Հայաստանի նոր մարտահրաւէրները

Որքա՞նսերտենՀայաստան-Ռուսիայարաբե­րու­թիւննե­րը։Ի՞նչխոր­քեր ու­նին։

Բազ­մաբնոյթ են այդ յա­րաբե­րու­թիւննե­րը։ 1828-ին Արե­ւելեան Հա­յաս­տան Պարսկա­կան Կայսրու­թեան իշ­խա­նու­թեան տակ էր։ Ռու­սա­կան կայսրու­թիւնը ար­շա­ւեց այդ տա­րած­քը եւ Հա­յաս­տա­նը ազա­տագ­րեց։ Այդ շրջա­նէն ետք ալ Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին գի­տակ­ցութիւ­նը զար­գա­նալ սկսաւ։ Ցա­րական իշ­խա­նու­թեան օրով եւ ապա խորհրդա­յին տա­րինե­րուն ռու­սաց հետ բա­զում խնդիր­ներ ու­նե­նալով հան­դերձ, միշտ առ­կայ մնաց ռւու­սե­րու կող­մէ ազա­տուե­լու խոր­հուրդը։ Այս յա­րաբե­րու­թիւննե­րու պատ­մա­կան երե­սակն է։ Իսկ այժմու յա­րաբե­րու­թիւննե­րը կը ձե­ւաւորուին ռազ­մա­վարա­կան եւ զի­նու­րա­կան հա­մաձայ­նութիւննե­րու շուրջ։ 1993-էն այս կողմ նման հա­մագոր­ծակցու­թիւն մը կայ, որ քա­նի մը ան­գամ ալ վե­րատեսուած է։ Հա­յաս­տա­նի մէջ ռազ­մա­վարա­կան նշա­նակու­թիւն ու­նե­ցող ոլորտնե­րը ծա­խուած են ռուս գոր­ծա­տէր ըն­կե­րու­թիւննե­րու։ Ան­շուշտ կայ նաեւ մշա­կու­թա­յին գոր­ծօ­նը։ Արե­ւելա­հայե­րը վեր­ջին եր­կու դա­րերուն եւ­րո­պական ար­ժէքնե­րու եւ հա­մաշ­խարհա­յին գա­ղափա­րախօ­սու­թիւննե­րու հետ կը հա­ղոր­դուին ռու­սե­րէնով։ Հա­յաս­տա­նաբ­նակ բո­լոր հա­յերը ռու­սե­րէնի կը տի­րապե­տեն։ Իրենց հա­մար մշա­կոյ­թի լե­զու է ան, եւ որոշ նիւ­թեր ռու­սե­րէնով աւե­լի հեշտ կրնան ար­տա­յայ­տել, քան հա­յերէ­նով։ Տնտե­սական ճգնա­ժամի պատ­ճա­ռով բազ­մա­թիւ հա­յեր աշ­խա­տանք ճա­րելու հա­մար Ռու­սաստան կ՚եր­թան։ Բաղ­դատմամբ Եւ­րո­պայի կամ Ամե­րիկա­յի, շատ աւե­լի հեշտ է Ռու­սիա եր­թալ, քա­նի որ լե­զուին կը տի­րապե­տեն եւ վի­զայի հար­կադրու­թիւն չկայ։ Գա­ցող­նե­րէն ոմանք մեծ յա­ջողու­թիւններ ար­ձա­նագ­րե­ցին։ Բա­ցի այդ, Հա­յաս­տան կ՚ան­դա­մակ­ցի կարգ մը մի­ջազ­գա­յին դաշ­ինքներու, որոնց առաջ­նորդը կամ ան­դամ է նաեւ Ռու­սիան։ Եր­կու եր­կիրնե­րու մի­ջեւ յա­րաբե­րու­թիւնը ան­շուշտ որ ան­թե­րի համ հա­ւասար չէ։ Շատ ան­գամ Ռու­սիոյ Դաշ­նութիւ­նը իր կամ­քը կը պար­տադրէ Հա­յաս­տա­նին։ Բազ­մա­թիւ հա­յեր դժգոհ են ռու­սե­րու վե­րաբե­րու­մէն, բայց կաս­կած չկայ որ Հա­յաս­տան դեռ եր­կար տա­րիներ պի­տի շա­րու­նա­կէ Ռու­սիոյ հետ դաշ­նա­կից մնա­լու։

Հա­յաս­տանփոք­րիկեր­կիր մընէ, բայցըստերե­ւոյ­թիշատկա­րեւոր էՌու­սաս­տանիհա­մար։Ի՞նչպէսկըբա­ցատ­րէքայսերե­ւոյ­թը։

Խորհրդա­յին տա­րինե­րուն Հա­յաս­տան-Թուրքիա սահ­մա­նը միաժա­մանակ հա­մայ­նա­վար եր­կիրնե­րու Հիւ­սիս Ատ­լանտեան Դա­շին­քի հետ սահ­մանն էր։ Այ­սօր ալ՛ թէեւ սահ­մա­նը փակ է, բայց կը խորհրդանը­շէ «ՕԹԱՆ»-ի գե­րակշռած տա­րած­քը եւ Ռու­սիոյ գե­րակշռած տա­րած­քը։ Վրաս­տան դէ­պի արեւմտեան ար­ժէքներ եւ «ՕԹԱՆ» կը հա­կի։ Ատրպէյ­ճան կը փոր­ձէ որոշ հա­ւասա­րակշռու­թիւններ պա­հել։ Իսկ Հա­յաս­տան Ռու­սիոյ ամե­նավստա­հելի դաշ­նա­կիցն է։ Պէտք չէ մոռ­նալ թէ Հա­յաս­տան Թուրքիոյ եւ Մի­ջին Արե­ւել­քի դէմ զի­նուո­րական խա­րիսխ ու­նե­նալու ամե­նամօտ եր­կիրն է։ Թէեւ Ռու­սաստան եր­կար տա­րիներ հե­ռու կե­ցած էր յար­ձա­կողա­կան ար­տա­քին քա­ղաքա­կանու­թե­նէ, բայց իբ­րեւ ամ­րոց պա­հած էր Հա­յաս­տա­նի իր զօ­րագունդը։ Այժմ երբ Նա­խագահ Փու­թին կը որ­դեգրէ շատ աւե­լի աշ­խոյժ ար­տա­քին քա­ղաքա­կանու­թիւն մը, այդ զօ­րագունդը բո­լորո­վին կա­րեւոր կը դառ­նայ։ Այս բո­լորէն վեր, Ռու­սաստա­նի ազ­գե­րու մէջ հա­յերը ամե­նանու­րեալն են։ Վեր­ջա­պէս Ռու­սիոյ հայ­կա­կան սփիւռքը ամ­բողջ աշ­խարհի տա­րած­քին մե­ծագոյն սփիւռքն է, որ բնակ­չութիւ­նով կը գե­րազան­ցէ նոյնիսկ Հա­յաս­տա­նը։

Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նակից են Իրան եւ Թուրքիա, ուր վեր­ջերս կա­րեւոր զար­գա­ցումներ կան։ Օրի­նակ Իրան եւ Ամե­րիկա կը մեր­ձե­նան իրա­րու։ Միւս կող­մէ Թուրքիա կը հե­ռանայ արեւմտեան աշ­խարհէն եւ կը մատ­նուի քա­ղաքա­կան ճգնա­ժամի։ Այս զար­գա­ցումնե­րը ի՞նչ ազ­դե­ցու­թիւն կը գոր­ծեն Հա­յաս­տան- Ռու­սիա յա­րաբե­րու­թիւննե­րուն։

Եթէ Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին քա­ղաքա­կանու­թիւնը ճշդող­նե­րը լաւ ռազ­մա­վարու­թիւններ մշա­կեն, կրնան կա­րեւոր ձեռքբե­րումներ ապա­հովել մա­նաւանդ Իրա­նի մի­ջոցաւ։ Կրնան միջ­նորդել կարգ մը շա­հու­թա­բեր ոլորտնե­րուն Ռու­սիոյ եւ Իրա­նի հա­մագոր­ծակցու­թեան։ Իսկ Թուրքիոյ հետ հիմ­նա­կան խո­չըն­դո­տը փակ սահ­մանն է, որ ամ­բողջո­վին կա­խեալ է Թուրքիոյ քա­ղաքա­կանու­թենէն։

Հա­յաս­տան-Ռու­սիայա­րաբե­րու­թիւննե­րունվրայԹուրքիաեւԱտրպէյ­ճանի՞նչազ­դե­ցու­թիւնու­նին։

Հա­յաս­տան Կով­կա­սի եւ Մի­ջին Արեւել­քի մէջ իր գո­յու­թիւնը յա­րատե­ւօրէն պա­հած քրիս­տո­նեայ երկիր մըն է։ Պատ­մա­կան գոր­ծօ­նը չենք կրնար ան­տե­սել։ Հա­յերը միշտ վախ­ցած են Բան­թուրքա­կան թու­րա­նի տես­լա­կանէն։ Քար­տէ­սին նա­յելով կը տես­նենք թէ, Հա­յաս­տան կը գտնուի Թուրքիան եւ Ատրպէյ­ճա­նը իրար­մէ ան­ջա­տող դիր­քի մէջ։ Եթէ Հա­յաս­տան հոն չըլ­լար, տես­լա­կանօ­րէն մին­չեւ Կաս­պից Ծո­վի հան­դի­պակած ափե­րու թրքա­կան ցե­ղերը դիւ­րաւ պի­տի միանա­յին իրա­րու։ Թէեւ այ­սօր իրա­ւացի չէ այդ երա­զը, բայց հա­յերը նման սպառ­նա­լիքը պի­տի զգան որ­քան ատեն որ բա­րեացա­կամ քայ­լեր չառ­նուին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյ­ճա­նի կող­մէ։

Հայ­կա­կանսփիւռքըինչպէսկըդի­տէՀա­յաս­տան-Ռու­սիայա­րաբե­րու­թիւննե­րը։

Ամե­րիկա­հայե­րը աւան­դա­բար կը զօ­րակ­ցին Հա­յաս­տան-Ռու­սիա հա­մագոր­ծակցութեան։ Բայց Հայաստանի նոր սե­րունդը արեւմտեան գի­տելիք­նե­րու եւ ճար­տա­րագի­տու­թեան առու­մով եւս ակնկա­լու­թիւններ ու­նի։ Կը տես­նեն երկրէ ներս օլի­կարխնե­րու իշ­խա­նու­թեան ան­պա­տեհու­թիւննե­րը։ Կը փոր­ձեն երկրի ճա­կատագ­րին ազդել։ Այս դիրքին մէջ Հայաստան, թէ կը շարունակէ Ռուսաստանի հետ համագործակցիլ, եւ թէ ԱՄՆ-ի եւ ԵՄ-ի հետ արդիւնաւետ ոլորտներ մշակել։

 

Kategoriler

Հայերէն