Ինչպէս որ նախատեսուած էր Ցեղասպանութեան դարադարձին առթիւ կազմակերպուած միջոցառումները կը շարունակուին Ապրիլ ամիսէն ետք ալ։ Այս ծիրէն ներս 15 Հոկտեմբեր Հինգշաբթի օր Ժընէվի մէջ կայացաւ ասուլիս մը, նիւթ ունենալով պոլսահայ մամուլի անցեալն ու ներկան։ Ասուլիսը կազմակերպուած էր ցուցահանդէսի մը շրջագծով։ Խումբ մը ակադեմականներ ուսումնասիրած էին Զուիցէրիական մամուլի 1915-ին պատկանող օրինակները եւ անոնց մէջէն դուրս բերած ցեղասպանութեան մասին զանազան լրատուութիւններ։ Այս բոլորը համադրած էին «Ֆրակմաններ» ընդհանուր խորագիրով եւ այդ թիւերու պատճէնները ներկայացուցած էին ժողովուրդի ուշադրութեան։ Ցուցադրութեան տեւողութեամբ կազմակերպուած էր զանազան ասուլիսներ, որոնցմէ մէկն էր նաեւ պոլսահայ մամուլի այժմու իրավիճակը պարզելու ձօնուած այս վերջինը։ Նիւթը ներկայացնելու համար Իսթանպուլէն հրաւիրուած էին «Ժամանակ» թերթի խմբագիր՝ Արա Գօչունեան եւ «Ակօս»ի հայերէն էջերու խմբագիր՝ Բագրատ Էսդուգեան։ Նկատի ունենալով կազմակերպիչներու նախասիրութիւնը Արա Գօչունեան իր խօսքը ներկայացուց ֆրանսերէն գրաւոր պատճէնի մը ընթերցումով։ Իսկ Բագրատ Էսդուգեան արտայայտուեցաւ հայերէնով, որ թարգմանուեցաւ այս նիստի ժողովավար Վիգէն Չըթըրեանի կողմէ։ Արա Գօչունեան իր ելոյթին մէջ նախ վեր առաւ նման միջոցառման մը կազմակերպուած ըլլալուն մասին իր տպաւորութիւնը։ Ան յիշեց որ ներկայ դրութեան մէջ իսթանպուլահայ մամուլը իր գոյութիւնը շարունակելով անցեալը կը շաղկապէ ներկային։ «Թրքահայ մամուլը այսօր ոչ միայն հայելին կամ ձայնն է մեր համայնքին, այլ նաեւ առանցքային գործօն մը, որ կը պայմանաւորէ անոր երթը»։
Բագրատ Էսդուգեան հայ պարբերական մամուլը ներկայացուց վերջին աւելի քան երկու հարիւր տարիներու ընկերատնտեսական, պատմական ու քաղաքական ալեկոծումներուն թելադրած նոր հրամայականներու առկայութեան դիտանկիւնէն։ Այսպէս ան թուեց Մատրասի մէջ «Ազդարար»ի հրատարակութեան տեղի տուող ընկերատնտեսական զարգացումները։ Ապա գրաւոր մամուլի դերակատարութիւնը հայ ժողովուրդի լուսաւորման տարիներուն, յետեղեռնեան շրջանի եւ մանաւանդ ներկայ պայմաններու տակ։ Ուրեմն պատահականութիւններ չեն թերթերու հիմնարկութեան եւ ծաւալման տարեթիւերը։ Իւրաքանչիւրը ունի իր գոյութիւնը իմաստաւորող յատկութիւններ։ Այս բոլորին մէջ Էսդուգեան տեղադրեց նաեւ «Ակօս»ի այսօրուան իմաստը։ Այսօր «Ակօս» իր հրատարակութիւնով, ո՞ր պահանջներն է որ կը գոյացնէ, կամ ի՞նչ կը նշանակէ «Ակօս»ի բացակայութիւնը։
Երկու ելոյթներէն ետք ներկաները շահեկան հարցումներով աւելի ընդլայնեցին զրոյցի դաշտը յատկապէս հասկնալ փորձելով իսթանպուլահայ ներկայ մարտահրաւէրները եւ անոնց դէմ արտադրուած փոխադարձ պատասխանները։