Հալէպի ճակատագիրը առկախ մնացած էր Սուրիական պատերազմին առաջին օրէն ի վեր։ Անցնող ամիս, երբ Թրքական օդուժը սկսած էր գործողութիւններ կատարել Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ, խօսքեր տարածուած էին, որ Անգարա-ԱՄՆ համաձայնութիւն մը գոյացած է, չափաւոր օդային ապահով տարածք ստեղծել Հալէպի հիւսիսէն մինչեւ Թրքական սահմանը երկարող Ճարապլուսի տարածքին վրայ, սակայն այս ծրագիրը տակաւին գործի չդրուած անհեթեթ դարձած էր Ռուսական օդուժի միջամտութենէն ետք։
Հալէպը էր եւ տակաւին կը մնայ Սուրիական ընդդիմութեան համար ամենէն կարեւոր կռուաններէն մէկը, որուն կէսէն աւելի գրաւելով, մեծ տնտեսական եւ հասարակական շահեր կարելի եղած էր ապահովել։ Անցեալ Ուրբաթ օր, Ռուսական օդուժի եւ Իրանական բանակի աջակցութեամբ, Սուրիական բանակը մեծ յաջողութիւններ սկսած է արձանագրել Հալէպի տարածքին։ Մէկ կողմէն թիրախ առնելով կտրել Հալէպ-Իտլէպ մատակարարման գիծը, միւս կողմէն բանակը կը փորձէ հապճեպ յաջողութիւններ արձանագրել քաղաքի տարածքին։
Ըստ Լիբանանեան Մայատին հեռատեսիլին, Հալէպի հարաւը աշխոյժ եղող Չեչեն եւ Թուրքմէն միաւորներ սկսած են լքել իրենց դիրքերը, այս լուրը Թրքական լրատուամիջոցներուն մէջ ալ արտացոլած է, նշելով որ Սուրիական բանակի գործողութիւններ կատարած տարածքներէն նոր գաղթականներու ալիքներ կրնան հասնիլ Թուրքիա։ Բան մը, որ չի բացառուիր, մանաւանդ նկատի առնելով Սուրիական բանակի մարտավարութիւնը, ամբողջովին պարպել այն տարածքները, ուր հաւանականութիւն կայ, որ հակառակորդներ թաքնուին։
Միւս կողմէ, զանազան հայկական լրատուամիջոցներ կը փոխանցեն հալէպահայերուն յոյսերը, թէ պատերազմը կը մօտենայ իր աւարտին։ Ռուսական օդուժի գործողութիւններուն հետ միասին վերջին օրերու դէպքերը նոյնիսկ կարգ մը Հայաստան հաստատուած հալէպահայերու առիթ տուած են մտածել վերադառնալ իրենց քաղաքը։ Անդին, ուրիշներ կը պնդեն թէ Ռուսական գործողութիւններուն առաջին հակահարուածը պիտի ստանան հայերը Հալէպի մէջ։ Պէտք է նշել որ անցեալ շաբաթ օր, գործողութիւններու սկսելուն յաջորդ օրը, հայաշատ թաղերու վրայ ինկած են ռումբեր, եւ որուն զոհ գացած են հայ ընտանիքի մը երկու անդամներ, մայր ու զաւակ։ Սակայն ընդհանուր առմամբ, հալէպահայերու գաղթի նոր ալիք մը չի ակընկալուիր, մանաւանդ նկատի առնելով, որ Հալէպէն գաղթողները պիտի ըլլան արուարձաններու բնակիչներ եւ ոչ թէ քաղաքամիջի։