաեանի օրինակը «այո» կ՚ըսենք այս հարցումին։ Հայ մեծ բանասէր ու լեզուաբանը շատ աւելի մեծ հասարակութեան մը կողմէ կը ճանաչուի Ա. Տիլաչար անունով։ Նոյնիսկ ժխտողական եւ ուրացման գործին մէջ ամէն տեսակ բարոյականութենէ զուրկ մարդիկ այդ կրճատումն ալ աղաւաղելով զինք կը ներկայացնեն «Ատիլ Աչար»։ Յակոբ Մարթաեան արդէն իր մտաւորական կուտակումը ապահոված ակատեմական մըն էր երբ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քէմալի յատուկ հրաւէրով թողեց իր Սոֆիայի Համալսարանի պաշտօնը եւ եկաւ Թուրքիա։
Երիտասարդ հանրապետութիւնը որդեգրած էր բաւական արմատական ռազմավարութիւն մը, Օսմանեան Կայսրութեան հետ իր կապերը խզելու բերմամբ։ Պետութեան հիմնադիրները իրենց իսկ բացատրութեամբ վերջ տուած էին օսմանցիներուն թուրք հասարակութեան վրայ 600 տարի շարունակուող կեղեքումին եւ իշխանութեան։ Կ՚ուզէին կայսրութենէ ժառանգուած բոլոր արժէքներէն ձերբազատուիլ։ Այդ արժէքներուն գլխաւորներէնն էր լեզուն որ ճոխացած էր արաբերէն եւ պարսկերէն արմատներով ու կը կոչուէր օսմաներէն։ Մէկ կողմէ արեւմտականացման մարմաջը, միւս կողմէ օսմանեան մշակոյթէ հեռանալու ձգտումը պատճառ եղան որ նոր պետութիւնը հրաժարի աւանդական արաբերէն տառերէ եւ որդեգրէ լատինատառ գրելաոճը։ Այս հանգրուանին լաւ պատրաստուած մասնագէտներու կարիքը կը զգացուէր եւ Մուսթաֆա Քէմալ այդ պայմաններուն տակ Թուրքիա հրաւիրեց պատերազմի տարիներուն իրեն ալ թարգմանութիւն ըրած ծանօթ լեզուաբանը։
Յակոբ Մարթաեան ընդառաջեց այս հրաւէրին։ Այդ պահուն չեր կրնար կանխատեսել թէ շուտով վրայ պիտի հասնի մականունի օրէնքը եւ երկրի նախագահը իր շուրջի զանազան անուանի անձերու կարգին իրեն ալ պատշաճ մականուն պիտի շնորհէ։ Արդարեւ «Տիլաչար» մականունը իր լեզու բացող իմաստով բաւական ալ պատշաճ էր Մարթաեանին համար։ Բայց ազգայնական մտայնութիւնը չեր կրնար հանդուրժել Յակոբ անունին, ուստի իր հեղինակած բոլոր ուսումնասիրութիւնները լոյս տեսան «Ա. Տիլաչար» ստորագրութիւնով։ Յակոբ Մարթաեանին վստահուած էր պատուաբեր պաշտօն, բայց այդ պաշտօնն ալ պիտի ծառայէր լեզուագիտական, մատենագիտական, պատմագիտական իրողութիւններէ աւելի յերիւրածոյ պատմութեան մը կերտումին համար։ Այսպէս իր խմբագրապետութեամբ լոյս տեսնող «Թուրք Համայնագիտարան»ն ալ զուրկ մնաց հաւաստի աղբիւր մը ըլլալէ, զոհ դառնալով պետական քարոզչութեան։
Ահա այս պայմաններու մէջ անուանի բանասէրի ու լեզուաբանի մտաւորական կարողութիւնը ցոլացնելու ատակ գործ ըլլալով կը մնայ իր հայերէն ուսումնասիրութիւնը՝ «Համայնապատկեր Հայ Մշակոյթի»։ Այս խորագիրով ուսումնասիրութիւնը 1961 թուականէն սկսեալ թերթօնի ձեւով հրատարակուած էր «Մարմարա» օրաթերթի մէջ։
Այս ծաւալուն ուսումնասիրութիւնը Արամ Գամպուրեանի եւ Նայիրա Սիւզմէի խմբագրութեամբ վերջերս գիրքի ձեւով կը հրատարակուի Թրքահայ Ուսուցչաց Հիմնարկի կողմէ։ Ցարդ հրատարակուած չորս հատորներու վրայ եկաւ աւելնալու հինգերրորդ հատոր մը որ կը բովանդակէ հայ պատմութեան մէջ «խաւարի դարեր» անուանումով յիշուած ժամանակահատուածը որ կը զուգադիպի 1502-1715 թուականներուն։ Ինչպէս նախորդ հատորներոն մէջ այս հինգերրորդ հատորն ալ բազմաթիւ գիտելիքներ կը փոխանցէ հայ ժողովուրդին տուեալ ժամանակահատուածի մատենագրութեան, տաղերգութեան, գիտութեան, բժշկութեան, լեզուի, գեղարուեստի, զարդարուեստի, նկարչութեան, մանրանկարչութեան, քանդակի, թատրոնի, ուսման, տպագրութեան, եկեղեցական կեանքի եւ առհասարակ կենցաղի մասին։
Յակոբ Մարթաեան բացի «Համայնապատկեր Հայ Մշակոյթի» երկարապատում ուսումնասիրութենէ, հեղինակած է նաեւ գիրերու գիւտի 15-րդ դարադարձին ձօնուած «1500 ամեակի խոհեր» եւ «Աստուածաշունչը եւ աշխարհաբարը» անուն ուսումնասիրութիւնները։ Մարթաեանի գրական ու գիտական ժառանգը վերարտադրելու համար անհրաժեշտութիւն մը ըլլալով մեր առջեւ կը ծառանայ անոր անցեալի թերթերուն մէջ մնացած յօդուածները ի մի բերել եւ հրատարակել իբր ծառայութիւն նոր սերունդի լուսաւորման։
«Համայնապատկեր
Հայ Մշակոյթի Ե. Հատոր»
Յակոբ Մարթաեան Հրատարակութիւն
Ուսուցչաց Հիմնարկի
Իսթանպուլ, 2015
262 էջ