Իսթանպուլի Դատախազութեան Ահաբեկչութեան եւ Կազմակերպուած Յանցագործութիւններու Գրասենեակի դատախազներէն Կէօքալփ Քէօքչիւ Տինքի ոճիրի հարցաքննութեան մասին ամբաստանագիրը յղեց Գլխաւոր Դատախազութեան վաւերացումին։
Պատրաստուած հարցաքննութեան թղթածրարին մէջ մեծամասնութիւնը պետական պաշտօնեաներէ բաղկացող, 25 կասկածելիներու անունը կը յիշուի։ Նախապէս ամբաստանուած եւ բերման ենթարկուած հինգ կասկածելիներ ազատ արձակուած էին։ Այժմ, այս նոր թղթածրարով անոնց ձերբակալութիւնը կը պահանջուի։ Նոր թղթածրարին մէջ պետական պաշտօնեաները «ծրագրելով մարդասպանութիւն», «կազմակերպութիւն հիմնել, վարել եւ անդամակցիլ», «թերացումի միջոցաւ դիտումնաւոր մարդասպանութիւն» ու այլ մեղադրանքներով կ՚ամբաստանուին։ Այստեղ նշուած անունները ոճիրին գործուած օրէն սկսեալ փաստաբաններու կողմէ մատնանշուած էին։ Սակայն կառավարութիւնը շատ երկար ժամանակ «պետական պաշտօնեաներու դատավարութեան մասին օրէնք»ի ընծայած իրաւունքը օգտագործելով արգելք եղաւ իր պաշտօնեաներուն հարցաքննութեան։ Սակայն վերջերս, երբ ԱՔՓ-ի շրջանակները անխնայ կռիւի մը մտած են Ֆէթուլլահ Կիւլէնի շարժումին դէմ, Հրանդ Տինքի ոճիրի խնդիրն ալ այդ կռուին գործիքներէն մէկը կը դառնայ։ «Կիւլէնական» համարուած ոստիկանները մի առ մի կը յայտնուին դատարանին առջեւ։
Իրաւապաշտպանները այս անուններու բերման ենթարկուիլը դրական զարգացում մը ըլլալով նշելէ ետք, կը յիշեցնեն թէ ցանկը տակաւին կիսաւարտ է եւ իրենք եւս անուններու հարցաքննութիւնը պիտի պահանջեն։